Երեք տարուան կեանք ունի «Բագին» ամսագիրը: Բեղուն կեանք մը: Երեք տարի անընդհատ, ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ, ամէն ամիս կը հասնի ընթերցողին, յիշեցնելու համար, որ տեղ մը գրականութեան նուիրուած, գրականութեամբ ապրող, գրականութիւնը իրենց մեծագոյն կիրքը ըրած խանդավառ եւ ինքնամոռաց տղաք կան, որոնք սփիւռքի դժնդակ պայմաններուն մէջ կը ծառայեն գեղեցիկ դպրութեան:

«Բագին» երբեք յուսախաբ չէ ըրած ընթերցողը: Աւարտած ենք ընթերցումը ափսոսանքով ու յաջորդ թիւին մեր սպասումը եղած է աւելի ուժգին: «Բագին», արդարեւ, երեք տարուան իր գոյութեան կարճ շրջանին իսկ կրցած է ինքզինք դարձնել սփիւռքի մտաւորական կեանքի ամէնէն հարազատ հայելին: Հոն կը գտնենք ճաշակը, մտահոգութիւնները, ակնկալութիւնները, զայրոյթը երբեմն ու տագնապը յաճախ մեր կեանքը խորութեամբ ապրող մտաւորական ընտրանիին: Ընթերցողը էջ առ էջ կը թերթատէ սփիւռքի այս սրտառուչ գիրքը ու սքանչացումով կը յամենայ այն ազնուական նուիրումին առջեւ, որուն կենդանի վկան է «Բագին»: Սփիւռքի հայ արուեստագէտն ու մտաւորականը ունեցան իրենց բեմը: Ծանօթ ու սիր- ւած անուններ հաւաքուեցան այդ բեմին շուրջ ու հնարաւորութիւն ունեցան իրենց մտածումներն ու ապրումները հաղորդելու ընթերցող լայն զանգուածներուն: Այսօր, համաձայն խըմբագրութեան յայտարարութեան, «Բագին» գլած անցած է ամէնէն լաւատես ակնկալութիւններն իսկ, իր երկու հազարէ աւելի սպառումով, ինչ որ իր նախընթացը չունի արտասահմանի մեր պայմաններուն մէջ: Հոն կը գտնենք մեր ներկայ գրականութեան ամէնէն փայլուն, կենսունակ եւ սիրելի դէմքերը՝ Համաստեղ, Ն. Պէշիկթաշլեան, Արամ Հայկազ, Հ. Զարդարեան, Ն. Սարաֆեան, Կ. Սասունի, Եդ. Պոյաճեան, Պ. Սնապեան, Մ. Իշխան, Ա. Երկաթ, Յ. Գեղարդ, Լ. Մկրտչեան եւ կշիռ ունեցող բազմաթիւ մտաւորական այլ ուժեր: Թերթին անձնակազմը եւ մտաւորական այս շրջապատը զօրաւոր գրաւականն են անոր որակին եւ երաշխիքը՝ անոր յարատեւման: Այս բոլորին զուգահեռ է նաեւ ամսագրին հրատարակչական ձեւը: Գեղատիպ կողք, բծախնդիր ճաշակ: