- Հայաստանի մէջ ձայնասփիւռի առաջին կայանը շինուած է 1926ին։ Հաղորդումներու ծիրը Արարատեան դաշտավայրէն անդին չէր անցներ այն ատեն։ Ներկայիս, գոյութիւն ունին քանի մը զօրաւոր կայաններ, որոնք կþաշխատին երկար, միջին, կարճ եւ գեր-կարճ ալիքներով։

- Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, որ քարոզ մը խօսելով նախ բացատրեց Հոգեգալստեան իմաստը եւ ապա՝ վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ դերը

- Հայաստանի «Հայֆիլմ»ի սթիւտիոները առաջին անգամ ըլլալով ֆիլմի պիտի վերածեն դասկան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի գործերը։ Սենարիոն ու բեմադրութիւնը ստանձնած է ազգային օփերայի բեմադրիչ Հրաչեայ Գափլանեան, որ սինեմայի մէջ մուտք գործած է

Աթէնքի «Քենտրիքոն» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման տարեդարձի փառաշուք հանդիսութիւնը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 1500 աթէնահայեր։ Ոգեւոր էր մթնոլորտը եւ բարձր տրամադրութիւնը

Կիրակի 30 Մայիս առաւօտեան ժամը 9։30էն սկսեալ, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ մասնաճիւղերու եռանդուն ներկայացուցիչները հաւաքուած էին Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահը։ Երեսունըութերորդ անգամ ըլլալով, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչը