Արեւմտահայ գրականութեան օրրան Պոլիսը երբեք չցամքեցաւ։ Նոյնիսկ 24 Ապրիլ 1915ի ցեղասպանական հարուածը, հակառակ իր ահաւոր տարողութեան, չկրցաւ արմատէն չորցնել հնաւանդ, այլեւ մշտանորոգ կաղնին պոլսահայ գրականութեան։
Հոկտեմբեր 16ի այս օրը, 88 տարի առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս աշխարհ եկած բանաստեղծը՝ Զարեհ Խրախունին առանձինն կը բաւէ աշխարհին վկայելու համար, որ ցեղասպան թուրք պետութեան եաթաղանն անգամ չկրցաւ արմատէն պոկել ու աշխարհի երեսէն ջնջել հայ ազգի փոքր ածուն։
Ահա՛ 1991ին գրուած եւ «Այս ծառը սուրբ» խորագրով ՀԱՅՈՒ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆԸ վկայող Զարեհ Խրախունիի անլռելի ձայնին ու անսպառ շունչին.-

Ծառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ - դաշտերուն
Լերան վրայ - ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամենօրեայ
Ծառ տնկեցէք - պիտի բռնէ անպայման -
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞...
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն - ըսես - չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի՝ առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար...

Ծառ տնկեցէք - ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման...

Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ - հողն է հպարտ- ջուրն հատդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ -
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կուգան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար - ալեւոր...

Օ՜ տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս ...:

Աւազանի անունով Ճիւմպիւշեան Արթօ՝ Զարեհ Խրախունի ծնած է Պոլիս։ Աւարտած է Մխիթարեան վարժարանը եւ Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղը: Ապա՝ հետեւած է գրականութեան եւ արուեստի պատմութեան դասընթացքներու Փարիզի մէջ:
Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք մուտք գործած է գրական ասպարէզ՝ նոր ոճով գրուած բանաստեղծութիւններ լոյս ընծայելով։ Մասնակցած է Պոլսոյ մէջ այդ շրջանին թափ առած գրական զարթօնքի շարժումին՝ նորարարական շունչ տալով անոր:
Զարհատի հետ միասին, Զարեհ Խրախունի կը հանդիսանայ իր սերունդի բանաստեղծական տարերքին գլխաւոր արտայայտիչը՝ բանաստեղծութեան նոր աշխարհ մը բանալով մեր ժողովուրդին առջեւ:
Հատորով լոյս տեսած իր գործերու շարքին են՝ «Քար-կաթիլներ»ը, «Ես եւ ուրիշներ»ը, «Լուսնապարտէզ»ը, «Ստուեր եւ արձագանգ»ը, «Տօնակարգ»ն ու «Սրտի խօսք»ը։
Զ. Խրախունի ունեցած է նաեւ խմբագրական աշխոյժ գործունէութիւն։ Պատասխանատու մասնակցութիւն բերած է «Սան» հանդէսի հրատարակութեան։ Խմբագրած է «Մարմարա» թերթի գրական բաժինը։ Ստորագրած է գրական թէ իմաստասիրական յօդուածներ։ Կատարած է թարգմանութիւններ:
Սփիւռքահայ գրականութեան 88ամեայ այս մեծատաղանդ ներկայացուցիչը ունեցած է ուսուցչական երկարամեայ գործունէութիւն:
ԻՆչպէս որ իր սերնդակից եւ գրչեղբայր Ռոպէր Հատտէճեան կը վկայէ՝
«Խրախունի անվհատ երգիչ մըն է, որ շարունակ կը պեղէ համամարդկային պատմութիւնը, զոր արդէն շատ լաւ կը ճանչնայ: Քիչ բանաստեղծներ մեր մէջ այնքան մօտէն կը հաղորդուին գլխագիր Պատմութեան հետ, որքան կը հաղորդուի Խրախունի: Մեր դարաշրջանը, որ այժմ կը պսակուի նոր հազարամեակով մը, եւ Միջին Դարը, որ մնացած է պատմութեան խորութիւններուն մէջ, սանդուխի մը մէկ քանի աստիճաններով կը կապուին իրարու եւ մեր բանաստեղծը, գիտնականի ու պատմաբանի հմտութեամբ կ’իջնէ-կ’ելլէ այդ սանդուխէն, իւրաքանչիւր աստիճանի վրայ կանգ առնելով ու դիտելով համայնապատկերը, որ, որքան ալ օտար աշխարհագրութեան մը պատկանի, անպայման պատկառազդու հայ մը բեմ կը հանէ հոս կամ հոն:
«Խրախունի բանաստեղծ ըլլալէ առաջ, փիլիսոփայ է: Եւ Խրախունիական արուեստին վրայ փիլիսոփայութիւնն է որ տասնամեակներու ընթացքին հետզհետէ տիրապետող դարձուցած է իր ազդեցութիւնը, անդին հրելով բուն իսկ բանաստեղծութեան ու ստեղծագործական գրականութեան դրոշմները: Բայց այսքան ալ չէ: Փիլիսոփայական մտածումն ալ իր պարտէզին դռները լայնօրէն բացած է գիտական ու գեղարուեստական աշխարհէ ստացուած գիտելիքներու ովկիանոսի մը, ծանօթութիւններու շտեմարանային պաշարի մը, որ Խրախունիին մասնայատկութիւնը կը կազմէ»:
Զարեհ Խրախունիի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած այս հակիրճ վկայութիւնը շնչաւորելու թող ծառայէ հետեւեալ ինքնատիպ քերթուածը.-

Երդիքներէն Անհամար երդիքներէն մէկ հատին Եզրին վրայ կամ ծայրին Ջուրի կաթիլ մը կը սահի կը հանդիպի ուրիշի մը ու կ’ըսէ.- Գիտե՞ս ինչ բան Քու մէջդ ինչ բան ամէնէն շատ Ամէնէն շատ կը սիրեմ - Դուն ոչ մէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս…

Տանիքներէն Բիւրաւոր տանիքներէն Մէկուն ծայրին կամ եզրին Ջուրի երկու կաթիլներ - կաթիլներուն պէս բոլոր Արեւուն նոյն ճառագայթէն նետահար Ու նորաբաց ծիածանովն արբեցած Կը միանան իբրեւ պտուկ մը լոյսի Կը միանան իբրեւ պտուղ երկնածին Ու միաձոյլ - ծանրացած Կ’իյնան հողին երջանկութեան արտասուքի պէս վճիտ Ու մին կ’ըսէ միւս կէսին - Գիտե՞ս ինչ բան ամէնէն շատ Պիտի ուզեմ յաջորդ անգամ Երբ աշխարհ գամ ու կաթիմ - Յար եւ նման քեզի նման կաթիլի մը հանդիպիլ…

Ն.