Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հիւս.Ամերիկայի ու Քանատայի թեմին Ազգային Երեսփոխանական ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները ինը յաջորդական նիստերու ընթացքին, 5-8 Մայիս 1965: Համագումարը կայացաւ Սրբոց Վարդանանց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ սրահներուն մէջ. պատգամաւորները արժանացան հոգաբարձութեան, օժանդակ մարմիններու եւ Հ.Օ.Մ.ի տեղական մասնաճիւղի ջերմ հիւրասիրութեան: Խորէն Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի զոյգ հեռագիրները ունկնդրուեցան յոտնկայս երկիւղածութեամբ: Ն. Սրբութիւնը կþօրհնէր Եկեղեցականաց համագումարն ու Ազգ. Երեսփ. ժողովը, ու յաջողութիւն կը մաղթէր անոնց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր աշխատանքներուն: Ազգ. Երեսփ. ժողովի նիստերը գումարուեցան ընդ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Հրանդ Արքեպիսկոպոսի եւ ընթացան ընդ ատենապետութեամբ Լեւոն Տէր Ասատուրեանի եւ Բաբգէն Սարգիսեանի. ժողովի ատենադպրութիւնը վստահուեցաւ Տաթեւ քհնյ. Գալուստեանի եւ Յովակ Յակոբեանի: Ազգ. Երեսփ. ժողովին կը մասնակցէին 74 իրաւասու երեսփոխաններ՝ 20 հոգեւորական ու 54 աշխարհական: Հոն էր նաեւ Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը իր լրիւ կազմով: Ազգ. Երեսփ. ժողովը լսեց առաջնորդ հօր եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան տարեկան տեղեկագիրները ու գոհունակութիւն արձանագրեց իրագործուած արդիւնքներու մասին: Ազգ. Կեդր. վարչութեան կողմէ մշակուած նախահաշիւը արժանացաւ ժողովի վաւերացման. ուրախութեամբ դիտուեցաւ, որ նախահաշիւը յաւելեալ վարկեր սահմանած էր հայ դպրոցներու եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու համար: Կիրակնօրեայ վարժարաններու մասին զեկուցեց Սրբազան Հայրը. իսկ հայ դպրոցներու մասին տեղեկագիր ներկայացուց Ուսումն. Խորհուրդի ատենապետ Արշակ Սահակեան: Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդի հրատարակչական ծրագիրը գնահատուեցաւ ժողովին կողմէ եւ արժանացաւ համապատասխան վարկի: Հայ դպրոցները, դիտել տուաւ Երեսփ. ժողովը, կը կարօտին յաւելեալ հոգածութեան ու զոհողութեան, ու ջերմօրէն յանձնարարեց անոնց վերելքն ու կազմակերպումը ապահովել ի գին ամէն նիւթական եւ բարոյական յանձնառութեան: (Շար. 1)