19րդ դարը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի իր երկու թեւերով՝ արեւմտահայութեամբ եւ արեւելահայութեամբ արդի ժամանակներ մուտք գործելու յաղթարշաւին Զարթօնքի Դարաշրջանը։
Իսկ 19րդ դարու հայոց զարթօնքը հունաւորած արժանաւորներու փաղանգին մէջ, իբրեւ մեծ հայագէտ, իր արժանի տեղը կը գրաւէ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան, որուն վախճանման 131րդ տարելիցը կը լրանայ Յունուար 9ի այս օրը։


Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան կը պատկանէր Հայր Յ. Գաթըրճեան։ Պատմագիր էր ու մատենագէտ, լեզուաբան էր ու թարգմանիչ, որ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ հայագիտութեան զարգացման մէջ՝ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու երթն ու ստեղծած հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը քննականօրէն ուսումնասիրելով եւ արժեւորելով իբրեւ անբաժանելի ու հարստացնող բաղադրիչը համաշխարհային պատմութեան ու քաղաքակրթական զարգացման։
Յատկապէս պատմագիտութեան եւ լեզուագիտութեան ասպարէզներուն մէջ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան եղաւ դրօշակիրներէն մէկը հայագիտական մտքի արդիականացման.
¬ Հայ ժողովուրդի պատմական ժամանակաշրջանները բաժնեց համաշխարհային պատմութեան հոլովոյթին համահունչ փուլերու եւ բաղդական ուսումնասիրութեան արժանացուց զանոնք։
¬ Դասական հայերէնի մաքրազտման տեսութիւնը մշակեց եւ մեծ թափով լծուեցաւ հայոց Մայրենին հինգերորդ դարու թարգմանիչներու երկրորդ սերունդին բերած օտարաբանութիւններէն ձերբազատելու գործին։
Իր այդ վաստակին համար ալ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան արժանի տեղ գրաւեց հայագիտութիւնը վերաթարմացնելու եւ միջազգային յառաջխաղացքին զուգահեռ զարգացնելու Վիեննայի Մխիթարեաններու մեծարժէք աւանդին մէջ։
Ծնած էր 19 Փետրուար 1820ին Կ. Պոլիս, ուր եւ իր մահկանացուն կնքեց 1882ի Յունուար 9ին։ Հազիւ պատանի՝ 1833ին ուղարկուեցաւ Վիեննա, ուր 1839ին օծուեցաւ կուսակրօն քահանայ եւ, իբրեւ այդպիսին, աւելի քան քսան տարի իր մասնակցութիւնը բերաւ Մխիթարեաններու ծաւալած մշակութային եւ իմաստասիրական վերանորոգման շարժումին։
1861ին վերադարձաւ Կ. Պոլիս՝ նշանակուելով Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի վարիչ¬տնօրէն. պաշտօն՝ որուն արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ մինչեւ իր վախճանումը։
Պատմաբաններու վկայութեամբ, 1849ին եւ 1852ին Վիեննայի մէջ հրատարակուած Հայր Յ. Գաթըրճեանի «Տիեզերական պատմութիւն» ծաւալուն աշխատասիրութեան Ա. եւ Բ. հատորները (յաջորդաբար Հնադարեան եւ Միջնադարեան ժամանակաշրջաններու ընդհանուր ազգաց պատմութեան նուիրուած) նոր ուղի բացած են հայ մտքին առջեւ՝ զայն վերաթարմացնելով պատմագիտական արդիական մօտեցումներու պատուաստման ու համաշխարհային յառաջընթաց շարժումին հետ համարկումի ճամբով։
Ծանօթ է, որ Մխիթարեաններու Վիեննական «դպրոց»ը կը յատկանշուի գերմանական իր ներշնչումով եւ անկէ բխող գիտական հայեցակարգով ու իմաստասիրական կարգապահութեամբ։ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան այդ գիտական մօտեցումը բերաւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ մայրենիի ուսումնասիրութեան, հարստացման ու մաքրազտման մեծ գործի անդաստանին։
Մինչեւ Գաթըրճանի «Տիեզերական պատմութիւն»ը, հայերէն լեզուով գոյութիւն չունէր համաշխարհային պատմութիւնը ներկայացնող գիտական աշխատասիրութիւն։ Հեղինակը ծրագրած էր «Տիեզերական Պատմութիւն»ը գրել հինգ հատորով՝ բաժնելով «Հին», «Միջին» եւ «Նոր» շրջաններու։ «Հին»ը կþընդգրկէ աշխարհի ստեղծումէն մինչեւ արեւմտեան Հռոմէական Կայսրութեան անկումը 480 թուին։ «Միջին»ը կը հասնի մինչեւ Ամերիկայի յայտնագործումը՝ 1492ին։ Իսկ «Նոր» շրջանը պիտի ընդգրկէր Ամերիկայի յայտնագործումին հետեւող ժամանակաշրջանը։ Բայց Գաթըրճան յաջողեցաւ իրագործել միայն առաջին երկու ժամանակաշրջաններուն նուիրուած պատմագրութիւնը։
Հայոց պատմութիւնը ներառնուած է ընդհանուր ազգաց պատմութեան մէջ եւ ներկայացուած է համաշխարհային զարգացումներու խորապատկերով։ Ընդհանրապէս կրօնական մօտեցումով ու մեկնաբանութիւններով կը յատկանշուի Հայր Գաթըրճեանի պատմագրութիւնը։ Օրինակ՝ Վարդանանց Պատերազմն ու անոր հետեւած Հինգերորդ դարու հայոց ազատագրական շարժումը Գաթըրճեան զուտ կրօնական դիտանկիւնէ արժեւորած է։
Հայոց Հաւատամքը յուզող դաւանաբանական հարցերու քննարկման առումով եւս ուշագրաւ ներդրում է 1864ին լոյս տեսած Գաթըրճեանի «Հիմնական տարբերութիւն Կաթողիկէ եւ Էջմիածնական դաւանութեանց» գործը։ Նոյնպէս յիշատակելի է 1891ին, յետ¬մահու հրատարակուած անոր «Հանգանակ Հաւատոյ...» երկը։
Նաեւ լեզուագիտական ու թարգմանական բազմաթիւ գործերով հարուստ է Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանի ժառանգութիւնը։ Յատկապէս դասական հայերէնը օտարաբանութիւններէ մաքրագործելու, յղկելու եւ զարգացնելու առումով հիմնական արժէք կը ներկայացնէ Հայր Գաթըրճեանի վաստակը։ Հետեւելով լեզուներու ծագման Աստուածաշնչեան մեկնաբանութեան՝ Գաթըրճեան հիմնաւորած է Հայերէնի հնդեւրոպական ծագումն ու զարգացման ուղին։
Իր կտակած բանասիրական հարուստ ժառանգութեամբ՝ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան հանդիսացաւ հայագիտութեան արդիականացման եւ ժամանակակից տեսութիւններով պատուաստումին վաստակաշատ նախակարապետ մը։

Ն.