- Հայաստանի մէջ ձայնասփիւռի առաջին կայանը շինուած է 1926ին։ Հաղորդումներու ծիրը Արարատեան դաշտավայրէն անդին չէր անցներ այն ատեն։ Ներկայիս, գոյութիւն ունին քանի մը զօրաւոր կայաններ, որոնք կþաշխատին երկար, միջին, կարճ եւ գեր-կարճ ալիքներով։ Պատկերասփիւռի եւ միջ¬քաղաքային հեռախօսային կապը զարգացնելու համար հաստատուած է Երեւան¬Թիֆլիս զօրաւոր գիծ մը, որուն շնորհիւ, Երեւանցիները հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիտելու հեռաւոր քաղաքներու (Մոսկուա, Քիեւ, Մինսկ, Լենինկրատ, եւայլն) պատկերասփիւռի հաղորդումները։ Յառաջիկային այս ձեւի գիծեր պիտի հաստատուին Երեւանէն Լենինական եւ Զանգեզուր։ Ներկայիս Հայաստանի 1.032 բնակավայրերէն 832ը կը մտնեն ռատիոֆիքասիոնի ցանցին մէջ։ Մինչեւ 1970 պիտի ամբողջանայ այս ցանցը։ Հայաստանի մէջ ներկայիս կան մօտ 300 հազար ձայնասփիւռի  եւ 117 հազար պատկերասփիւռի գործիքներ։ Միջ-քաղաքային հեռախօսային կապին մէջ արմատացած է կիսաինքնաշխատ, իսկ Երեւանի մէջ, միջ-քաղաքային հեռախօսային նոր կայանին կառուցումէն ետք. ամբողջովին ինքնաշխատ կը դառնայ միջ-քաղաքային հեռախօսային կապը Լենինականի, Կիրովականի եւ Դիլիջանի հետ։

- Տարիներէ ի վեր կը գրուէր եւ կը խօսուէր, թէ Մատենադարանի շէնքի մուտքին առջեւ երկու շքեղ արձաններ պիտի կանգնին՝ մէկը Մովսէս Խորենացին, իսկ միւսը Անանիա Շիրակացին ներկայացնող։ Երեմ Վարդանեանի եւ Գրիգոր Բատալեանի այս զոյգ կոթողները վերջերս զետեղուած են Մատենադարանի շէնքին աջ եւ ձախ կողմերը։ Հետագային, յաջորդաբար պիտի զետեղուին արձանները Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի, Եղիշէի եւ Կորիւնի։

- Լոյս տեսած է Գ. Սարգսեանի «Մովսէս Խորենացու Հայոց Պատմութեան ժամանակագրական համակարգը» ուսումնասիրութիւնը։ Հեղինակը պատրաստած է Մովսէս Խորենացիի ծանօթ գործին ժամանակագրական աղիւսակը։