Դեկտեմբեր 9ի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 180ամեակը հայ ժողովուրդի մեծարժէք դէմքերէն Գրիգոր Օտեանի, որ հանդիսացաւ 19րդ դարու հայոց ազգային ու պետական կարեւորագոյն գործիչներէն մէկը։
Իր մտաւորական հարուստ պաշարով, ազատախոհութեամբ եւ յառաջդիմական գաղափարներով՝ Գրիգոր Օտեան առաջնորդող դիրք գրաւեց Զարթօնքի Սերունդին մէջ։
Գրիգոր Օտեանն հօրեղբայրն էր ու ներշնչման աղբիւրը հայ երգիծական գրականութեան մեծանուն վարպետ Երուանդ Օտեանի։ Անոնք միասնաբար մեր ժողովուրդի ընդհանուր յարգանքին եւ մեծարանքին արժանացուցին Օտեան տոհմը, իբրեւ հայեցի արժէքներու եւ հայաշունչ մթնոլորտի պահապան Օճախի։
Շնորհալի գրողի եւ խոհուն մտաւորականի իր արժանիքներուն կողքին՝ Գրիգոր Օտեան հռչակուեցաւ իբրեւ ազգային, քաղաքական եւ հասարակական այն ազատամիտ ու յառաջադէմ գործիչը, որ մինչեւ վերջին շունչ պայքարեցաւ հայոց Ազգային Զարթօնքին նուաճման համար։
19րդ դարակիսու հայ իրականութեան մէջ Գրիգոր Օտեան եղաւ դրօշակիրն ու յառաջապահը Սահմանադրական կարգերու հաստատման՝ իր անունին կապելով ոչ միայն մշակումն ու որդեգրումը 1862ի Հայոց ազգային Սահմանադրութեան, այլեւ 1876ին վարչապետ Միտհաթ փաշայի կողմէ հրապարակուած ու Սուլթանին պարտադրուած Օսմանեան Սահմանադրութեան։
Գրիգոր Օտեան ծնած էր 1834 թուականի Դեկտեմբեր 9ին, Կ. Պոլսոյ հայահոծ արուարձաններէն Սկիւտարի մէջ: Հինգ տարեկանէն աշակերտեց իր հօր՝ Պօղոս Օտեանի հիմնած տնային դպրոցին: Գրիգորի առաջին ուսուցիչը եղաւ Գաբրիէլ Պարտիզպանեանը:
Պոլսոյ մէջ հայերէնով եւ օսմաներէնով կրթութիւն ստանալէ ետք, ան 15 տարեկանին ղրկուեցաւ Ֆրանսա՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար Փարիզի համալսարաններուն մէջ։ 16 տարեկանէն սկսաւ թարգմանութիւններ կատարել՝ ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանելով Լամարթինի եւ Վ. Հիւկոյի բանաստեղծութիւնները (վերջինիս հետ նաեւ մտերիմներ էին): Գր Օտեան իր ուսումնական յատուկ ուշադրութեան արժանացուց ազգային-ազատագրական շարժումներուն եւ ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքին վերաբերեալ գիտելիքի ու իմաստասիրական պաշարի ձեռքբերումը:
Գ. Օտեան ականատեսն ու մասնակիցը դարձաւ 1848ի ֆրանսական եւ եւրոպական ընկերային յեղափոխութեանց շղթայազերծած շարժումներուն, որոնց ներշնչումով ալ, Պոլիս վերադարձին, 1850ականներուն, գաղափարակիցն եւ գործակիցը դարձաւ նոյնպէս Փարիզ ուսանած եւ Երկիր վերադարձած ազգային անուանի յառաջդիմական գործիչներ Նահապետ Ռուսինեանի, Նիկողոս Պալեանի եւ Սերովբէ Վիչենեանի, որոնք ստեղծեցին հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը:
Այդ Սահմանադրութիւնը, իր ընդհանուր փիլիսոփայութեամբ, մինչեւ մեր օրերը կը պահպանուի եւ հիմքը կը կազմէ տարագիր հայութեան ազգային¬եկեղեցական կեանքի կազմակերպումին, աշխարհական մասնակցութեան եւ ժողովրդային հակակշռի սկզբունքները սահմանադրականօրէն նուիրագործելով։ Գրիգոր Օտեան յայտնի է նաեւ որպէս Օսմանեան Կայսրութեան պետական գործիչ: 1860ին ան արժանացաւ Արտաքին Գործոց նախարարութեան քարտուղարի պաշտօնին, իսկ այնուհետեւ գլխաւորեց միեւնոյն նախարարութեան օտար թղթակցութեանց դիւանապետի աշխատանքները, համապատասխան պետական աստիճան ստանալով (սանիյէ):
1865ին ան ուղարկուեցաւ Դանուբեռան կուսակալութեան կեդրոնը՝ Ռուսչուկ, իբրեւ քաղաքական ընդհանուր տեսուչ: 1868ին նշանակուեցաւ Պետական Խորհուրդի քարտուղար, իսկ 1869ին Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանապետ:
1871ին ան կոչուեցաւ Հանրային Կառոյցներու եւ Շինութեանց նախարարութեան մէջ փոխ¬նախարարի պաշտօնին: Նոյն թուականին, կարճ շրջանի մը համար, խորհրդականի պաշտօն ալ ստանձնեց Առեւտուրի նախարարութեան մէջ։ 1872ին ընտրուեցաւ Օսմանեան Պետական Խորհուրդի անդամ:
1875ին, Հանրային Շինութեանց նախարարութեան մէջ փոխ¬նախարարի իր պաշտօնավարութեան ժամանակ, նախարարի բացակայութեան բերմամբ՝ Գրիգոր Օտեանի վստահուեցան նախարարութեան ընդհանուր գործերը ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը։
Գ. Օտեան սերտ կապեր մշակած էր ատենի թուրք պետական գործիչներու աւագանիին հետ։ Անոնց բարձրագոյն եւ ամենագաղտնի խորհրդակցութիւններուն մասնակից եղած էր: Յատկապէս մտերիմն ու վստահելի խորհրդականն էր այդ թուականներու Օսմանեան Կայսրութեան մեծ եպարքոս՝ նախարարապետ Միտհաթ փաշայի հետ, որուն յանձնարարութեամբ եւ խրախուսանքով Գրիգոր Օտեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ պետութեան օրէնսդրական եւ սահմանադրական բարենորոգման համար ծրագրուած աշխատանքներուն։
Այդ ճամբով էր, որ Գրիգոր Օտեան ոչ միայն խորհրդատուն եղաւ Միտհաթ փաշայի նախաձեռնած Սահմանադրական բարեկարգումներուն, այլեւ համահեղինակը դարձաւ մեծ եպարքոսի անունով 1876ին հռչակուած Օսմանեան Սահմանադրութեան։
Բայց նորահաստատ Օսմանեան Սահմանադրական Ժողովը երկար կեանք չունեցաւ։ Նոյն տարին սուլթանական գահին բազմած Ապտիւլ Համիտ Բ.ը առկախեց Սահմանադրութիւնը եւ ցրուեց Սահմանադրական Ժողովը։ Այնուհետեւ հալածանքի եթարկեց Սահմանադրութեան հեղինակներուն եւ համակիրներուն կեանքը: Թուրք պետական¬քաղաքական բարձրաստիճան գործիչներու շարքին, խուսափելու համար սուլթան Համիտի հետապնդումներէն, Գրիգոր Օտեան իր կարգին 1880ին ստիպուեցաւ ապաստանիլ Փարիզ, ուր եւ մնաց ու գործեց մինչեւ իր վախճանը՝ 1886 թուին։
1870ականներու վերջերուն, Գրիգոր Օտեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ նաեւ Հայկական Հարցի միջազգայնացման գործին մէջ։ 1878ին, Պերլինի Վեհաժողովի նախօրեակին, Գրիգոր Օտեան հանդէս եկաւ Հայկական Նահանգներու ինքնավարութեան առաջադրանքով, որ դժբախտաբար հաւանութեան չարժանացաւ ատենի Թրքահայոց Պատրիարքարանի ազգային իշխանութեանց կողմէ. միայն Խրիմեան Հայրիկ դրականօրէն արձագանգեց բարենորոգումներու պահանջէն անդին անցնող եւ ուղղակի հայոց ինքնավարութիւնը պահանջող Գրիգոր Օտեանի պատրաստած յուշագրին։
Հայկական ինքնավարութեան իր պահանջով հանդերձ՝ Գրիգոր Օտեան բնաւ կողմնակից մը չեղաւ յեղափոխութեան։ Միշտ գործեց ազատական մտածողութեամբ եւ ընդդիմացաւ յեղափոխական քայլերուն՝ նախընտրելով ջանքերը կեդրոնացնել գաւառներու հայ բնակչութեան ազգային¬քաղաքական ընդհանուր լուսաւորումին վրայ, քաղաքացիական կազմակերպումը նկատելով գրաւականը Հայկական Հարցի արդար լուծման։
Արժանաւոր ու մեծանուն Հայուն ծննդեան 180ամեակին պատգամը թող ըլլայ, իր անձին կենդանի օրինակով նուիրագործուած, հետեւեալ ազդարարութիւնը Գրիգոր Օտեանի.-
«Ան հայը, որ իր պետական պաշտօնին ընծայած դիւրութիւններէն օգտուելով իր շահերուն կը զոհէ այս խեղճ, տարաբախտ ազգը, անիծեալ ըլլայ, երիցս անիծեալ»:

Ն.