Ժողովուրդներու ազգային յիշողութեան մէջ կան ոչ միայն ինքնաճանաչման եւ հպարտութեան, երկունքի եւ խոյանքի ոգեշնչող պահեր, այլ կան նաեւ փորձութեան ու յուսաբեկումի, մեղկութեան եւ անկումի ողբերգական վայրկեաններ, որոնք կեանքի եւ ժամանակի թաւալումին հետ աւելի ու աւելի կը շեշտեն իրենց բախտորոշ նշանակութիւնը։
Հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ այդօրինակ դառնութեան էջ մը կը բացուի Հոկտեմբեր 30ին...
94 տարի առաջ, Հոկտեմբերի նախավերջին օրը, հազիւ երկուքուկէս տարեկան Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան դարպասներէն Կարսի բերդաքաղաքը, գրեթէ առանց դիմադրութեան, անձնատուր եղաւ թշնամիին.-
Կարսը ինկաւ Թուրքիոյ քեմալական զօրքերու գրոհին տակ։
Կարսի մէջ ամրակայուած հայոց ազգային բանակին զօրայինները դասալքութեան դիմեցին։ Չենթարկուեցան թշնամի գրոհին դէմ անձնուիրաբար հայրենիքը պաշտպանելու իրենց հրամանատարի հրահանգին։
Ի տես իր զինուորներու դասալքութեան, երիտասարդ հրամանատարը՝ գնդապետ Մազմանեան ինքնասպանութեամբ վերջ տուաւ խորտակուած իր կեանքին...
Հայ քաղաքական միտքը այսօր ալ կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրը՝ վճռահատելու տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող բուռն եւ դաժան բանավէճը, Կարսի անկման պատճառներու պարզաբանման ու ախտորոշման շուրջ։
Ժամանակն է բարձրաձայն եւ աներկբայ հաստատելու, թէ նախ՝ Կարսի անկումին բուն պատճառը Լենին-Քեմալ դաւադիր գործարքն էր։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու ռուսեւթրքական մեծ դաւադրութեան մէջք-կոտրող հարուածը եղաւ Կարսի դասալքութիւնը, որ արագացուց Հայաստանի անկախութեան կործանումը։
Արտաքին ուժերու դաւադիր հարուածին չափ ահաւոր եղաւ Կարսի մէջ 94 տարի առաջ արձանագրուած հայոց զօրքի դասալքութիւնը, որուն համար պատասխանատու ենք ազգովին։
Ինչպէս որ Կարսի անկումէն տարիներ ետք Գարեգին Նժդեհ արդարացի ցասումով պիտի պատգամէր հայոց նորահաս սերունդներուն՝
«Կարսի ամօթը Հ. Հանրապետական կառավարութեանը չէ միայն, այլ ողջ հայ ժողովրդին: Չափւում են, բախւում են բանակները, բայց յաղթում կամ պարտւում են ազգերը, ցեղերը: Կարսի պատերի տակ պարտուողը հայ զինուորն ու զօրավարը
չէին միայն, այլ բովանդակ հայութիւնը, հայ ժողովրդի‘ իր ամբողջութեան մէջ անմարտունակ, անարի, անմշակ հոգին: Ահա՛ ճշմարտութիւնը, հա՛յ երիտասարդ...»
Այս առումներով՝ Հոկտեմբեր 30ի տարելիցը կու գայ վերստին ահազանգ հնչեցնելու հայոց սերունդներուն, թէ որեւէ պարագայի պէտք չէ կրկնուի Կարսի անկման ողբերգութեամբ պարզուած ազգային դասալքութեան երեւոյթը, որպէսզի Հայաստանի եւ հայութեան դէմ նիւթուած մեծապետական կամ թշնամական որեւէ դաւադրութիւն կարենանք ազգովի՛ն եւ ըստ արժանւոյն դիմագրաւել, կանխել եւ վիժեցնել։
Պատմական դառն ու դաժան իրողութիւնը այն է, որ Հոկտեմբեր 30ի օրը, 1920 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ առանց պատերազմի յայտարարութեան ընդհանուր յարձակման ձեռնարկած քեմալական զօրքը արդէն հասած էր Կարսի մատոյցներուն, իսկ բերդաքաղաքի պաշտպանութեան կոչուած հայկական զօրքին երիտասարդ հրամանատարը՝ գնդապետ Մազմանեան հակագրոհի հրահանգ տուած էր իր զինուորներուն, որոնք սակայն մերժեցին ենթարկուիլ իրենց հրամանատարին ու... դասալքութեան դիմեցին։
Պարզուած ամօթալի դասալքութեան դէմ յանդիման, Գնդ. Մազմանեան սեփական ատրճանակով ինքնասպան եղաւ իր զինուորներուն աչքին առջեւ...
Գնդ. Մազմանեանի ինքնասպանութիւնը միայն սկիզբն էր ողբերգութեան, որ ահագնացաւ հեղձուցիչ արագութեամբ։
Թրքական զօրքի ընդհանուր հրամանատար Քեազիմ Քարապեքիրի յուշերուն համաձայն՝ քեմալական զինուորները եւ անոնց միացած թուրք, քիւրտ, մահմետական թէ հայ պոլշեւիկ ապստամբները երեք ժամուան մէջ գրաւեցին ամբողջ քաղաքը, հայկական բանակի բազմահարիւր սպաներ ու զինուորներ ռազմագերի վերցուցին, հսկայական քանակութեամբ ռազմամթերքի (թնդանօթ, ռումբ, զէնք ու փամփուշտ) տիրացան եւ տասնեակ հազարներով անզէն բնակչութիւն «թրքավարի» կոտորեցին։
Թէեւ հայկական բանակը այլուր, նոյն օրերուն մղուող Սուրմալուի ճակատի կռիւներուն, հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ ետ մղեց քեմալական գրոհները, բայց Կարսի անկումով գրեթէ աւարտած էր ռազմական փուլը Լենին-Քեմալ զինակցութեամբ մշակուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հանրապետական վարչակարգը կործանելու դաւադիր ծրագրին իրագործման։
Կարսի անկումէն ետք, մէկ ամսուան ընթացքին, քեմալական զօրքը մօտեցաւ Ալեքսանդրապոլի, իսկ Կարմիր բանակը հիւսիսէն մտաւ Հայաստան եւ հասաւ մինչեւ Իջեւան։ Հայաստանի հարաւ-արեւելեան դարպասները, յատկապէս Զանգեզուրը եղաւ միակ ամրոցը, ուր հայկական զօրքերը, Նժդեհի հրամանատարութեամբ, ետ մղեցին թշնամի զօրքերը։
Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանեցաւ Լենին-Քեմալ դաւադրութեան հարուածներուն տակ։ Մէկ կողմէ հայ պոլշեւիկներու հակապետական քարոզչական խռովութիւնները, իսկ միւս կողմէ թուրք եւ մահմետական բնակչութեան զինեալ ապստամբութիւնները բարոյահոգեբանական ծանր հարուածի տակ դրին այլապէս մարտունակ եւ լաւապէս զինուած հայկական բանակը։
Թրքական բանակին դէմ 1918ին կենաց-մահու կռիւ մղած եւ յաղթանակած հայ ժողովուրդն ու ազգային զօրքը որեւէ պատճառ չունէին դասալքութեան մատնուելու միեւնոյն թրքական գրոհներուն դէմ յանդիման։
Բայց 1920ի աշնան պատահած էր ռազմաքաղաքական հիմնական փոփոխութիւն մը տարածաշրջանին մէջ։ Ռուսաստան վերադարձած էր Անդրկովկաս՝ Կարմիր համազգեստով ու Հայաստանի Հանրապետութեան վերջ տալու, խորհրդային իր լուծը պարտադրելու քաղաքական նպատակով։
Աւելի՛ն. Կարմիր Ռուսաստանը ձեռնամուխ եղած էր Քեմալական Թուրքիոյ հետ ռազմավարական նոր զինակցութեան մը, որուն ամրապնդման իր խնդիր հայկական հողերուն հաշւոյն պատրաստ էր թուրքերուն «կաշառք» տալու..
Իսկ հայ ժողովուրդն ու անոր ռազմական ներուժը մարմնաւորող հայկական բանակը պատրաստ չէին զէնք բարձրացնելու ռուսական Մուրճին դէմ, հակառակ որ այդ մուրճը թրքական սալին վրայ մահացու հարուածի տակ առած էր Հայաստանի ու հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու սրբազան իրաւունքը։
Այս աստիճան ամօթալի ողբերգութիւն մը եղաւ Կարսի անկումը հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ։
Ն.