- Մարգարիտը կը գտնուի ծովերուն եւ երբեմն ալ գետերուն մէջ։ Սակայն, փաստուած է, որ կը գտնուի նաեւ լեռներու վրայ՝ հրաբխային ծագումով։ Արագածի վրայ գոյութիւն ունի հրաբխային քար մը, որ շատ կը նմանի մարգարիտին եւ, այդ իսկ պատճառով, գիտնականները այդ քարը անուանած են «փեռլիթ» ֆրանսական փեռլ ¬ մարգարիտ բառէն։ Իր արտաքին տեսքով այս քարը ամուր, ծակոտկէն, մոխրագոյն, բաց մոխրագոյն, սպիտակ, երբեմն ալ գորշագոյն է։ Երկուքէն չորս տոկոսը ջուր է, իսկ 72-էն 76 տոկոսը՝ կայծքարահող։ Բայց «փեռլիթ»ը բոլորովին անսովոր յատկութիւն մը եւս ունի, հազարէն հազար¬հարիւր ջերմաստիճանի վրայ տաքցնելու պարագային կը վերափոխուի՝ կը սկսի ուռիլ, փքիլ եւ կþաւելնայ անոր ծաւալը՝ մինչեւ 16 անգամ։ Փեռլիթը թեթեւ շինանիւթ է։ Անով կարելի է լեցնել պատերուն տաքութիւնը մեկուսացնող ծակերը։ Անով կարելի է պատրաստել տաքութիւնը մեկուսացնող առարկաներ, ինչպէս նաեւ ծեփել պատերը։ Խորհրդային Միութեան մէջ Փեռլիթի ամէնէն մէջ հանքը կը գտնուի Արագածի հարաւ¬արեւմտեան լանջերուն վրայ։ Հանքը ունի 25 քիլոմեթր տարածութիւն։ Հայաստան, Արագածի հանքով, կրնայ բաւարարել Խորհր. Միութեան փեռլիթի պահանջը։ Միեւնոյն ատեն, Արագածի փեռլիթին որակը անհամեմատ շատ աւելի բարձ է Խորհ. Միութեան փեռլիթի միւս տեսակներէն։ Այժմ, գործարան մը կը շինուի Արագածի հանգին մօտերը։ Գործարանը մեծ հեռանկարներ ունի։

- Լենինականի մէջ գտնուող Երկրաբանագիտութեան հիմնարկութիւնը, պատրաստած է նոր ձեւի երկրաշարժի գործիքներ, որոնք պիտի ստուգեն մեծ երկրաշարժներուն տարողութիւնը։ Նոր գործիքները պիտի զետեղուին Բիւրականի, Ջերմուկի եւ նոր հիմնուելիք երկրաշարժի կայաններուն մէջ։