Սեպտեմբեր 16ին, 192 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ ծնաւ Յովսէփ Շիշմանեան անունով տաղանդաւոր հայ մը, որ ճակատագրուած էր դառնալու մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին գլխաւոր քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն մէկը։
Մասնագիտական ուսումով եւ ասպարէզով ան բժիշկ դարձաւ, իսկ հայ գրականութեան մեծերու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւեց ու յաւերժացաւ Ծերենց գրչանունով։
Հանդիսացաւ ազգային-ազատագրական պատմավէպի արեւմտահայ նահապետը, որ գեղարուեստական տաղանդաւոր մշակումով յատկանշուող իր գործերով՝ ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնավստահութիւն ջամբեց սերունդներուն։ Հայրենասիրութեան ու ազատագրական պայքարի անշէջ հուրը ան վառեց ժամանակի հայ երիտասարդութեան մտքին եւ սրտին մէջ։
Հայ գրականութեան պատմավէպի իշխանին՝ Րաֆֆիի հետ միասին, Ծերենց ամբողջ դարաշրջան մը լուսաւորեց եւ խանդավառեց։ Տարիքով աւագն էր, բայց վիպագրական ասպարէզ իր ուշ մտքով՝ Ծերենց դարձաւ Րաֆֆիի սերնդակիցը։ Անոնք միասնաբար ազգային-հայրենասիրական պատմավէպի միեւնոյն մետալին երկու երեսներուն վրայ դրոշմեցին իրենց դիմանկարը։ Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը՝ հայոց ազգային-ազատագրական պատմավէպը գեղարուեստական բարձունքի հասցուցած երկու մեծ գրողները նաեւ նոյն տարին, 1888ին մահացան. Րաֆֆի՝ 51 տարեկանին, իսկ Ծերենց՝ 66 տարեկան հասակին։
Անմիջապէս կþարժէ ընդգծել, որ պատմավէպը՝ իբրեւ գրական սեռ, մինչ այդ անծանօթ չէր հայ իրականութեան մէջ։ Աբովեան եւ Ալիշան բացած էին ճամբան, բայց շեշտակիօրէն հռետորական եւ քարոզի մշակում ունէին հայկական պատմավէպերը մինչեւ Ծերենց ու Րաֆֆի։ Ազգային-ազատագրական պայքարի ներշնչումով վէպերու, յատկապէս պատմավէպերու գեղարուեստական մշակումը իր առաջին հաստատ քայլերը նետեց Ծերենցով՝ արեւմտահայ, իսկ Րաֆֆիով՝ արեւելահայ գրականութեան մէջ։
Ծերենց թէեւ ուշ տարիքին (56 տարեկանին, 1877ին) լոյս ընծայեց իր առաջին պատմավէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, բայց անծանօթ գրչանուն չէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ։
Աշխարհաբարի որդեգրման ու մշակման նախակարապետներէն եղած էր, աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր հայոց Ազգային Սահմանադրութեան հաստատագրման պայքարին, նաեւ՝ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի հետ հաշտարար դերակատարութիւն ունեցած էր կաթոլիկութեան շուրջ ծաւալած Հասունեան եւ հակա-Հասունեան բուռն պայքարներու շրջանին, կաթոլիկ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան (Հասունեանական շարժումին) դէմ դիրքորոշուելով, բայց նաեւ կաթոլիկ հայերու դաւանական ազատ ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելով։
Յովսէփ Շիշմանեան ծնած էր կաթոլիկ ընտանիքի մէջ եւ ծնողները 10 տարեկանին զինք ղրկած էին Սուրբ Ղազար, Վենետիկ, Մխիթարեաններու մօտ ազգային-հոգեւոր ուսում ստանալու եւ կուսակրօն դառնալու համար։ Ուսումնատենչ Յովսէփը Մխիթարեաններէն առաւ ազգային հոգեմտաւոր իր սնունդը, գրական-մշակութային ճանաչումի եւ գիտութեան հարուստ պաշար հաւաքեց, տոգորուեցաւ Մխիթարեաններու ազգային-հայրենասիրական շունչով, բայց չուզեց կուսակրօն դառնալ 1837ին, երբ աւարտեց վանքի ուսումնական շրջանը. ան վերադարձաւ Պոլիս։
Անմիջապէս ուսուցչութեան հրաւիրուեցաւ եւ հայերէն լեզու, հայ գրականութիւն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդեց։ Բայց միայն քանի մը տարի դիմացաւ ուսուցչական ասպարէզին, որովհետեւ ազգային-ազատագրական պայքարի բուռն ապրումներով համակուած երիտասարդ Յովսէփը ուզեց շրջիլ հայրենի իր աշխարհով մէկ եւ մօտէն ճանչնալ թէ՛ մեր հողին, թէ՛ մեր ժողովուրդին։
1843ին մեկնեցաւ Թիֆլիս եւ հոնկէ ձեռնարկեց Արեւելեան ու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին իր երկարատեւ շրջագայութեան։ Հետագայ իր պատմավէպերուն համար տպաւորութիւններու եւ ծանօթութիւններու ամբողջ պաշար մը հաւաքեց, որ սակայն միայն իրեն չպահեց, այլ Ծերենց ստորագրութեամբ սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի մամուլին։
Պոլիս վերադարձէն ետք, 1848ին, որոշեց մեկնիլ Փարիզ եւ բժշկութեան հետեւիլ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ յեղափոխական վերիվայրումներու ժամանակաշրջան էր եւ 26ամեայ հայ երիտասարդը, բժշկական իր բարձրագոյն ուսման կողքին, միտքն ու հոգին լայնօրէն բացաւ ֆրանսական յեղափոխական շարժումներու գաղափարական խմորումներուն առջեւ՝ տոգորուելով ժողովրդավարական արժէքներն ու ընկերային արդարութեան գաղափարները պաշտպանելու սկզբունքայնութեամբ։
Փարիզեան իր կեցութիւնը նաեւ հնարաւորութիւնը ընձեռեց, որպէսզի Ծերենց մօտէն շփում ունենայ եւ մտերմանայ ֆրանսական մայրաքաղաքը գտնուող հայ ուսանողներու հետ, որոնց շարքին յատկապէս արեւմտահայոց ազգային զարթօնքի եւ Ազգային Սահմանադրութեան ռահվիրաներէն Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ստեփան Ոսկան եւ ուրիշներ։
1853ին, արդէն բժիշկ վկայուած՝ տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան վերադարձաւ Պոլիս։ Ամբողջ թափով նետուեցաւ ազգային-հասարակական եռուն գործունէութեան մէջ՝ հայրնասիրական-ազատագրական եւ հասարակական-յառաջդիմական շարժումներու աշխոյժ մասնակիցը դառնալով։
Գաղափարականօրէն ողջմիտ եւ լայնախոհ, զարգացած ու ազնիւ, բայց մանաւանդ սկզբունքային եւ համերաշխութեան ջատագով մարդ էր Ծերենց եւ, իբրեւ այդպիսին, հաշտարար դերակատարութիւն ունեցաւ հայ կեանքը ջլատող պառակտիչ վէճերու հարթեցման մէջ։ Ազգային-հասարակական կեանքի մէջ եղաւ ընդհանուր յարգանքի արժանացած հեղինակութիւն։
Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան ունեցաւ նաեւ հակառակորդներ, որոնք կառավարական շրջանակներու մօտ տարիներով չարախօսեցին անոր հասցէին իբրեւ յեղափոխականի։ Եւ երբ 1870ականներուն, նորակազմ բարեսիրական «Համազգեաց» ընկերութեան կողմէ ան ղրկուեցաւ Կիլիկիա, որպէսզի գիւղատնտեսական վարժարան մը հիմնելու կարելիութիւնները եւ յարմարութիւնները ուսումնասիրէ տեղւոյն վրայ, հակառակորդներն ու չարախօսները կրցան կասկածներ սերմանել կառավարական շրջանակներու մօտ՝ Ծերենցի «բուն», հակասուլթանական դիտաւորութեանց վերաբերեալ։
Իբրեւ «յեղափոխական»ի անոր գործունէութեան վերջ տալու նպատակով՝ կառավարութիւնը 1875ին յարմար գտաւ զինք ուղարկել Կիպրոս, կառավարական բժիշկի իր առաքելութիւնը հոն կատարելու համար, ինչ որ աքսոր էր խորքին մէջ։ Բայց Ծերենց աքսորականի իր կեանքը օգտագործեց՝ աւարտուն տեսքի բերելու համար իր պատմավէպերը։
Առաջինը եւ ամէնէն հռչակաւորը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ Բիւզանդիոնի հակահայ խարդաւանքներուն դէմ Կիլիկիոյ հայոց Թորոս իշխանին մղած երկարամեայ պայքարին հերոսապատումն է, 1877ին լոյս տեսաւ եւ արագօրէն լայն ժողովրդականութիւն ապահովեց արդէն 55ամեայ հեղինակին։
Ծերենց աքսորէն վերադարձաւ 1878ին, բայց այլեւս չուզեց Պոլիս ապրիլ։ Անցաւ Թիֆլիս, ուր հարս գացած աղջիկը կ'ապրէր։ Ներսիսեան վարժարանի մէջ ուսուցիչ եղաւ։ 1879ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ պատմավէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն, որուն նիւթը առնուած է Բագրատունեաց իշխանութեան շրջանէն եւ կը վերաբերի արաբական տիրապետութեան դէմ Յովնան Խութեցիի (Սասունցիի) ղեկավարած ազգային-ազատագրութեան պայքարին։
Իսկ 1881ին լոյս տեսաւ Ծերենցի երրորդ պատմավէպը՝ «Թէոդորս Ռշտունի»ն, որ կը վերաբերի 7րդ դարու արաբական արշաւանքներուն ժամանակ Հայաստանի կրած աւերածութիւններուն, հայ նախարարներու անմիաբանութեան եւ Թ. Ռշտունի իշխանին ապարդիւն ճիգերուն՝ ի մի խմբելու հայ նախարարները, միասնաբար դիմագրաւելու համար նախայարձակները։
Ծերենց հայ գրականութեան մէջ անմահացաւ իր այս երեք պատմավէպերով, որոնք իրենց գեղարուեստական որոշակի թերութիւններով հանդերձ՝ ճամբայ հարթող նուաճումներ եղան թէ՛ իբրեւ գրական երկեր եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ ազատագրական-հայրենասիրական ապրումներու ներշնչման աղբիւր։
Երեք վէպերու պարագային ալ, Ծերենցի ազգային-գաղափարական պատգամը կը կեդրոնանայ հայ ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին եւ ազգային արժանաւորութեան վրայ։
Ծերենցի համոզումով՝ հայ ժողովուրդը ի վիճակի է դիմադրելու ամէն կարգի բռնակալի եւ ներխուժողի, որովհետեւ Յովնան Խութեցիի օրինակով՝ նոյնինքն հայ ժողովուրդի շինական ու խաղաղասէր զաւակներուն մէջ միշտ արթուն է Ազգին ու Հայրենիքին համար պայքարելու եւ յաղթելու ոգին։ Եւ եթէ պատմութիւնը դաժան պարտութիւններու դատապարտած է հայ ժողովուրդին, Ծերենցի ախտորոշումով՝ գլխաւոր պատճառը հայոց իշխաններու անիմաբանութիւնն է։
Իր պատմավէպերու հրատարակութենէն ետք երկար չապրեցաւ Ծերենց։ 1884ին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր աղջիկը, որուն վաղահաս մահը շատ ծանր տարաւ. ուղղակի առողջութիւնը քայքայուեցաւ եւ 1888ին կաթուածահար մահացաւ Թիֆլիսի մէջ։
Եւ այդպէս, 66 տարեկանին, առյաւէտ փակուեցան աչքերը հայ գրականութեան ազգային-ազատագրական պայքարի պատմավէպին արեւմտահայ նահապետին՝ Ծերենցի, որ իր ամբողջ կեանքը եւ ուժերը նուիրեց հայութիւնը միաւորելու եւ միասնական պայքարի մղելու նպատակին, ի խնդիր ազատ ու անկախ կեանքի եւ հայրենիքի կերտումին, ի սպաս խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ հայ ժողովուրդին բարօր ապագայի նուաճումին։
Ծերենց յատկապէս խիզախութիւն, քաջութիւն եւ համարձակութիւն պատգամեց հայոց սերունդներուն՝ «Երկունք Թ. Դարու» պատմավէպին մէջ սասունցի Տէր Հօր եւ Յովնան Խութեցիի հետեւեալ յորդորներով.-
«- Մե՜ծ է աստուած, մեծ է Լուսաւորչայ բարեխօսութիւնը, ո՜վ տղայք,- ըսաւ տէրտէրը -, ի՛նչ կը յուսահատիք, այսօրուան յաղթողը վաղուան գերին կրնայ լինիլ, քաջ եղի՛ք, յանցանքը մեր իշխաններուն է, որ անհաւատի խօսքին եւ երդման կը վստահանան, եւ յիմարաբար կ'երթան նոցա ճանկը կը մտնեն եւ ժողովուրդն էլ այդ անզգամներուն աւար կþընեն: Բայց Աստուած մեծ է, մի՛ յուսահատիք… Մե՛ծ է զօրութիւն Քրիստոսի, այսօր արաբ կու գայ, կը ջարդէ, գերի կը տանի հայը, վաղը հայը կþիջնէ արաբին վրայ, ամէնքը կը ջարդէ, կիրճերը կ'առնու, մէկ հատ չի փախցներ, բայց ի՛նչ օգուտ, երկու տարի չի տեւեր այդ նզով ազգը դարձեալ կու գայ եւ աւելի զօրութեամբ եւ անհամար. հայը պէտք է համբերէ մինչեւ որ գա՞յ, դանակը ոսկրին կռթնի՞, է՛լ համբերելու ճարը հատնի՜, այն ատեն սմքած գառը առիւծ կը դառնայ, լեռն ու դաշտը կը գոռան. Հայը յանկարծ կանգնեցա՛ւ, մեռելն էլ յարութիւն առաւ, անհաւատը դաշտը դիակով կը պարարտացնէ: Հարիւր տարի ըսի, հարիւր յիսուն էլ կայ, որ մենք այդ խաղը կը խաղանք, ոչ նոքա ձանձրացան զմեզ գերելէ եւ ջարդելէ, ոչ մենք զանոնք կոտորելէ ու անհետ ընելէ: Քայց Աստուծոյ կամքը պէտք է կատարի, մինչեւ որ Ս. Կարապետ իւր զօրութիւնը ցցնէ եւ մեզ կարողութիւն տայ բոլորովին ջնջելու այս անօրէն ժողովուրդը»։
Իսկ Յովնան կ'արձագանգէ.-
«Մտիկ ըրէք ինձ, ով Խոյթի ժողովուրդ, եթէ դուք կ'ուզէք Ս. Կարապետ փրկել այդ նզով արաբներէ, եթէ դուք կþուզէք Բագարատայ վրէժը հանել՝ այս Ս. Սարգսի շաբաթը մի՛ կորսնցնէք, անհոգ մի նստիք. այս բուքը՝ ո՜վ գիտէ թերեւս վերջինն է այս ձմրան, քանի որ այդ տաք դժոխքի սատանաները սառած, թմրած, ընդարմացած նստել են մեր խեղճ քաղքցւոց տուները, քանի որ վառարան են չեն կրնար հեռանալ անօրէնները, ժա՛մ է նոցա վրայ յարձկելու. փառք Աստուծոյ, մենք լաւ անդամներ ունինք որ, ցրտուն ալ կը դիմանան, տաքուն ալ. իսկ թէ հարցնէք թէ ե՞րբ պէտք է յարձակիլ քաղքին վրայ՝ ես կ’ըսեմ թէ հիմա՛, ա՛յս բուքին, ա՛յս ձիւնին. ասկից մինչեւ Մուշ կը հասնինք չորս ժամու մէջ եւ մենք քաղաք կը մտնենք, երբ աւազակները թմրած՝ առաւօտու քունին են ընկղմած. իսկ երբ քաղաք մտնենք, ամէն մարդ խղճմտանքին հարցնէ թէ ի՜նչ պէտք է ընել:
«Ահա՛ ես վերջացուցի»:
Ն.