- Անցեալ շաբաթ, ոստիկանութիւնը երեւան հանած ու կազմալուծած է դաւադրութիւն մը, որ նպատակ ունէր զօրավար Տը Կոլը սպաննել, Ֆրանսայի արեւմտեան գաւառներու մէջ նախագահի վերջին շրջապտոյտի ընթացքին։ Ոստիկանութեան յայտարարութեան համաձայն, վեց անձեր, ծրագրած էին զօրավար Տը Կոլը սպաննել դժոխային մեքենայով։ Դաւադիրներու կեդրոնը արտասահման կը գտնուէր։ Դաւադիրներու պետը Ժան Ժագ Սուսինին է ՕԱՍ ահաբեկչական կազմակերպութեան նախկին պետը։ Ձերբակալուած դաւադիրները հետեւեալներն են.- Ժիւլ Պասքիա, որ մահուան դատապարտուած էր սպայ մը սպաննած ըլլալուն համար ու բանտէն փախած էր 1963ին, Իվ Օրսինիոլ, 27 տարեկան ուսանող, Ռոպէր Քոնֆոն, 47 տարու նպարավաճառ Մարսիլիայէն, Շարլ Տեսատօ, 37 տարեկան բժիշկ, Ժիւլ Սեզար Լուսիանի, 60 տարեկան ուսուցիչ, Փիէռ Ալիանի,  ապահովագրական ընկերութեան պաշտօնեայ եւ ԱՐման Պոթոն, 36 տարեկան հողագործ։

- Դրամագլուխի զետեղման Եւրոպական դրամատունը, Թուրքիոյ 5 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրելու համաձայնութիւն մը կնքեց։ Այս գումարը պիտի գործածուի Անատոլուի մէջ ջրելեկտրական գործեր կատարելու համար։ Ամբողջ գործը պիտի արժէ 10 միլիոն 600 հազար տոլար։ Փոխատուութիւնը պիտի վճարուի 30 տարիէն՝ հարիւրին 3 տոկոսով։

- Հարաւային Թուրքիոյ սահմանային մէկ կայանին մօտ, սուրիացիներու հետ բախումի մը ընթացքին, սահմանապահ երկու թուրք զինուորներ սպաննուած են։ Բախումը տեղի ունեցած է, երբ սուրիացիները փորձած են ոչխարներու հօտ մը գաղտնօրէն Սուրիա անցընել։

- Թուրքիոյ Ազգաժողովին ներկայացուեցաւ օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէ Փոքր Ասիոյ քարիւղի շահագործող օտար ընկերութեանց ազգայնացումը։ Օտար ընկերութիւնները, որոնց մեծագոյն մասը ամերիկեան են, ազգայնացումը աւազակութիւն կը նկատեն։