- Անպաշտօն կերպով Հայաստան այցելած է Մոսկուայի Սորիոյ դեսպանը՝ Սալահ էլ Տին Թարազի։ Երեւանի մէջ խօսակցութիւններ ունեցած է Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Ն. Յարութիւնեանի, քարտուղար Ա. Գալստեանի, Բ. Գալստեանի, Բ. Գրիգորեանի, Ա. Շահինեանի եւ Ջ. Հասրաթեանի հետ։
- Պատմաբան եւ բանասէր Ստեփան Կանայեանի դիւանէն գտնուած է Կէօթէի «Էկմոնտ» ողբերգութեան թարգմանութեան ձեռագիրը, որ վերջացած է 1893ին, Դիլիջան։ Թարգմանութեան լեզուն հիւթեղ է, համեմուած ժողովրդական լեզուի հարուստ բառ ու բանով։ Հարազատ մնալով բնագիրին, Ս. Կանայեան աշխատած է պահպանել ոչ միայն ողբերգութեան ոգին, այլեւ ժամանակի գունագեղութիւնը։ Ձեռագիրը մինչեւ այսօր մնացած էր անտիպ։ Ստ. Կանայեանէն ետք Կէօթէի այս գործը թարգմանած է Հմայեակ Մաժինեան եւ անցեալ դարու 90ական թուականներուն տպագրած է «Մուրճ» հանդէսին մէջ։ Այնուհետեւ, 1899ին, լոյս տեսած է առանձին գիրքով։