Օգոստոս 8ին, 21 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայութիւնը կորսնցուցին հայակերտ Արծուաշէնը, որ Արցախեան Ազատամարտի ամբողջ տեւողութեան հերոսաբար մաքառած էր ազերիական ասպատակումներուն դէմ, բայց որ պատերազմի վերջին փուլին ինկաւ թշնամիի գրաւման տակ։

Արծուաշէնը համեմատաբար նորակերտ գիւղ է, որ ունի 4 հազար քառակուսի քիլոմեթր մակերես եւ կը գտնուի Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի արեւելեան կողմը։ Գիւղը կառուցած են Շամշատինէն տեղափոխուած հայեր՝ 1854 թուականին։ Ժամանակի ընթացքին գիւղը զարգացման կարեւոր ճամբայ կտրած է եւ վերածուած է աւելի քան չորս հազար հայ բնակչութեամբ բարգաւաճ՝ քաղաքատիպ աւանի, ուր մինչեւ Արցախեան Ազատամարտի բռնկումը կը գործէին չորս գործարաններ։

Ռազմագիտական կարեւոր դիրք ունեցող Արծուաշէնի գրաւման համար ատրպէյճանական զօրքերը իրենց ասպատակումները սկսան 1989 թուականին, բայց ամբողջ երեք տարի բախեցան արծուաշէնցիներու հերոսական դիմադրութեան եւ շարունակ ետ շպրտուեցան։

Հայաստանի վերանկախացման հետեւած ամիսներուն, երբ խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումէն օգտուելով՝ Ատրպէյճան կը փորձէր բիրտ ուժով իր վերանկախացեալ պետութեան սահմանները ընդարձակել Հայաստանի հաշւոյն, յարձակումները սաստկացան Արծուաշէնի վրայ։ Օգոստոս 1992ի սկզբնաւորութեան արդէն դժուարացած էր գիւղին ինքնապաշտպանութիւնը եւ զանգուածային սպանդի վտանգը ստուգապէս կը սպառնար արծուաշէնցիներուն։ Այդ օրհասական պայմաններուն մէջ կայացուեցաւ Արծուաշէնը թշնամիին յանձնելու եւ հազարաւոր արծուաշէնցիներու կեանքը ստոյգ մահէ փրկելու ծանր որոշումը։

Արծուաշէնցիները հեռացան իրենց կերտած շուրջ 150ամեայ գիւղէն ու հաստատուեցան 3 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ճամբարակի մէջ, որ հայկական զօրքերու պաշտպանութիւնը կը վայելէր։

Անդրադառնալով Արծուաշէնի անկման 20ամեակին, տարի մը առաջ, Արծուաշէնի նախկին գիւղապետ եւ այսր համայնքի ղեկավար Մամիկոն Խեչոյեան կը յայտարարէր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին.- «Ամենաթանկ բանը մարդու համար հարազատի կորուստն է, իսկ մենք կորցրել ենք մայր հողը՝ մեր Արծուաշէնը, ինչը յանձնուել է Ադրբեջանին: Արծուաշէնցիները, լքելով իրենց բնակավայրը, այսօր հիմնականում ապրում են Գեղարքունիքի մարզում եւ չեն լքել մեր հայրենիքը»։

Նոյնպէս արծուաշէնցի՝ պատմաբան Եուրա Ղուլեան իր կողմէ կþաւելցնէր, թէ «Արծուաշէնի անկումը մեր յաղթանակած երկրի, մեր յաղթանակած բանակի միակ պարտութիւնն էր: Արծուաշէնն ունենալով 150 տարուայ պատմութիւն, երբեք չի կորցրել իր հայկականութիւնը եւ այնտեղ երբեք օտարը չի ապրել: Արծուաշէնի կորուստը համահայկական կորուստ է, մեզ կը հասկանան նրանք, ովքեր հայրենի հողի կորուստ են ունեցել»։

Արծուաշէնի անկման յաջորդած աւելի քան քսան տարիներու ընթացքին, իրենց ձեռներէցութեան եւ աշխատունակութեան շնորհիւ, արծուաշէնցիները յաջողած են տեղահանի իրենց կեանքի պայմանները բարելաւել, բայց ունին մնայուն օժանդակութեան կարիք։

Արծուաշէնէն տեղահանուածներուն 80 տոկոսը այսօր կ'ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։ Մնացեալները աւելի քան 10 տոկոս, արտագաղթած են Ռուսաստանի տարբեր շրջաններ, իսկ փոքր տոկոս մըն ալ արտասահման։

Հայաստան մնացած են արծուաշէնցի 719 ընտանիքներ, որոնց 664ը Ճամբարակի, իսկ 55ը տարբեր շրջաններու մէջ։ Անոնք կը դիմագրաւեն բնակարանային դժուարութիւններ։ Օրինակ՝ Ճամբարակ հաստատուած շուրջ 1800 արծուաշէնցիները կը բնակին փայտէ տուներու մէջ։ Հ.Հ. Կառավարութեան որոշումով՝ առջի տարի, արծուաշէնցիներուն յատկացուեցաւ 708 միլիոն դրամ, իւրաքանչիւրին՝ 360.000 դրամ: Այդ գումարը անոնք եռապատկած են եւ փորձած են ըստ հնարաւորինս բարեկարգել իրենց բնակարանները եւ ստեղծել յարմարաւէտ պայմաններ։

Բայց արծուաշէնցիները չեն մոռցած եւ չեն կրնար մոռնալ իրենց հայրերուն կերտած Արծուաշէնը եւ այսօր ալ, ցաւով ու ընդվզումով, կը նշեն.-

«Ժամանակին Արծուաշէնը պաշտպանելու համար պէտք էր 11.000 զինուոր, սակայն այդ ժամանակ ընթանում էր ղարաբաղեան պատերազմը եւ այդքան ուժեր հայկական կողմը չէր կարող յատկացնել Արծուաշէնի պաշտպանութեան համար, բոլոր ուժերը կենտրոնացած էին Ղարաբաղում»։

Արդէն 21 տարի անցած է Արծուաշէնի յանձնումէն ու կորուստէն ասդին, բայց ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս եւ աշխարհով մէկ հայրենի հող կորսնցուցած իրաւատէր հայութիւնը դեռ չէ հաշտուած եւ չի կրնար ալ հաշտուիլ «կատարուած իրողութեան» հետ։

Նոյնիսկ այսօր, երբեմնի հայապատկան Արծուաշէնէն տեղահանուած հայութեան համայնքային ու քաղաքական ներկայացուցիչները ընդվզումով կþանդրադառնան այն փաստին, թէ օրին Հ.Հ. իշխանութիւնները ստիպուեցան դիմելու Արծուաշէնի յանձնման քայլին, որպէսզի Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած ճնշումին կարենային դիմադրել։

Արծուաշէնը թէեւ հայկական ու հայաբնակ հող էր, բայց խորհրդային լուծի տակ վարչականօրէն տրուած էր Ատրպէյճանի։ 1989ին հայ ազատամարտիկները, իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայկական Բանակի ռազմիկները հերոսաբար դիմադրեցին թշնամի բոլոր յարձակումներուն։ Ինչպէս որ արծուաշէնցիք կը վկայեն՝

«Արծուաշէնի պաշտպանութիւնն իրականացրել են Վանաձորի 016 մոտոհրաձգային գնդի տղաներն, ովքեր այդ օրերին մի քանի հազար մարդու կեանք կարողացան փրկել՝ ապահովելով նրանց դուրսբերումն արդէն օղակուած Արծուաշէնից:

«Ի դէպ, Օգոստոսի 7ին (1992ին) գնդի 12 զինուոր մնաց փակուած օղակում: Նրանց դիերը հայակական կողմին յանձնելիս՝ ադրբեջանցի գնդապետներից մէկն ասել էր.- «Կռուեցին մինչեւ վերջին փամփուշտը: Նրանք ձեր ազգի պարծանքն են»:

«Ադրբեջանցիներն արծուաշէնցիներին իրենց բնակավայրը լքելու համար ընդաէենը մեկ ժամ էին տուել, արդիւնքում Արծուաշէնից տեղահանուեց մօտ 700 ընտանիք՝ մօտ 2000 մարդով»…

Նման պայմաններու մէջ կատարուած Արծուաշէնի կորուստը մինչեւ այսէր ցաւով ու ընդվզումով կը համակէ միտքն ու սիրտը պահանջատէր հայութեան, որ հայրենի հողի կորուստին անդարմանելի վէրքը կը կրէ կուրծքին տակ։

 Ն.