Յուլիս 4ի այս օրը, աշխարհի չորս ծագերուն, մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր բեմական արուեստի անմոռանալի դէմքերէն Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեանի։
Ինչպէս որ Հայ Բեմի վարպետներէն Երուանդ Ղազանչեան վկայած է օրին՝ «Մհերը եկաւ աշխարհ՝ աշխարհն աւելի բարի դարձնելու համար. եկաւ ծիծաղով, գնաց ծիծաղով... Մհերի մէջ պարփակուած են գիւմրեցու զարմանալի յատկութիւններ՝ Իսահակեանի փիլիսոփայութիւնը, Շիրազի ժայթքող սիրտը, Մինասի անսպասելի գոյները, Արփաչայի յաւերժութիւնը...»։
1930ին Կիւմրի ծնած մեծատաղանդ դերասանը այսօր նոր 82 տարեկան պիտի ըլլար, եթէ ընտանեկան ողբերգութեամբ անոր բաժին հանուած լուռ ու խոր ցաւը պատճառ չդառնար առողջութեան քայքայումին՝ վաղաժամ մահուան գիրկը նետելով Հայ Բեմի այնքան սիրուած վարպետին։
Առաւելաբար կենսուրախ եւ կատակերգական դերերով հռչակուած ու հանդիսատեսի պաշտելին դարձած Մհեր Մկրտչեանը իր անձնական կեանքին մէջ, ճիշդ հակառակը, դժբախտ եւ տխուր ապրեցաւ։ Իր առաջին կինը՝ Դոնարա Մկրտչեանը ուղեղի խանգարում ունեցաւ եւ հիւանդանոց մնաց մինչեւ կեանքին վերջը։ Մհեր իր վրայ վերցուց երկու փոքրերուն խնամատարութեան ամբողջ հոգը։ Բայց իր որդին եւս ժառանգած էր մօրը ուղեղային հիւանդութիւնը, ինչ որ ուղղակի խոցեց մեծ դերասանին յուզաշխարհը։ Ֆրունզիկի մտերիմներուն վկայութեամբ, իր կեանքի վերջին տարիներուն, անմոռանալի Մհերը ուղղակի խորտակուած էր ներքնապէս եւ անձնատուր դարձած... գինովութեան։
Այդ ցաւով ալ առյաւէտ փակեց աչքերը 28 Դեկտեմբեր 1993ին։
Եւ այդ խորագոյն ցաւին մէջ իրա՛ւ կերպաւորում ստացաւ եւ անմահացաւ «ուրախ¬տխուր» դէմքը Հայ Բեմի հանճարեղ կատակերգակին։
Ատենին, թատերական ելոյթներով արտասահմանեան շրջագայութեան մը ընթացքին, «Պաղտասար Աղբար»ի բեմադրութեան ներկայ գտնուած եւ Մհեր Մկրտչեանի շնչաւորած Պաղտասարի դերով հմայուած արուեստի մեկնաբան մը պիտի գրէր Մոնթրէալի թերթերէն մէկուն մէջ.¬
«... Ան իր դիմախաղով, քայլուածքով, դէմքի ու մարմնի շարժումներով եւ անվերջանալի դիրքաւորումներով՝ ուղղակի կը ճառագայթէր ողբերգականօրէն ծիծաղելի ու խաբուած մարդու հոգեկան գալարումները ու նկրտումները: Յաճախ կեցուածքով մը ուղղակի կը քանդակէր ապրումները դէմքին վրայ, երբեմն իր լռութեամբ եւս, լաւ չափուած ժեստերով, աւելի խօսուն ու արտայայտիչ խաղարկութիւն մը կþունենար, քան պիտի կրնար տալ ամէնէն պերճախօս բառերով: Ան իր լացով՝ խնդուքի պոռթկումներ բռնկեցուց ու իր յուսահատական խնդուքով՝ արցունքներ խլեց ներկաներէն...»։ (Սերգէյ Գալստեան, «Զրոյց Մհեր Մկրտչեանի հետ», «Գրական Թերթ», 22 Յունուարի 1984)։
Ֆրունզիկ ծնած էր մշեցի հօր եւ վանեցի մօր յարկին տակ։ Մանկութեան յաճախած էր երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներ. հետեւած էր նաեւ թատերական ինքնագործ խմբակի։ 1945¬1946ին ընդունուած էր Մռաւեանի անուան թատրոնի կից աշխատանոցը, իսկ 1947ին՝ նոյն թատրոնի հիմնական խումբին մէջ։ Հակառակ իր պատանի տարիքին, այդ շրջանին, Մհեր Մկրտչեան բեմ բարձրացած է աւելի քան տասնեակ մը մեծ ու փոք դերերով՝ դերասանական արտակարգ վարպետութիւն դրսեւորելով եւ արժանանալով ընդհանուր քաջալերանքի։
1953ին տեղափոխուեցաւ Սունդուկեանի անուան թատրոն, ուր Վ. Վաղարշեանի ղեկավարութեամբ հետեւեցաւ գեղարուեստաթատերական ուսման։
Իբրեւ թատրոնի տաղանդաւոր դերասան արդէն հաստատուած անուն էր Մհեր Մկրտչեան 1959ին, երբ բեմադրիչ Համասի Մարտիրոսեան զինք հրաւիրեց նկարահանուելու «01¬99» կարճամեթրաժ ժապաւէնին մէջ։ Մհերի մարմնաւորած առաջին շարժանկարի կերպարը այնքան յաջող էր ու տպաւորիչ, որ հայ հանդիսատեսը մինչեւ վերջ իր տպաւորութեան մէջ թարմ ու հնչեղ պահեց զայն։
Թէեւ հազիւ 64 տարի ապրեցաւ Մհեր Մկրտչեան, բայց թէ՛ թատրոնի եւ թէ շարժանկարի աշխարհին մէջ նուաճեց հայ բացառիկ արուեստագէտներու շարքին ինքնուրոյն իր տեղը։
1984ին արժանացաւ Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն՝ Ժողովրդային Արուեստագէտի կոչումին։
Մհեր Մկրտչեան անմոռանալի պիտի մնայ հայ թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի դասականներուն մէջ՝ իր ստանձնած դերերով եւ մարմնաւորած հերոսներով։ Հայու ինքնատիպ իր դէմքը, հմայիչ արտայայտութիւնը եւ տիրական ձայնը սկիզբէն գրաւեցին հանդիսատեսին միտքն ու սիրտը։ «Նուագախումբի տղաները», «Եռանկիւնի», «Մենք ենք, Մեր Սարերը», «Հայրիկ», «Նահապետ», «Կտոր մը երկինք», «Հին օրերի երգը» եւ հռչակաւոր շատ մը այլ գործերու մէջ իր մարմնաւորած կերպարներով՝ Մհեր Մկրտչեան անմահացուց Հայու իւրայատուկ տիպարը։
Ահա թէ ինչո՛ւ ֆրանսահայ եւ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Հանրի Վերնէոյ (Աշոտ Մալաքեան) կը հաստատէ, թէ «Ես լիովին հաւատացած եմ, որ Մհերը դերասան է ծնուել»...
Իսկ հայ թատրոնի մեծ վարպետ Վարդան Աճէմեանի համոզումով՝
«Մհեր Մկրտչեանը, իրօք, ծնուած է բեմի համար... Նա ունի խոշոր դերասանի բոլոր տուեալները»։
Որքան ժամանակը կþանցնի եւ որքան նոր գործեր կու գան գումարուելու հայ թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի խաղացանկին վրայ, հայ հանդիսատեսը դարձեալ ու միշտ մեծ հիացումով կը վերադառնայ Մհեր Մկրտչեանի գործերուն՝ հոգեկան լիացումի անկրկնելի պահերը վերապրելու համար։
Հայ Բեմի մեծավաստակ վարպետին կորուստը մեր ժողովուրդը ողբաց ոչ միայն բազմահազար երկրպագուներու կսկիծով, այլեւ վերանկախացեալ Հայաստանի պետութեան պաշտօնական սուգով.¬
«Մհեր Մկրտչեանն իրաւամբ կարող է համարուել 20րդ դարի լաւագոյն կատակերգուներից մէկը: Նա ստեղծեց արտիստական իր ուրոյն աշխարհը՝ կոմիկականի եւ հերոսականի անզուգական համադրումով, հումորի անսայթաք զգացողութեամբ, պարզ ու բացառիկ արտայայտչականութեամբ...
«... Հայ մեծ կատակերգուի գահը թափուր մնաց: Բայց նրա յիշատակը յաւերժ պայծառ կը մնայ մեր սրտերում...»։ (Հ.Հ. Նախագահ, Հ.Հ. Գերագոյն Խորհրդի նախագահութիւն, Հ.Հ. կառավարութիւն ¬ «Հայաստանի Հանրապետութիւն», 31 Դեկտեմբերի 1993թ.)։
Նշելով Հայ Բեմի «ուրախ¬տխուր» Դէմքին ծննդեան 82րդ տարեդարձը, կþարժէ իր յիշատակը վերաթարմացնել Ֆրունզիկի հարազատ եղբօր՝ նոյնպէս մեծարժէք դերասան¬բեմադրիչ Ալպերթ Մկրտչեանի յուշերէն քաղուած հետեւեալ խորհրդածութեամբ.¬
«Մհերն ինձ ասում էր.¬ «Ամէն մարդ քանդակում է իր ճակատագիրը, երբ քանդակը վերջացնում է, ինքն արդեն չկայ»: Ըստ երեւոյթին, ինքը քանդակեց իր ճակատագիրը...» («Լեգենդ դարձած արտիստը ¬ յուշեր Մհեր Մկրտչեանի մասին», Կազմ.՝ Քրիստինէ Մկրտչեան եւ ուրիշներ, Երեւան, 2002, էջ 87-92):
Ն.