- Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, որ քարոզ մը խօսելով նախ բացատրեց Հոգեգալստեան իմաստը եւ ապա՝ վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ դերը մեր ազգային կեանքին մէջ։ Կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն, որ հաւատարիմ մնան իրենց պապերու լոյս հաւատքին եւ սիրեն հայ եկեղեցին եւ չհեռանան անոր հովանիէն։ Երգեցողութիւնը ներդաշնակօրէն կատարեց եկեղեցւոյ երկսեռ Դպրաց Դասը՝ ղեկավարութեամբ պրն. Սարգիս Մանուկեանի։ Եկեղեցին լի էր հաւատացեալներով, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ ԱՆՉԱի փոխ-նախագահ պրն. Սուրէն Սարոյեան եւ իր տիկինը ինչպէս նաեւ Անթիլիասի Միւռոնօրհնութեան ներկայ գտնուած եւ դէպի Միացեալ Նահանգներ վերադարձող ամերիկահայ բազամաթիւ ուխտաւորներ։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Կեդր. Վարչութեան ատենապետը եւ անդամները։ Արարողութեանց աւարտումէն ետք, ներկաները Առաջնորդարանին մէջ տեսակցեցան Տէր հօր եւ վարչութեան հետ։ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց ու քարոզեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Ներսէս Աւ. քհնյ. Խոշորեան, իսկ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ՝ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան։ Երկու եկեղեցիներն ալ լեցուն էին հաւատացեալներով։
- Որպէսզի կարելի ըլլայ նախատեսել երկրաշարժներու հետեւանքով բազմայարկ շէնքերուն կրելիք հաւանական վնասները, հայ ճարտարագէտները փոքրիկ մոտէլներու վրայ սկսած են փորձել արուեստական ցնցումներ, մինչեւ 7-8 բալանոց։ Արդիւնքը մեծապէս գոհացուցիչ եղած է հետազօտութեան տեսակէտէն։
- Նիւ Եորքէն Յար. Հազարեան Երեւանի Մատենադարանին նուիրած է եթովպական ինը մագաղաթեայ եւ մէկ յունարէն թղթեայ ձեռագիրներ։ Այս ձեռագիրները դեռ չեն ուսումնասիրուած, բայց մասնագէտներու կարծիքով՝ շատ հին են։