Ռազմական կազմակերպուածութեամբ
դիմադրութեան գաղափարը խարսխող պատմական դէպքը
115 տարիներ առաջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն հազիւ եօթ տարի ետք, կը ծրագրուէր եւ կ'իրագործուէր Խանասորի արշաւանքը: 1897ի Յուլիս 25ին, մէկ օրուայ մէջ, Դաշնակցութեան ֆետայիները կը յաջողէին խոր տպաւորութիւն ստեղծող յարձակումը կա- տարել, որ խիստ ազդարարութիւն մը պիտի դառնար՝ ուղղուած հայութեան թշնամիներուն:
Հայ ժողովուրդին մօտ յեղափոխութեան եւ դիմադրութեան գաղափարը մշակող քայլերու ձեռնարկած էր Դաշնակցութիւնը՝ անդրադառնալով, թէ զէնքի ուժն էր այն, որ ժողովուրդին պիտի վերադարձնէր իր արժանապատուութիւնը եւ ապագայի աւելի լաւ օրերու յոյսը պիտի ստեղծէր։ Խանասորի արշաւանքին կազմակերպումը պարզ դիմադրութեան դէպքէ մը շատ աւելին էր, այն իմաստով որ երկար մտածուեցաւ, ուսումնասիրուեցաւ, մանրամասնօրէն ծրագրուեցաւ եւ իրագործուեցաւ։ Հաւաքական դիմադրութեան հատուկտոր գործողութիւններէն անդին՝ Խանասորի արշաւանքին առիթով կամաւորներ համախմբուեցան, մարզուեցան, որպէսզի կատարեալ յարձակում մը իրագործեն։
Այդպէս ալ եղաւ։
Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ իրագործուած արշաւանքը հանդիսացաւ պատերազմական այն գործողութիւնը, ուր նորաստեղծ ֆետայական խումբեր կանոնաւոր բանակի կերպարը ստացան եւ յաջողցուցին մեր առաջին ռազմական յաղթանակը։
Պէտք չէ անտեսել, թէ տարբեր տեսակէտներու եւ պահպանողական կեցուածքներու դէմ յանդիման կանգնած էր հայ կամաւորական ջոկատը, որու գործը պէտք էր համակարգել, միասնականացնել ու ղեկավարել։ Կամաւոր զինւորները կազմակերպելու եւ բանակի մը կարգապահութեամբ ու օրէնքներով հսկելու պարտականութիւնն էր, փաստօրէն, որ Դաշնակցութիւնը կը ստանձնէր, երբ քրտական ցեղին ծանրագոյն պատիժ տալու որոշումը կ'առնէր։
Հայ տառապած զանգուածներու սրտերը յարգանքով եւ հպարտութեամբ կը լեցուէին Խանասորի արշաւանքով եւ մեր ժողովուրդը կը սկսէր անդրադառնալ սեփական ուժերով յեղափոխութիւն յաջողցնելու անհրաժեշտութեան ու կարեւորութեան:
Պարտուողական ու զիջողական կեցուածքը իր տեղը կուտար պահանջատէր ու ինքնավստահ հայու հոգեբանութեան, որ կþուժեղացնէր դիրքերը Ազատութեան դրօշը պարզած հայութեան։
Հայ ֆետայիներու անսակարկ նուիրուածութիւնն ու անսահման հայրենասիրութիւնը կը դառնային երաշխիքը անզէն հայութեան անվտանգութեան։
Խանասորի արշաւանքը, իր իրագործումէն 115 տարիներ ետք ալ, կը մնայ անգերազանցելի պատմական այն քաջագործութիւնը, որ ռազմական կազմակերպուածութեան գաղափարը խարսխեց հայոց ազգային յիշողութեան մէջ: