Աթէնքի «Քենտրիքոն» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման տարեդարձի փառաշուք հանդիսութիւնը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 1500 աթէնահայեր։ Ոգեւոր էր մթնոլորտը եւ բարձր տրամադրութիւնը հանդիսականներուն։ Ներկայ էին՝ Կրօնական Դասը, յարանուանութեանց պետերը եւ ներկայացուցիչները, Ազգային բոլոր Մարմինները եւ կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները։ Հանդիսութեան կարգապահութեան կը հսկէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտները եւ Կարգադիր Յանձնախումբը։ Սրահի մուտքին, խումբ մը հայուհիներ՝ հանդիսականներու լամբակները կը զարդարէին մեր պաշտելի Եռագոյնը եւ անկախ Հայաստանի զինանշանը կրող գեղատիպ քոնքարտներով։ Սրահէն ներս, բեմի ճակտին, զետեղուած էր «Փառք Մայիս 28ը կերտողներուն» վերտառութիւնը։ Իսկ բեմին երկու կողմերը դրուած էին Հանրապետութեան հիմադիր Արամ Մանուկեանի եւ գլխաւոր կերտիչներէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի մեծադիր նկարները։ Բեմի խորքին հելլէն դրօշը ե հայկական Եռագոյնը։ Դրօշակներուն տակը շարուած էին երգչախումբի անդամ¬անդամուհիները, որոնց երգած հելլէն եւ հայ ոգերգներէն ետք, խօսնակը օրուան տօնին իմաստը պարզող խօսքերով հանդէսը բացաւ եւ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգել Մայիսեան հրաշքը կերտողներու յիշատակը։ Նոյն պահուն բեմին ետեւէն, խօսնակը կþարտասանէր Աւետիս Ահարոնեանի «Նրանց»ը։ Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Յակոբ Փափազեանի երգեց «Խմենք հայրենիք»ը, եւ «Մարօ, գիւղի ծաղիկ» եւ այլ երգեր։ Երգչախումբին ընկերացաւ օր. Էվի Ճէլալեան։ Յանուն Ազգ. Վարչութեան, ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան կարդաց ուղերձ մը, շեշտելով ամբողջական ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափարականին իրագործման համար համազգային ճիգերով տարուելիք աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը։ Յանուն Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի, ընկ. Յարութիւն Մխիկեան կարդաց խանդալի ուղերձ մը։ Ընկ. Քրիստափոր Սիւսլեան արտասանեցՍիամանթոյի՝ «Դարերու Վրէժը»։            (Շար. 1)