Սեպտեմբերի այս օրերուն, 92 տարի առաջ, տեղի ունեցաւ արդի ժամանակներու բարբարոսական մեծագոյն ոճիրներէն մէկը.-
Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական Զմիւռնիա չքնաղ քաղաքը հրոյ ճարակ կործանեցաւ թրքական զօրքի ձեռամբ։
1922ի Սեպտեմբեր 9ին, Դաշնակիցներու նաւատորմին անտարբեր եւ ձեռնածալ հայեացքին տակ, քեմալական զօրքը՝ Նուրէտտին փաշայի մը հրամանատարութեամբ, յաղթական մուտք գործեց երեք քառորդով յունաբնակ եւ հայաբնակ Զմիւռնիա քաղաքը։
Երեք օր շարունակ թուրք զինուորները ահաւոր վայրագութեանց՝ կոտորածի, կողոպուտի ու բռնաբարման ենթարկեցին Եգէականի ափին հազարամեակներով ապրած ու բարգաւաճած այս գեղեցիկ, արգասաբեր ու վաճառականական մեծ կեդրոն քաղաքը։
Բայց յատկապէս Զմիւռնիայի հայկական թաղամասերէն 13 Սեպտեմբերին սկսած եւ արագօրէն ամբողջ յունաբնակ քաղաքն ու արուարձանները տարածուած անզուսպ հրդեհը աշխարհի քարտէսէն ջնջեց, գրեթէ ամբողջութեամբ, յունական եւ հայկական՝ քրիստոնէակա՛ն շեշտակի դրոշմը Զմիւռնիային։
Քաղաքի յոյն թէ հայ բնակիչներէն բոլոր անոնք, որոնք չէին կրցած մինչեւ 8 Սեպտեմբեր, յունական նահանջող զօրքին հետ, հեռանալ իրենց ծննդավայր քաղաքէն, նոյնիսկ եթէ յաջողեցան խուսափիլ թրքական զօրքի կոտորածներէն, ի վերջոյ զոհ գացին Զմիւռնիայի մեծ հրդեհին՝ «բախտաւոր» պարագային ծովը նետուելով...
Այդպէ՛ս կործանեցաւ հելլենական եւ հռոմէական դարերէն‘ Քրիստոսի ծնունդէն հազարամեակ մը առաջ կառուցուած ու մինչեւ 1920ականները հոյակերտ քաղաքակրթութիւն մը իր անունին կապած Զմիւռնիան, որ յատկապէս յոյն ժողովուրդին, բայց նաեւ 11րդ դարէն սկսեալ հոն հաստատուած հայութեան ստեղծագործ տաղանդին եւ քաղաքակրթական շնորհներուն խօսուն վկայութիւնն ու փառքի դափնեպսակը հանդիսացաւ։
Այդօրինակ բարբարոսութեան վրայ հիմնուեցաւ Աթաթուրք հռչակուած Մուսթաֆա Քեմալի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ կործանուած Զմիւռնիային փոխարէն 1928ին ձեռնարկեց Իզմիր քաղաքի կառուցման, որ տասնամեակներու ընթացքին դարձաւ աւելի քան 2,5 միլիոն թուրք բնակչութեամբ առեւտրական մեծ նաւահանգիստ՝ միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն հանդիսանալով։
Շատ գրուած է թէ՛ 1919էն 1922 մղուած յոյն-թրքական պատերազմին, թէ՛ նոյնինքն Զմիւռնիայի Աղէտին մասին։ Այսօր եւս լոյս կը տեսնեն զանազան ուսումնասիրութիւններ կամ գրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս եւ գեղարուեստական գործեր կը հրապարակուին՝ ամբողջապէս լուսաբանելու եւ արժեւորելու համար թէ՛ Զմիւռնիայի Աղէտը, թէ՛ Զմիւռնիայի անունը յաւերժացնող քաղաքակրթական վաստակը։
Յատկապէս յոյն ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ամէն Սեպտեմբերի այս օրերուն, ոչ միայն կ'ոգեկոչէ յիշատակը բազմահազար իր նահատակներուն, այլեւ՝ կը սգայ կործանումն ու կորուստը յոյն ազգային յիշողութեան մէջ իր անփոխարինելի տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Զմիւռնիային։
Նաեւ իր այժմէական դասերով՝ 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը իր վրայ կը կեդրոնացնէ ուշադրութիւնը ոչ միայն յոյն ժողովուրդին, այլեւ թրքական եղեռնագործութեան զոհ գացած բոլոր ժողովուրդներուն, որոշապէս իրաւատէր հայութեան, որովհետեւ 92 տարի առաջ պատահած Զմիւռնիայի մեծ ողբերգութեան նկատմամբ եւս Թուրքիա օրին որդեգրեց եւ ցարդ կը շարունակէ կառչած մնալ պետական ու պաշտօնական ուրացումի եւ չքմեղանքի անընդունելի քաղաքականութեան։
Աւելի՛ն. Զմիւռնիայի Աղէտը ուսանելի շատ ծանր դասեր կը փոխանցէ մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերուն նեղ-շահամոլական վարքագծին՝ Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով անոնց ներքին մրցապայքարին մասին։ Երիցս դատապարտելի շահախնդրական եւ պատեհապաշտ մրցապայքար մը, որմէ առաւելագոյնս օգտուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ 1922ին, Զմիւռնիան գրաւելու եւ այդպէ՛ս կործանելու ժամանակ, ինչպէս որ օգտուած էր նախապէս ալ, 1920ի աշնան, արշաւելով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ, անոր խորտակման ու խորհրդայնացման զուգահեռ, բռնագրաւելով հայապատկան Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Կարինը՝ ամբողջ Արեւմտահայաստանի վրայ թրքական տիրապետութիւն հաստատելով։
Մեծապետական ուժերու այդ վարքագիծը միշտ ալ բաւարար հիմք տուած է թրքական պետութեան վարիչներուն, Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ Էրտօղանի այս օրերը, որպէսզի անոնք արհամարհեն պատմութիւնն ու թրքական եղեռնագործութեան զոհերուն ազգային յիշողութիւնը՝ անպատիժ մնացած իրենց յանցագործութեան վրայ գումարելով Ուրացման, այլեւ Պատմական Նենգափոխման ոճիրը։
Զմիւռնիայի Աղէտէն 92 տարի ետք ալ թրքական պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ աշխարհին հրամցնել միեւնոյն այն յանկերգը, թէ իբր՝
1) Յոյները իրենք հրահրեցին ազգամիջեան ատելութիւնն ու թշնամանքը, երբ 1919ի Մայիսին «գրաւեցին» Զմիւռնիան՝ օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան Կայսրութեան կրած խայտառակ պարտութենէն։
2) Զմիւռնիա մտած յոյն զինուորները ուղղակի կոտորածի ենթարկեցին քաղաքի թուրք փոքրամասնութիւնը։
3) Զմիւռնիան հրդեհի տուողներն ալ եղան իրենք՝ յոյն զինուորները, որոնք իրենց նահանջին եւ Զմիւռնիան պարպելու ժամանակ ուզեցին քարուքանդ քաղաք մը... ձգել յաղթական թուրք բանակին։
Անշուշտ անպատասխան մնացած չէ սուտի ու կեղծիքի ճամբով պատմութիւնը նենգափոխելու եւ սեփական եղեռնագործութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ Ուրացման պետական այդ քաղաքականութիւնը։
Յոյն, անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ հայ պատմաբաններու սպառիչ ուսումնասիրութիւններով եւ փատագրական հաւաքածոներով, ինչպէս նաեւ պետական արխիւներու մէջ պահուած զեկուցագրերու եւ նամակագրութեանց ճամբով թրքական յանցագործութիւնը, իր ամբողջական ահաւորութեամբ, մերկացուած է ամէն կարգի ուրացման եւ խեղաթիւրման փորձերէh։
Արար-աշխարհ այսօր գիտէ, որ՝
1) Դաշնակիցները իրե՛նք Յունաստանի իշխանութեան վստահեցան Զմիւռնիայի հոգատարութիւնը եւ այդպէս էր, որ վարչապետ Վենիզելոս յունական զօրք ղրկեց Զմիւռնիա 1919ի Մայիսին։
2) Եթէ մինչեւ 9 Սեպտեմբեր 1922 մղուած յոյն-թրքական կռիւներու ընթացքին յոյն զինուորներ գործեցին յանցանքներ թուրք բնակչութեան դէմ, այդ արարքները դատապարտելի ըլլալով հանդերձ՝ ի վերջոյ պատերազմը կորսնցնող բանակի մը զինուորներուն անկարգ եւ հասկնալի հակազդեցութեանց հետեւանքը եղան։ Մինչդեռ քեմալական զօրքը, յաղթական մուտք գործելով Զմիւռնիա, ուղղակի Նուրէտտին փաշայի հրահանգով ձեռնարկեց յոյն եւ հայ բնակչութեան սպանդին ու քաղաքի հրոյ ճարակ կործանումին։
3) Դաշնակիցները իր բախտին լքեցին Զմիւռնիան եւ անոր յոյն թէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը պաշտպանող յունական զօրքը, երբ Քեմալ ձեռնարկեց Լենինի Ռուսաստանին հետ իր սիրաբանութեան, իսկ անգլիացիք եւ ամերիկացիք, ֆրանսացիք ու իտալացիք սկսան թրքական ազգայնամոլութեան նորայայտ առաջնորդին սիրաշահելու միջոցներ փնտռել, որպէսզի չկորսնցնեն Առաջին Աշխարահամարտին իրենց նուաճած պատերազմական աւարները...
Այս բոլորը առաւելագոյն առարկայականութեամբ եւ գիտական փաստագրութեամբ ներկայացուած են տասնեակ հատորներու մէջ, բայց յատկապէս ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան-Տոփքինի «Զմիւռնիա 1922.- Քաղաքի մը կործանումը» խորագրով կոթողական գործին մէջ։
Թրքական ուրացումները եւ խեղաթիւրումները որեւէ հիմք չունին։
9էն 13 Սեպտեմբեր 1922ին Թուրքիա մեծ ոճիր մը եւս աւելցուց դարաւոր իր յանցագործութեանց տխրահռչակ պատմութեան վրայ։
Թրքական եղեռնագործութեէն վերապրած ժողովուրդները չեն կրնար մոռնալ իրենց նահատակներն ու քաղաքակրթական ծանրագոյն կորուստները, բայց նաեւ իրենց մէջ ուժը պէտք է գտնեն չմոռնալու պատմութեան դաժան դասերը, որպէսզի անպատիժ մնացած ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած Ուրացման շարունակուող քաղաքականութեան դարձեալ զոհ չերթան... իրենց նոր սերունդներով։
Պատմութեան ողբերգական դասերուն միեւնոյն այդ լոյսին տակ իր լիարժէք իմաստը կը գտնէ մեր օրերուն յունական խորհրդարանին որդեգրած օրինագիծը, որ քրէական յանցագործութիւն եւ պատժելի արարք կը հռչակէ Ցեղասպանական Արարքներու ժխտումը։
Ն.