- Ամերիկեան ծերակոյտին մէջ Մասեչուսէց նահանգի ծերակուտական Ֆիլպին Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ հետեւեալ ճառը խօսած է.- 50րդ տարեդարձին առթիւ վայրագ եւ անասելի հայկական ջարդերուն, որ այնքա՜ն ահռելի եւ ընդվզեցուցիչ են մարդկութեան խղճմտանքին, յարմար է, որ Ներկայացուցչական տունը դադար առնէ՝ անգամ մըն ալ ծանօթանալու այս սարսափեցուցիչ փորձառութեան, որ այնքա՜ն անգթօրէն գործադրուած է անօգնական եւ աստուածավախ հայ ժողովրդին վրայ: Այս ահռելի դէպքը, որքան որ անցեալին կը պատկանի, երբեք պիտի չմոռցուի՝ ո՛չ հայ ժողովրդին կողմէ, որ անգթօրէն ենթարկուեցաւ այդ անասելի եւ անհաւատալի ողբերգութեան, ո՛չ ալ աշխարհի իրենց շատ մը բարեկամներուն կողմէ: Այս մեծ ժողովուրդը ոչ մէկէ երկրորդ կը մնայ՝ իր աստուածասիրութեամբ, ընտանեսիրութեամբ, մարդասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ նուիրումով ամենաբարձր խորհուրդներու եւ գործադրութեամբ օրինաւոր ազատութեան… Պէտք է հոս յայտնեմ, որ Ա. Աշխարհամարտին Հայաստանի քաջ ժողովուրդը որեւէ ուրիշ պատերազմող ժողովուրդէ աւելի տառապեցաւ: Անոնք ոչ միայն զրկուեցան իրենց աշխարհային ստացուածքներէն, այլ եւ զոհ տուին Թուրքիոյ երկու միլիոն հայերու կէսէն աւելին, ահռելի գազանութեան եւ անգթութեան պարագաներու տակ… Անոնք տուած են Ամերիկայի լիութիւնը եւ ճոխութիւնը իրենց հին մշակոյթին: Անոնք շահած են մեր մէջ յարգանքը եւ հիացումը, որ վերապահուած է անոնց, որ կ՛ապրին,  կը գործեն եւ կը ծառայեն պատուով, կենսունակութեամբ հաւատարմութեամբ եւ հաստատամտութեամբ: Ասոնք շահած են նաեւ մեր սէրը, եւ մենք կը ցաւինք իրենց համար: Կ՛ուզեմ յանձնարարել հայ ժողովուրդը եւ անոր առաջնորդները, իրենց համբերութեան եւ հանդուրժողութեան, եւ այլ հիանալի առաքինութիւններուն համար, զորս ցուցադրած են իրենց անձնական եւ ընտանեկան կեանքին մէջ: Անոնք հաւատարմօրէն կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները, եւ այս երկրին հանդէպ իրենց հայրենասիրութիւնը բարձրորակ է, ինչպէս նաեւ իրենց նուիրումը‘ խաղաղութեան եւ արդարութեան դատին համար: Անոնց մարտիրոսացած սիրելիները խաղաղութեան մէջ թող հանգչին, եւ անոնց օրհնեալ յիշատակը թող բերէ ներշնչում, յոյս եւ կորով մեր բոլորին, որ կը փնտռենք աւելի լուսաւորեալ մարդկութիւն մը եւ աւելի խաղաղ աշխարհ մը հիմնուած ազատութեան եւ արդարութեան սկզբունքներուն վրայ:
Կեցցե՛ն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը: