Յուլիս ամսու առաջին այս օրերուն, 99 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը ներկուեցաւ ազգային փոքրամասնութեանց պատկանող քաղաքացիներու, յատկապէս հայերու եւ յոյներու արեամբ։
Պալքանեան պատերազմի շրջագիծին մէջ, ոչ- թրքաբնակ քաղաքը վերագրաւած թրքական զօրքերը, 1 Յուլիս 1913էն սկսեալ, կոտորեցին անզէն հայերն ու յոյները՝ հրոյ ճարակ դարձնելով անոնց տուներն ու խանութները։
Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնուող նաւահանգիստ քաղաք է Ռոտոսթոն, որ այսօր մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ, առաւելաբար թուրքերով գրաւուած է եւ 1923էն ի վեր կը կոչուի Թէքիր Տաղ։
99 տարի առաջ միայն սակաւաթիւ թուրքեր կ"ապրէին Ռոտոսթոյի մէջ, որ առաւելաբար յունական եւ հայկական քաղաք էր։ Յայտնագործուած էր հին ժամանակ յոյն վաճառականներու եւ նաւաստիներու կողմէ, որոնք դարերու ընթացքին նախ յունական, ապա բիւզանդական քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոնի վերածեցին զայն։
Նոյնքան հին ժամանակներէ կու գայ հայերու ներկայութիւնը Ռոտոսթոյի մէջ, որ ինչպէս հայոց առեւտուրի, այնպէս եւ հայկական մշակոյթի, ձեռարուեստի եւ գրականութեան ծանօթ կեդրոն եղած է։
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Ռոտոսթոյի եւ անոր մերձակայ՝ նոյնպէս հայաբնակ Մալկարա գիւղաքաղաքին հայ բնակիչները, 1913ի Յուլիս 1էն սկսեալ, կոտորածի եւ աւերումի ու թալանի ենթարկուեցան թրքական զօրքերուն կողմէ։
30 Յունիս 1913ին սկսաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը։
Հազիւ ամիս մը առաջ, 30 Մայիս 1913ին, վերջ գտած էր Պալքանեան առաջին պատերազմը, որ բռնկած էր 9 Հոկտեմբեր 1912ին՝ մէկ կողմէ պալքանեան չորս երկիրներու (Պուլկարիա, Յունաստան, Սերպիա, Չեռնոգորիա) դաշնադրութեան եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ միջեւ։
Պալքանեան առաջին պատերազմին Թուրքիա կրեց ծանրագոյն պարտութիւն եւ պարտաւորուեցաւ 30 Մայիս 1913ին ստորագրել Լոնտոնի հաշտութեան դաշնագիրը, որուն հիման վրայ կորսնցուց պալքանեան թերակղզիի իր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր հողերը։ Պոլսէն եւ արեւելեան Թրակիոյ փոքր մէկ բաժնէն զատ ոչինչ մնաց եւրոպական Թուրքիայէն։
Հայութիւնը եւս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պալքանեան առաջին պատերազմին։ Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ՝ Դաշնակցութեան կամաւորական գունդերը յանդուգն գործողութիւններ իրագործեցին թրքական զօրքերուն դէմ՝ հերոսի դափնեպսակին ու զինուորական կոչումներու արժանանալով պուլկար սպայակոյտին կողմէ։
Իսկ Պուլկարիան եղաւ գլխաւոր յաղթականը Պալքանեան առաջին պատերազմին՝ խլելով առիւծի բաժինը օսմանեան բռնատիրութենէն ազա- տագրուած հողերուն։
Բայց ոչ միայն Պուլկարիոյ պալքանեան դաշնակիցները՝ Յունաստանն ու Սերպիան դժգոհ մնացին, որ ազատագրուած հողերէն իրենց սպասած բաժնին չկրցան տիրանալ, այլեւ՝ եւրոպական մեծ տէրութիւնները մտահոգուեցան, որ Ուղղադաւանութեան դրօշակիր Ցարական Ռուսաստանը միակողմանիօրէն շատ ընդարձակած էր իր ազդեցութեան գօտիները Պալքաններու մէջ։
Հետեւանքը եղաւ հրահրումը, 1913ի Յունիս 30ին, Պալքանեան երկրորդ պատերազմին՝ այս անգամ մէկ կողմէ Պուլկարիոյ եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ, Յունաստանի, Սերպիոյ, Չեռնոգորիայի եւ Ռումանիոյ միացեալ ճակատին միջեւ։
Թէեւ կարճ տեւեց եւ 10 Օգոստոս 1913ին աւարտեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, բայց «ցեղային մաքրագործում»ի առումով անհամեմատաբար ահաւոր եւ ծանրակշիռ եղաւ։
Յատկապէս Ռոտոսթոյի եւ Մալկարայի հայերը, որոնք ուղղակի մասնակցութիւն չէին ունեցած առաջին պատերազմին, թիրախ դարձան թրքական վրէժխնդրութեան եւ ցեղասպանական մոլուցքին։
Անշուշտ շատ աւելի ծանր կորուստ ունեցան պուլկարները՝ թէ՛ զոհերու թիւի, թէ՛ քանդում¬աւերումներու եւ թէ հողատարածքներու կորուստի իմաստով, բայց ի վերջոյ Պուլկարիան պատերազմող կողմ էր եւ իր կարգին, Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին իր ազատագրած հողամասերուն վրայ, կա՛մ կոտորած էր թուրք բնակչութիւնը, կա՛մ հարիւր-հազարով տեղահան ըրած էր թուրքերը։
Պալքանեան երկրորդ պատերազմը վերջ գտաւ Պուլկարիոյ պարտութեամբ եւ թրքական լուծէն ազատագրուած հողերու վերաբաշխումովը պալքանեան յաղթական երկիրներուն միջեւ։
Յատկապէս թրքական պետութիւնը չարաշահեց Պալքանեան երկրորդ պատերազմով ներկայացած առիթը, որպէսզի ձեռնամուխ ըլլայ Օսմանեան Կայսրութեան սահմանային գօտիները ազգային փոքրասնութիւններէ «մաքրագործելու» եւ «վնասազերծելու» իր ծրագրին գործադրութեան։
Կայսրութեան հիւսիս¬արեւմտեան՝ եւրոպական սահմանագօտիին ռազմագիտական կարեւոր դիրքերէն Ռոտոսթօ քաղաքը այդ հիման վրայ էր, որ թիրախ դարձաւ արիւնալի «մաքրագործումներ»ու...
Պատերազմէն ետք, Եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ երկուստեք գործուած ոճիրները ցուցակագրեց եւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն փաստին վրայ, որ թրքական կանոնաւոր զօրքերու ձեռամբ, Ռոտոսթոյի մէջ, սպաննուեցան աւելի քան հազար հայեր, շուրջ 300 հայոց բնակարաններ ու 500է աւելի հայոց խանութներ կողոպտուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան։
Թրքական զօրքերու գործած հակահայ խժդժութիւնները յաւելեալ պատճառ մը եղան, որպէսզի եւրոպական դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ դրուած Հայկական Բարենորոգումներու հարցը վերստին հրատապ բնոյթ ստանայ։ Ամիսներու վրայ երկարած բանակցութեանց արդիւնքով՝ Փետրուար 1914ին, եւրոպական մեծ տէրութիւնները յանգեցան այն համախոհութեան, որ Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան՝ հայկական նահանգներու բարեկարգումները իրագործելու համար հարկ է կիրարկել տեղական լայն կառավարման դրութիւն։ Որոշուեցաւ հաստատել հայկական կառավարման երկու շրջան՝ Կարին եւ Վան, նշանակելով եւրոպացի երկու կառավարիչներ, որոնք անմիջապէս ճամբայ ելան դէպի իրենց նստավայրերը, բայց տեղ չհասած արդէն բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը։
Ինչպէս Ռոտոսթոյի հայութեան դէմ իր ձեռնարկած սպանդով, այնպէս ալ այնուհետեւ, Հայկական Բարենորոգումներու եւրոպական ծրագրումին իրագործումը խափանելու նպատակով՝ թրքական պետութիւնը մոլեռանդօրէն նետուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, միջազգային լարուածութեան եւ իրարանցումի առիթէն օգտուելու եւ Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու հրէշային իր ծրագիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրելու համար։
Ն.