1923 թուականի Յուլիս 24ի այս օրը սեւ էջ մը բացուեցաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան յուշատետրին մէջ՝ խորհրդանշելով Հայկական Հարցի մեծապետական ուրացումը եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն շուրջ լռութեան պատ հիւսելու պատեհապաշտութիւնը։


Յուլիսի այդ օրը, 89 տարի առաջ, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրքեւյունական խաղաղութեան դաշնագիր, առաջին ակնարկով Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի հետ ուղղակի աղերս չունի Լօզանի Դաշնագիրը։
Բայց որովհետեւ Լօզանի դաշնագիրը եկաւ փոխարինելու 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը, հայ քաղաքական միտքը աւելի քան ութ տասնամեակներէ ի վեր զայն կը նկատէ մեծապետական ամօթալի լռութեան եւ խայտառակ ուրացման դատապարտելի փաստաթուղթ մը։
Փաստացիօրէն, Լօզանի Դաշնագիրը իրաւաբանական դիտանկիւնէ միայն մասնակի ջնջումի եւ փոխարինման ենթարկեց Սեւրի Դաշնագիրը՝ որոշապէս արեւելեան Թրակիոյ ու յոյնեւթրքական միջ¬պետական սահմանագծումներու վերաբերեալ նոր տրամադրութիւններ հաստատագրելով։ Այսուհանդերձ՝ որովհետեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանագծումին վերաբերեալ Սեւրի դաշնագրին ամրագրած Ուիլսընեան իրաւարարութեան վրայէն «լուռ» անցաւ Լօզանի դաշնագիրը, ո՛չ անոր ջնջումը եւ ոչ ալ վերահաստատումը կատարեց, հայ ժողովուրդը իրաւացիօրէն Դաշնակիցներու «մեծ ուրացում»ը տեսաւ 24 Յուլիս 1923ին ստորագրուած միջազգային այդ փաստաթուղթին մէջ։
Ռազմաքաղաքական ծանրագոյն պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը։ Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումը կատարած Սեւրի Դաշնագրին ստորագրութենէն ետք, Մուսթաֆա Քեմալի թուրք ազգայնամոլական շարժումը բուռն կռիւներ մղեց փլուզուած կայսրութեան թէ՛ արեւմուտքին եւ թէ արեւելքին...
Լենինի Ռուսաստանին հետ մեղսակցաբար՝ Քեմալ «յաջողեցաւ» կործանել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ֆրանսացիներու հետ գաղտնի գործարքով, Քեմալ «կրցաւ» հայութենէ վերջնականապէս պարպել եւ իր տիրապետութեան ենթարկել առաւելաբար հայերով, յոյներով, արաբներով եւ ասորիներով բնակուած Կիլիկիան։ Քեմալական այդ «նուաճումներուն պսակումը» եղաւ Հոկտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը՝ հարիւր-հազարաւոր յոյն եւ հայ գաղթականներու իրենց հայրենի բնօրրանէն արտաքսումով...
Յաղթական Քեմալի կողմէ պարտադրուած դաշնագիր մը հանդիսացաւ Լօզանի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը։ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը պաշտօնապէս բացուեցաւ 20 Նոյեմբեր 1922ին եւ աւելի քան ութ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Մ. Նահանգներու միջնորդութեամբ ու հովանաւորութեամբ, ի վերջոյ ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923ին։
Բանակցութեանց մասնակցող թրքական կողմը կը գլխաւորէր Իսմէթ Ինէօնիւ. յունական կողմի ներկայացուցիչն էր Էլեֆթերի Վենիզելոս. անգլիական պատուիրակութեան նախագահն էր լորտ Քըրզըն. իսկ ամերիկեան միջնորդութեան ղեկավարն էր ծովակալ Պրիսթոլ։ Դաշնագիրը ստորագրեցին, վերոյիշեալ քառեակի կողքին, Ֆրանսա, Իտալիա, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա եւ Ճափոն։
Թէեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը, Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ եւ Աւետիս Ահարոնեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան աջակցութեամբ, դիւանագիտական բուռն աշխատանք ծաւալեց, որպէսզի հայեւթուրք հարցի վերաբերեալ Սեւրի Դաշնագրին տրամադրութիւնները վերահաստատուին, բայց բախեցան թրքական պատուիրակութեան կտրուկ մերժումին։ Հետեւանքը եղաւ այն, որ դաշնակից մեծ տէրութիւնները շրջանցեցին հայկական պահանջը եւ բաւարարուեցան Լօզանի դաշնագրին մէջ մտցնելով 16րդ յօդուած մը, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն վերաբերեալ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման: Յօդուածը յստակօրէն կ’ամրագրէ, նաեւ, թէ՝ «Ներկայ յօդուածին տրամադրութիւնները չեն կանխեր դրացիական յարաբերութիւններէ բխող որեւէ յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են կամ կրնան կատարուիլ Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկիր(ներու) միջեւ»:
Բացայայտ է, որ Դաշնակիցները ուրացան իրենց խոստումներն ու յանձն առած պարտաւորութիւնները Հայ Դատի արդար լուծման նկատմամբ։ Բայց նաեւ ընդդիմացան Հայաստանի եւ հայութեան առընչուող Սեւրի Դաշնագրին յօդուածներն ու տրամադրութիւնները ջնջելու եւ նոր՝ թրքանպաստ յօդուածներով փոխարինելու թրքական կողմի պնդումներուն։
Այդ հիման վրայ, Թուրքիա շուրջ 90 տարիէ ի վեր կը փորձէ ամէն առիթ օգտագործել եւ ամէն «պատեհութիւն» ստեղծել, որպէսզի ինչպէս հայեւթուրք յարաբերութեանց «կարգաւորման», այնպէս եւ տարածաշրջանային թէ միջազգային իր դիրքին հաստատագրման ընթացքին «ամբողջացնէ» Լօզանով սկսած իր մեծապետական յաղթարշաւը...
Մեծապետական քաղաքականութիւնը եւս, ահա 89 տարիէ ի վեր, Լօզանի մէջ իր գործած պատմական սխալը սրբագրելու փոխարէն, կը շարունակէ Թուրքիան սիրաշահելու միեւնոյն պատեհապաշտութիւնը՝ այդ նպատակով լռութեան մատնելով հայ ժողովուրդի քաղաքական հատուցման արդարագոյն պահանջը։
Տակաւին երեք տարի առաջ էր, դարձեալ Զուիցերիոյ մէջ ստորագրուած Հայեւթուրք տխրահռչակ Փրոթոքոլի առիթով, որ մեծապետական աշխարհը իր օրհնութիւնը տուաւ Հայաստանը քաղաքականօրէն ծունկի բերելու թրքական դիւանագիտութեան նորագոյն փորձին ու խարդաւանքին։
Լօզանի դաշնագրին ստորագրութենէն 89 տարի ետք ալ Թուրքիա հետեւողական ու տենդագին ճիգ կը թափէ, որպէսզի այդ դաշնագրին տայ իր նախասիրած մեկնաբանութիւնը՝ պնդելով, որ ժամանակն է վերանայելու Սեւրի Դաշնագրով նախատեսուած ու Մ. Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած սահմանները... Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։
Բոլորէս առաջ թրքական պետութիւնը ինք շատ լաւ կը գիտակցի, որ նոյնիսկ Լօզանի ուրացումով՝ փաստօրէն չփոխարինուեցաւ արդարութեան ուղղութեամբ նետուած Սեւրի Դաշնագրին պատմական քայլը։
Կը մնայ, որ մեր ժողովուրդը ի՛նլ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ, ամրօրէն կառչած մնայ Լօզանի ամօթալի դաշնագրէն անդին անցնելու եւ իրաւատէր կանգնելու Սեւրի դաշնագրով միջազգային ճանաչումի արժանացած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդար սահմանագծումին։

Ն.