- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբերի վերջին օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան 20րդ դարու լուսաւոր դէմքերէն՝ տաղանդաւոր բանաստեղծ Գէորգ Էմինի։
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբեր 28ի այս օրը, 139 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհն ու համայն հայ ժողովուրդը բախտաւորուեցան ծնունդովը վերածնուող մեր ազգի ու հայրենիքի լուսաւորութեան սրբազան գործը կազմակերպական ամուր հիմերու վրայ դնող ուսումնական սերնդակերտ Օճախով մը։
- Details
- Category: Յուշատետր
1918ի այս օրը՝ 26 Սեպտեմբերին, նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին եւ յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի հրամանագրով գործադրութեան յանձնուեցաւ քաղաքացիներու մօտ գտնուող սեփական զէնքերու եւ զինամթերքի պետականացման՝ առգրաւման կառավարական որոշումը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբեր 25ի այս օրը, 69 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներէն Մանուկ Աբեղեան, որ յաւերժ արժանի պիտի մնայ հայոց սերունդներու երախտագիտութեան՝ հայ գրականագիտութեան, բանասիրութեան եւ լեզուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ իր կատարած գիտական բազմավաստակ, այլեւ հսկայական ներդրումին համար։
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբեր 24ի այս օրը, 93 տարի առաջ, բռնկեցաւ պատմութեան ծանօթ առաջին հայ¬թրքական պատերազմը, որ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ թուականներէն մէկը եւ, իր ծանրագոյն հետեւանքներով ու դաժան դասերով, անջնջելի եւ առանձնայատուկ տեղ գրաւեց հայոց ազգային յիշողութեան մէջ։