Յուլիս 12ի այս օրը, 91 տարի առաջ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ խորտակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ ու անկախ վերջին տարածքը եւ միջնաբերդը՝ Լեռնահայաստանը եւս յանձնուեցաւ Կարմիր Բանակի տիրապետութեան։
Հայոց նորագոյն պատմութեան դառն ու դաժան պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 12 Յուլիս 1921ը, որովհետեւ այդ օր հայ ժողովուրդը իր ազատութեան եւ անկախութեան վերջին արծուեբոյնը զիջեցաւ Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան։
Շատ բան գրուած է պատմական Հայաստանի Գողթան գաւառի եւ Սիւնեաց Աշխարհի՝ Ազատն Լեռնահայաստանի փառահեղ հերոսամարտին մասին։ Գրուած է ինչպէս օրին, Լեռնահայաստանի անկումին հետեւած տարիներուն՝ 1920ականներուն, նոյնպէս եւ վերջին քսանամեակին, երբ յատկապէս Զանգեզուրի անպարտելի Արծիւին՝ Գարեգին Նժդեհի մերօրեայ վերարժեւորման խորապատկերին վրայ, նորովի գնահատականը տրուեցաւ Հայաստանի հարաւային դարպասի հայացման եւ ազատագրումին ունեցած փրկարար դերին՝ հայոց նորագոյն պետականութեան արմատաւորման պատմակերտ գործին մէջ։
28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնն ու նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրցան դիմանալ արտաքին ճնշումներուն եւ հարուածներուն՝ յատկապէս Լեռնահայաստանի ազատագրումին շնորհիւ, որուն ձեռնարկեց վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութիւնը 1919ի աշնան, երբ Զանգեզուր ուղարկեց Գարեգին Նժդեհը իբրեւ ընդհանուր հրամանատարը հայկական բանակի այն զօրամասերուն, որոնք կենաց-մահու կռիւ կը մղէին Հայաստանի հարաւ-արեւելեան սահմաններուն վրայ, թրքական եւ ազերիական կանոնաւոր բանակի եւ զինեալ խուժանի ասպատակումներուն դէմ։
Ապաւինած հայրենի լեռներուն ու իր ազատատենչ ոգիի զօրութեան՝ Սիւնիքի հայութիւնը, հայկական բանակի մարտունակութեամբ եւ Նժդեհի ղեկավարութեամբ, քաջաբար կռուեցաւ նախայարձակ թշնամիին դէմ եւ յաղթանակով պսակեց անհաւասար ուժերով մղուած իր դիւցազնամարտը:
Այդ օրհասական օրերուն ալ, թուրքն ու ազերին ձեռք-ձեռքի տուած կը փորձէին գրաւել Ղարաբաղն ու ամբողջ Լեռնահայաստանը՝ հարաւէն եւս պաշարելու եւ խեղդելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Համաթրքական սպառնալիքին վրայ գումարուած էր նաեւ հիւսիսի կարմիր վտանգը. 11րդ Կարմիր Բանակը շարժման մէջ դրուած էր՝ Անդրկովկասին ու Ցարական Կայսրութեան երբեմնի հարաւային սահմաններուն վերատիրանալու եւ զանոնք պոլշեւիկեան իշխանութեան տակ դնելու առաքելութեամբ։
Բացայայտուած էր Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի անկախութիւնը կործանելու մեծ դաւադրութիւնը։ Օրհասական պայքարի մէջ էր ողջ հայ ժողովուրդը եւ ճակատագրական այդ մաքառումը ծնունդ տուաւ իր հերոսին՝ անզուգական Նժդեհին։
Իր զինուորական հմտութեամբ, կազմակերպչական տաղանդով եւ ոգեշունչ հռետորութեամբ, Նժդեհ յաջողեցաւ ստեղծել «ժողովրդական կուռ բանակ մը, որ պատրաստ էր իր հրամանատարի ձեռքի մէկ շարժումին անսալով կրակի մէջն անգամ նետուելու» (Աւօ, «Նժդեհ», էջ 210): Նժդեհ յղացաւ եւ իրագործեց Դաւիթ-բէգեան Ուխտեր ստեղծելու եւ անոնց միջոցաւ համաժողովրդական կռիւը յառաջ մղելու ծրագիրը։ Համաժողովրդական այդ ուժն էր, որ 1920ի Ապրիլէն եւ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն սկսեալ, ոչ միայն հերոսաբար դիմադրեց քեմալական եւ պոլշեւիկեան միացեալ գրոհներուն՝ զանոնք ետ շպրտելով, այլեւ՝ կրցաւ հիմնովին հայացնել ամբողջ Լեռնահայաստանը։
1920ի Օգոստոս 25ին, Կապանի Կաւարտ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, Նժդեհի զինուորները ուխտեցին Դաւիթ-բէգի անունով՝ «հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատար Նժդեհին եւ կռուել մինչեւ վերջին շունչը» («Արնոտ գիրք», Գորիս, 1921թ., էջ 33-34): Այսպէ՛ս ծնունդ առին Դաւիթ¬բէգեան Ուխտերը, որոնց նշանաբանն էր. «Յանուն հայրենիքի՝ Դաւիթ բէգաբար»:
Եւ երբ Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեղի տուաւ խորհրդայնացման ճնշումին տակ, Լեռնահայաստանը հռչակեց իր անկախութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ խորհրդային իշխանութիւնը։ Աւելի՛ն. Նժդեհի առաջնորդութեամբ, հայկական ուժերը պարտութեան դառնութիւնը ճաշակել տուին Դենիկինի, Կոլչակի ու Վրանգելի բանակները ջարդած եւ «անպարտելի» հռչակուած 11րդ Կարմիր Բանակի հեծելազօրքի պետ Կուրոչկինին:
Ազատ ու անկախ Լեռնահայաստանը ներշնչման աղբիւր եւ քաջալեր ուժ հանդիսացաւ 18 Փետրուար 1921ի համաժողովրդական ապստամբութեան, որուն կողմէ իշխանութեան կոչուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, մինչեւ Ապրիլ կրցաւ դիմադրել Կարմիր Բանակի վերադարձին՝ ապաւինելով Զանգեզուրի յաղթական մարտերուն։
Բայց աշխարհաքաղաքական մեծ խորապատկերով՝ այլեւս վճռուած էր անխուսափելի խորհրդայնացումը Հայաստանի։ Ապրիլ 1921էն սկսեալ, Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ստիպուեցաւ նահանջել Երեւանէն եւ Արարատեան դաշտէն դէպի Զանգեզուր, հոնկէ անցնելու համար Ատրպատական, Պարսկաստան։
Այդ օրերուն, 12 հազար գաղթականութեան (որուն 4 հազարը՝ զօրք) նահանջի պայմաններուն մէջ, Սիւնիքը շարունակեց իր յաղթական կռիւները եւ հռչակեց Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւնը՝ սպարապետ Նժդեհի վարչապետութեամբ:
Յունիսի 1ին, Զանգեզուր անցած Հ. Հ. կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնահայաստանը յայտարարուեցաւ Հայաստան՝ Սիմոն Վրացեանին նշանակելով վարչապետ (Նժդեհը մնաց իբրեւ սպարապետ): Բայց Վրաստանն ու Հայաստանը փաստօրէն ինկած էին պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ։ Պարէնն ու հացահատիկը սպառած էին եւ Լեռնահայաստանի վարչական ու զինուորական ղեկավար մարմինները դժուարութիւն ունէին պաշտպանելու Զանգեզուրի հայութիւնը։ Այդ պայմաններուն մէջ, հաշուի առնելով, որ Հայաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը իր 1921 Յունիսի հռչակագրով Սիւնիքը պաշտօնապէս կցեց Մայր Երկրին՝ Յուլիսին Լեռնահայաստանը իր կարգին տեղի տուաւ խորհրդայնացման առջեւ:
12 Յուլիս 1921ին, հեռանալով Զանգեզուրէն՝ Նժդեհ իր հրաժեշտէն առաջ վստահեցուց Լեռնահայաստանի հայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռանար եւ պիտի՛ վերադառնայ, եթէ Երեւանի փոխարէն Պաքուն դառնայ Սիւնիքի տէրը: Այդ իմաստով՝ յաղթական սպարապետը Խորհրդային Հայաստանի Յեղկոմին ուղղեց յատուկ պատգամ մը, որ կ'աւարտէր հետեւեալ սաստող տողերով.-
«Դուք գիտէք, որ ցանկութեան դէպքում ես միշտ էլ հնարաւորութիւն կþունենամ մի քանի տասնեակ զինւորներով վերագրաւելու Լեռնահայաստանը: Որպէսզի այս երկրի աշխատաւոր գիւղացիութիւնը ստիպուած չլինի մէկ էլ ինձ օգնութեան կանչելու, աշխատէք բաւարարել հայ գիւղացիութեան եւ նրա մտաւորականութեան արդար պահանջը» (Վ. Գէորգեան, «Լեռնահայաստանի հերոսամարտը», էջ 160):
91 տարուան հեռաւորութենէն, այսօր, վստահաբար կարելի է հարցականի տակ դնել 12 Յուլիս 1921ի պատմական քայլին նպատակայարմարութիւնը։
Վերջին քսանամեակին ուռճացաւ թիւը այն պատմաբաններուն եւ գաղափարախօսներուն, որոնք յապաղած իմաստութեամբ սուր քննադատութեանց եւ դատապարտանքի թիրախ դարձուցին Լեռնահայաստանը Կարմիր Բանակին յանձնելու այդ քայլը։
- Անոնց մէկ թեւը, խորհրդային սպառած արեւելումին նորօրեայ արձագանգը բերելով՝ կը փորձեն փաստարել, թէ ի սկզբանէ սխալ քայլ էր Կարմիր Բանակին դէմ զէնք բարձրացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը, «դաշնակների աւանտուրիզմ» կը հռչակեն Ազատ ու Անկախ Սիւնիքի ստեղծումը եւ Նժդեհը կը նկատեն գլխաւոր պատասխանատուն... եղբայրասպան արիւնահեղութեան։
- Երկրորդ թեւը, որ այսօր նաեւ Հայաստանի պետական քաղաքականութիւնը առաջնորդող պաշտօնական հոսանքն է, Դաշնակցութեան դէմ ինչ¬ինչ հաշիւներով վարկաբեկման արշաւ մղելով, կը փորձէ Լեռնահայաստանի ազատագրումը վերագրել բացառապէս Նժդեհի ճառագայթող անհատականութեան պատմակերտ նուաճումներուն։ Այդ հիման վրայ ալ, Նժդեհականութեան նորօրեայ գաղափարախօսները կþաշխատին ապացուցել, որ Նժդեհ իր ազատ կամքով չյանձնեց Լեռնահայաստանը, այլ պարզապէս ստիպուեցաւ գործադրել օրուան Հ.Յ.Դ. ղեկավարութեան անձնատուութեան որոշումը։
Այսինքն՝ երբ ատենի Հ.Հ. Ռազմական նախարար Ռուբէնի հրահանգով եւ հայկական բանակի զօրամասով Նժդեհ կþուղարկուէր Զանգեզուր եւ յաղթականօրէն յառաջ կը մղէր Լեռնահայաստանի հայացման ու ազատագրման պայքարը, այդ բոլորին մէջ բացառաբար Նժդեհի անհատական պատասխանատուութիւնը պէտք է շեշտել։ Իսկ հայացուած ու ազատագրուած Լեռնահայաստանի յանձնումը պէտք է վերագրել բացառապէս Հ.Հ. իշխանութեանց պարտուողական քաղաքականութեան...
Կþանցնին այս օրերն ալ եւ վստահաբար կու գան հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամբողջական արժեւորման նուիրուած գաղափարախօսները, որոնք Յուլիս 12ի պատմական քայլը կþարժեւորեն իր իսկութեամբ՝ իբրեւ չարեաց փոքրագոյնը՝ քեմալականութեան դէմ լենինականութիւնը ընտրելու հայ ազգային քաղաքականութեան դառն ու դաժան պարտաւորութիւնը։
Այդ իմաստով ալ կþարժէ յուշատետրի այսօրուան էջին կցել հայ երիտասարդութեան ուղղուած մեծն Նժդեհի հայրենասիրութեան պատգամը.
Ն.
ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
«Ո՛չ, ախոռը, ուր անասունները կ'ուտեն
եւ կը պառկեն՝ հայրենիք չէ՛»:
ԼԱՄԸՆԷ
Հայրենասիրութի՛ւն - մարդկային առաքինութիւնների թագն ու պսակն է դա: Մարդկային բարոյական յատկութիւնները իր մէջ միացնող այդ գերագոյն առաքինութիւնն է ազգերի գոյութեան անհրաժեշտ պայմանը եւ անսպառ աղբիւրը նրանց ոյժի եւ մեծութեան: Նա այնքան ջերմ է մի ժողովրդի մէջ, որքան փոքր է այդ ժողովուրդը եւ որքան ամբարիշտ են նրա հարեւանները: Եթէ այդպէս չէ ամէնուրեք, այդպէ՛ս պիտ լինի: Այդ նուիրական զգացումը զարգանում է աստիճանաբար: Սկզբում՝ բնազդական, զարգանալով՝ նա դառնում է իմացական՝ ոգիանում է նա:
Առաջին դէպքում անհատը թելադրւում է, մղւում մի բնազդային զգացումից, երկրորդ դէպքում՝ նա գիտակցօրէ՛ն կատարում է մի պարտականութիւն: Նա զարգանում է ժողովուրդների ինքնագիտակցութեան եւ արժանապատուութեան զգացումի հետ, ընկնում՝ նրանց նիւթակրօնութեան, շռայլութեան, սեղմ ասած‘ նրանց բարքերի ապականութեան հետ, մեծապէս արագացնելով նրանց անկումը:
Հայրենիքներն ապրում են հայրենասիրութեամբ, ընկնում՝ նրա պակասի պատճառով:
* * *
Մեր ժողովուրդն առանց հայրենասիրութեան այն է, ինչ որ մի մարմին՝ առանց հոգու:
Դա մայրն է - իր նման փրկարար - մի շարք առաքինութիւնների՝ գաղափարականութեան, անձնուիրութեան, արիութեան: Դա պատերազմողի բարոյական ամրութիւնն է, կախարդական զրահը, անվրէպ զէնքը:
Հայրենասիրութեամբ հարուստ ժողովուրդը դէպքերի խաղալիքը չէ, այլ՝ նրանց հրամայողը:
Այդպիսին սովորական «նաւաբեկութիւններ»ի ժամանակ չի զինաթափւում բարոյապէս: Վստահ իր բարոյական ուժերին, նա շատ շուտ է ուղղում իր մէջքը՝ վերագրաւում իր նախկին դիրեքրը, դրութիւնը:
Հայրենասիրութեան հետ բարձրրանում են ազգերը՝ ընկնում՝ նրա հետ:
Փոքր ազգերը պարտադրօրէն աւելի հայրենասէր պիտ լինեն, քան մեծերը, մենք՝ աւելի՛ քան բոլորը:
Հայրնապա՛շտ պիտի լինենք մենք: