10 Յուլիսի այս օրը, 171 տարի առաջ, թուրքերը հրկիզեցին Զմիւռնիա քաղաքին հայկական թաղամասը։
Թէեւ հայոց պատմութեան արդի շրջանի ժամանակագրութեանց մէջ հետեւողականօրէն կը յիշատակուի 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիոյ հրդեհը՝ իբրեւ քաղաքի հայկական թաղամասին դէմ թուրքերու գործած անարգ ոճիրը, այսուհանդերձ՝ ցանուցիր յիշատակութիւններէ անդին անցնող եւ հակահայ այդ յանցագործութեան սպառիչ տեղեկագրումն ու արժեւորումը կատարող գրականութեան դժուար է հանդիպիլ։
Աւելի՛ն. անգլիացի թէ ամերիկացի ճանապարհորդներու, միսիոնարներու եւ դիւանագիտական կազմի աշխատակիցներու կողմէ բազում վկայութիւններ կան 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիոյ հրդեհին մասին, նաեւ՝ հայկակա՛ն թաղամասին մէջ բռնկած ըլլալու փաստին վերաբերեալ։
Նոյնիսկ թրքական աղբիւրները իրենք եւս կը վկայեն, որ ծանր կորուստներ պատճառած է 10 Յուլիս 1841ին պատահած հրդեհը։ Բայց թրքական աղբիւրները բնական աղէտի կը վերագրեն պատահածը՝ ընդգծելով հանդերձ, որ Զմիւռնիայի Հրդեհը պատճառ դարձաւ աւելի քան 12.000 բնակարաններու հրոյ ճարակ քանդումին եւ 20.000 բնակիչի անօթեւան եւ անպատսպար մնալուն։
«Հրէական Հանրագիտարան»ի էլեկտրոնային կայքէջը եւս կը ձայնակցի թրքական աղբիւրներուն՝ արձանագրուած վնասին ու քանդումին մասին միեւնոյն տուեալները ներկայացնելով, բայց միաժամանակ նաեւ համաձայնելով, որ քաղաքի առաւելաբար թրքական եւ հրէական թաղամասերը զոհ գացին բնական այդ աղէտին։
Պէտք չէ զարմանալ, որ թրքական եւ հրէական աղբիւրները այդպէս գլխիվայր շրջուած կը ներկայացնեն 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիայի հրդեհին պատմական ճշմարտութիւնը։ Յատկապէս թրքական աղբիւրները յատուկ պատճառ ունին 1841ի հրդեհը այդպէ՛ս՝ իբրեւ արկած եւ իբրեւ առաւելաբար թուրքերն ու հրեաները պատհուհասող աղէտ ներկայացնելու, որպէսզի հետեւողական ըլլան Թուրքիոյ պետական ու պաշտօնական այն քաղաքականութեան, որ իննիսուն տարիներէ ի վեր ամէն գնով յառաջ կը մղէ Սեպտեմբեր 1922ի Զմիւռնիոյ Մեծ Հրդեհին պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրումը...
Թրքական ոճով բացայայտ խեղաթիւրում մը՝ որ անհեքելին եւ անվիճելի ապացոյցներով տեղեկագրուած 1922ի Հրդեհը կը ջանայ աշխարհին ներկայացնել իբրեւ յոյներու եւ հայերու ձեռամբ գործուած հրձիգութիւն, այլ ոչ թէ նոյնինքն Մուսթաֆա Քեմալի հրահանգով գործուած մեծ ոճիր։
Խեղաթիւրումի նոյն այդ քաղաքականութեան «հաւատարիմ» մնալով՝ թրքական աղբիւրները 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումը թուրքերը կը ներկայացնեն իբրեւ բնական աղէտ, այդ ալ առաւելաբար թրքական եւ... հրէական թաղամասերուն վնասած պատուհաս։
Հայկական Հարցի եւ Հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը թրքական խեղաթիւրումներուն դէմ պաշտպանելու ընդհանուր ծիրին մէջ, կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնել, տեղեկագրել եւ ըստ արժանւոյն քաղաքական գնահատական տալ նաեւ 1841ին, թուրքերու ձեռամբ, Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասի հրկիզումին։
Յատկապէս քաղաքական գնահատականի առումով պէտք է տեսնել, թէ թուրքերը ինչո՛ւ դիմեցին Զմիւռնիայի հայկական թաղամասը հրկիզելու քայլին։
Օսմանեան Կայսրութեան արեւմտեան ափին՝ նաւահանգիստ այդ քաղաքը իր ժամանակին միջազգային առեւտուրի ամէնէն եռուն կեդրոններէն էր, որ իր կարեւորութեամբ եւ գործառնութեանց ծաւալով կը զիջէր միայն Կոստանդնուպոլսոյ։
Իսկ 1841ի վիճակագրական տուեալներով՝ Զմիւռնիայի 200.000 բնակչութեան հազիւ 43 տոկոսը թուրք կամ թրքախառն էին։ Աւելի քան 45 տոկոսը յոյներ ու հայեր էին։ Կային նաեւ շուրջ 10 տոկոս հրեաներ, որոնց առեւտրական եւ հոգեմտաւոր կեդրոնացման հռչակաւոր կեդրոններէն մէկը դարձած էր շեշտակիօրէն եւրոպական դիմագիծ ունեցող Զմիւռնիան։
1839ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հռչակուեցաւ Թանզիմաթը (բարենորոգումներու հռչակագիրը), որ ատենի Եւրոպայի «հիւանդ մարդու»ն անփառունակ վախճանը դանդաղեցնելու թրքական յուսահատական քայլ մըն էր։ Սուլթանն ու իր պալատականները, յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ հոգատարութեան ներքոյ, ակամայ համակերպեցան Թանզիմաթի բարեկարգումներուն, որոնք բոլոր օսմանցիներու միջեւ, առանց կրօնքի եւ ազգի խտրութեան, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն եւ ինչքի իրաւունք ու ապահովութիւն կը խոստանային։
Համակերպումի նման տրամադրութիւն չունէին, սակայն, ոչ միայն թուրք ու քիւրտ ամբոխային տրամաբանութիւնը, այլեւ ու մանաւանդ հայ եւ յոյն վաճառականներու եւ յաջողած արհեստաւորներու մրցակից թուրքերը։ Յատկապէս Պոլսոյ եւ Զմիւռնիայի նման վաճառականական, առեւտրական եւ արհեստաւորական մեծ կեդրոններուն մէջ, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը լրջօրէն կը սպառնար սանձ դնել թրքական օրինազանցումներուն՝ համեմատաբար ազատ ու իրաւահաւասար մրցապայքարի պայմաններ առաջացնելով։
Պէտք չէ բացառել, հետեւաբար, որ 1841ի Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումը եղաւ հետեւանքը Թանզիմաթի հռչակումին դէմ կատաղած թրքական այլամերժութեան։
1841ը նաեւ յունական ապստամբութեանց տարեգրութեան մէջ յիշատակելի թուական է։ Թէեւ օսմանեան բանակը կարողացաւ ճզմել յունական ապստամբութիւնը, բայց ազատագրական պայքարի ալիքը Յունաստանէն տարածուեցաւ նաեւ դէպի հիւսիս՝ դէպի Պալքաններ, որոնց ըմբոստացման խլրտումները եւ, մանաւանդ, դէպի Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գաւառներ տարածումը իրենց սաղմին մէջ խեղդելու առումով՝ կանխազգուշական ազդարարութիւն մը եղաւ Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումը։
Այս առումներով հայ պատմաբաններու ճիտին պարտքն է ճշմարտութեան ամբողջական լուսաբանումը։
Մանաւանդ որ 1841ին Զմիւռնիոյ հայութիւնը կը գտնուէր իր զարգացման բարձրակէտին՝ իբրեւ կարեւոր կեդրոններէն մէկը թէ՛ հայ մշակոյթի ծաղկումին, թէ՛ հայ գործարար եւ ձեռներէց խաւի յաջողութեանց։
Մինչեւ 1260ական թուականները կþերկարին Զմիւռնիոյ մէջ հայերու ներկայութեան եւ հայկական հոգեմտաւոր կոթողներու վերաբերեալ յիշատակութիւնները։ Իսկ Շահ Աբբաս Առաջինի հրահանգած բռնագաղթէն ետք, 1605ին, աւելի քան հազար հայ ընտանիքներ, Նախիջեւանէն, Երեւանէն եւ Ղարաբաղէն գաղթած են դէպի Զմիւռնիա։ Նաեւ 18րդ դարավերջին, Աղա Մեհմէտ Խանի արշաւանքէն յետոյ, Աշտարակէն, Օշականէն եւ յարակից շրջաններէն աւելի քան 300 հայ ընտանիքներ գաղթած ու հաստատուած են Զմիւռնիա։ Նորեկ հայերու այդ հոսքը, գործարարութեան եւ ձեռներէցութեան մրցակից նոր ուժի առաջացումով, բնականաբար պիտի մտահոգէր Զմիւռնիոյ հին բնակիչները։ Բայց այս վերջիններէն միայն եւ յատկապէս թուրքը կրնար մտածել, որ Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումով ի վիճակի պիտի ըլլար կոտրելու հայերու... մրցունակութիւնը։
Վերջին հաշուով՝ 10 Յուլիս 1841ի հայկական թաղամասի հրկիզումով, Զմիւռնիոյ հայութիւնը ապրեցաւ ահաւոր նախերգանքը իննիսուն տարի յետոյ քաղաքի յոյն եւ հայ բնակչութեան վերապահուած մեծ ողբերգութեան՝ Սեպտեմբեր 1922ի Քեմալական Թուրքիոյ բարբարոսութեան, որ չբաւարարուեցաւ միայն քաղաքի հրկիզումով, այլեւ հազարաւորներով անպաշտպան յոյներ եւ հայեր ուղղակիօրէն ծով թափեց ու ջրամոյն սպանդի ենթարկեց։
Թրքական այլամերժութեան եւ ցեղասպանական վարքագծին վկայութիւն մըն է 10 Յուլիս 1841ին Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումը։
Ն.