Կիրակի 30 Մայիս առաւօտեան ժամը 9։30էն սկսեալ, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ մասնաճիւղերու եռանդուն ներկայացուցիչները հաւաքուած էին Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահը։ Երեսունըութերորդ անգամ ըլլալով, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչը կանոնաւորաբար ունեցաւ իր տարեկան Գերագոյն Ժողովը, մասնակցութեամբ շրջանի բոլոր մասնաճիւղերու պատգամաւորներուն։ Թէ ի՜նչ մոգական ուժ է, որ իրարու կը կապէ այս կանացի կազմակերպութեան անդամ¬անդամուհիները, կը բաւէ տեսնել բոլորին համակրելի ու խանդավառ դէմքերը, հասկնալու համար որ մակերեսային ու պարտադիր աշխատանք չէ՛ որ լծուած են մեր սքանչելի հայուհիները։ Ամէն անգամ, երբ առիթը կþունենանք հանդիպելու անոնց սիրելի դէմքերուն, կարծես նոր թարմութիւն ու աշխոյժ կը գտնենք իրենց արտայայտութեանց մէջ։ Անշէջ բոց ու չցամքող աղբիւր է մեր կազմակերպութիւնը սնուցանող ոգին, որովհետեւ յիսնամեակ բոլորող եւ անցնող գործունէութիւն մը ի՛նքն իր ծոցէն է որ ծնունդ կուտայ նոր բոցավառումի, նոր խոյանքներու։ Ներկայ էին բոլոր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, թէ՛ իրաւասու, թէ՛ խորհրդակցական ձայներով.- Ֆիքսէն, Գոքինիայէն, Գարէա¬Կեսարիանիէն, Գալիթէա¬Մոսխաթօ¬Ծիծիֆիէսէն, Թամպուրիա¬Լիբազմայէն եւ Աթէնքէն։ Նմանապէս ներկայ էին վարժարաններու տնօրէնները։ Դիւանի նախագահ ընտրուեցաւ ընկ. Կ. Մինասեան եւ քարտուղարուհի ընկ. Փ. Կիւզէլեան։ Բոլոր տեղեկագիրներն ու հաշուեկշիռները խնամուած էին ու հաշուեքննիչ մարմիններու կողմէ վաւերացուած։ Բոլորն ալ իրենց գործունէութիւնը Պատգ. ժողովին ներկայացնելով, կը սպասէին թելադրանքներու, դիտողութիւններու եւ քննադատութիւններու, որոնք կþընդունուէին համեստօրէն եւ առանց բողոքի, եւ ի վերջոյ, եթէ արժանի էին՝ գնահատանքի ու քաջալերանքի։ Անդամուհիները իրենց լաւագոյն կարողութիւնները տրամադրած էին այս նուիրական գործին, որուն նպատակը ¬ ինչպէս ծանօթ է բոլորին ¬ եղած է այնքան ազնիւ եւանշահախնդիր, այսինքն, օգնել հիւանդներու, չքաւորներու եւ մանաւանդ կրթական գործին։