1914ի այս օրը, Սեպտեմբեր 23ը, չարաբաստիկ թուական մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար։

Ինքնին 1914ի աշնանամուտը ամբողջ աշխարհը տագնապեցնող խառն, խռովալի եւ օրհասական ժամանակաշրջան էր։

Հին աշխարհը, Եւրոպայի տարածքին ամէնուրեք, տակաւ կը մխրճուէր արագօրէն բռնկող աշխարհասասան մեծ պատերազմի արեան, կրակի ու աւերածութեան ոլորապտոյտին մէջ։

Սեպտեմբեր 21ին, ամէն տարի, ահա՛ 22 տարիներէ ի վեր, Հայաստանի անկախութեան փաստն ու խորհուրդը ազգային հպարտութեան խորագոյն ապրումներով կը համակեն հայ մարդոց միտքն ու սիրտը։

19 Սեպտեմբերի այս օր կը լրանայ ծննդեան 144ամեակը հայ գրականութեան մեծատաղանդ արժէքներէն Երուանդ Օտեանի, որ հայկական երգիծանքը բացաւ նոր հորիզոններու՝ այնքան սիրուած ու փնտռուած գրական այս սեռին անվիճելի հիմնադիրին ու հանճարին՝ Յակոբ Պարոնեանի իւրօրինակ, այլեւ արժանաւոր յաջորդը դառնալով։

«Առանց երեւակայութեան հոգին նոյնն է, ինչ աստղադիտարանը առանց հեռադիտակի»։

Հայու Հոգին եւ գիտական իմացութիւնը այսպիսի՛ խորութեամբ եւ իբրեւ մէկ անբաժանելի ամբողջութիւն ընկալած, անսանձ թռիչքի վերածած Հայը եղաւ Վիկտոր Համբարձումեան, որուն ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդը կը նշէ ամէն Սեպտեմբեր 18ի օրը։

Սեպտեմբեր 17ին, 165 տարի առաջ, ատենի հայութեան գլխաւոր կեդրոններէն Թիֆլիսի մէջ, մեր ժողովուրդը մեծ ցնծութեան մէջ էր։