Հայոց յուշատետրին 4 Հոկտեմբերի էջը ընթերցողին կը յուշէ հայ գրականութեան դասական գոհարներէն՝ Ալ. Շիրվանզադէի «Նամուս» վէպին իբրեւ շարժանկարի բարձրորակ ժապաւէնի իրագործման մասին։

Հայկական շարժանկարի ազգային դպրոցին հիմնադիր Համօ Բեկնազարեան, 1925ի այս օրը, աւարտեց նկարահանումը «Նամուս» ժապաւէնին, որ եղաւ նախակարապետը Հայկական Շարժանկարին եւ մինչեւ մեր օրերը, կանոնաւոր պարբերականութեամբ, կը հրամցուի հանդիսատեսին՝ գեղարուեստական  վայելքի անմոռանալի պահեր ընծայելով իրերայաջորդ հայ սերունդներուն։
«Նամուս» շարժանկարի արձանագրած յաջողութեան եւ գտած լայն ժողովրդականութեան մէջ կարեւոր եղաւ ներդրումը ոչ միայն ժապաւէնի մեծատաղանդ բեմադրիչ-նկարահանին, այլեւ՝ դերասանական կազմին, ինչպէս նաեւ նոյնինքն վէպի հեղինակին՝ Շիրվանզադէի։
Սկսելով վէպէն, Շիրվանզադէ տակաւին նոր մտած էր հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, երբ 1885ին Թիֆլիսի «Արձագանգ» շաբաթաթերթի էջերուն լոյս ընծայեց իր «Նամուս»ը, որ անմիջապէս մեծ հռչակ ապահովեց հայկական արձակի երիտասարդ աստղին։ Հայ գաւառական կեանքը իրապաշտօրէն ներկայացնող վէպ էր «Նամուս»ը։ Նիւթը   առնուած էր Շիրվանզադէի ծննդավայր Շամախէն եւ սիրոյ ողբերգական պատմութիւն մըն էր։ Վէպին հերոսները երիտասարդ սիրահարներ են՝ Սուսան եւ Սէյրան, որոնք իրենց մանկութենէն զիրար կը սիրեն, բայց չեն կրնար ամուսնանալ, որովհետեւ կը բախին իրենց ծնողներու ընդդիմութեան։ Հօրը ստիպումով՝ Սուսան կ'ամուսնանայ Ռուստամի հետ։ Սէյրան վրէժ լուծելու համար նորապսակ ամուսնին կը յայտնէ, թէ Սուսան իր սիրուհին եղած է եւ իբրեւ փաստ կը  վկայէ, թէ Սուսան «սեւ խալ» ունի կուրծքին վրայ, ինչ որ իրականութիւն է։ Ամուսինը՝ Ռուստամ կատղած կը սպաննէ իր կինը։ Բայց եղածը կեղծիք էր, որովհետեւ Սուսանի «սեւ խալ»ը տեսնողը Սէյրանի մայրն էր եղած բաղնիքի մէջ եւ ոչ թէ Սէյրանը ինք։ Զղջալով իր գործած սխալին համար՝ Սէյրան անձնասպսն կ'ըլլայ եւ կ'իյնայ Սուսանի դիակին վրայ։
«Նամուս»ը 1911ին թատերախաղի վերածուեցաւ Շիրվանզադէի կողմէ եւ երկար ժամանակ հայ թատերական բեմերու փնտռուած գործերէն մէկը եղաւ։
1925ին, խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, «Նամուս» իր երկրորդ կեանքը սկսաւ ապրիլ, երբ նշանաւոր դերասան ու շարժանկարի բեմադրիչ Համօ Բեկնազարեան որոշեց պաստառ բարձրացնել զայն։
Հ. Բեկնազարեան ծնած էր Երեւան, 19 Մայիս 1892ին։ 1914էն սկսեալ նկարահանուած է ռուսական ժապաւէններու մէջ։ Եղած է ռուսական անխօս շարժանկարի աստղերէն։ 1921ին գլխաւորած է Վրաստանի պետական շարժանկարի  վարչութիւնը, իբրեւ տաղանդաւոր եւ սիրուած բեմադրիչ-նկարահան։ 1924ի՝ հաստատուելով Հայաստան, Համօ Բեկնազարեան դարձաւ հայ շարժանկարի հիմնադիրը։ Իր ամէնէն նշանաւոր գործը կը նկատուի «Պեպօ» ժապաւէնը, որուն մէջ Պեպոյի դերով անմահացաւ Հրաչեայ Ներսիսեանը, իսկ մեծատաղանդ երգահան Արամ Խաչատրեան ստեղծեց իր երաժշտական լաւագոյն գործերէն մէկը։ Համօ Բեկնազարեան  մահացաւ 27 Ապրիլ 1965ին։
«Նամուս» շարժանկարի յաջողութեան մէջ մեծ եղաւ ներդրումը ժապաւէնի դերասանական կազմին։ Յատկապէս մեծանուն դերասան ու դերասանապետ Յովհաննէս Աբէլեան կատարեց իր «կարապի երգը» համարուող դերերէն մէկը (Բարխուդար)։ Նոյնպէս փայլուն դերակատարութեամբ «Նամուս»ի յաջողութեան նպաստեցին հռչակաւոր դերասաններ Օ. Մայսուրեան (Գիւլնազ), Մ. Շահուբաթեան-Տաթիեւա (Սուսան), Ա. Աւետիսեան (Հայրապետ), Հ. Ներսիսեան (Ռուստամ), Ս. Մկրտչեան (Սէյրան), Հ. Խաչանեան (Բադալ), Ն. Մանուչարեան (Շպանիկ), Յասմիկ (Մարիամ), Մ. Գարագաշ (պանդոկապան) եւ ուրիշներ։
«Նամուս»ի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 1926ի Ապրիլին, Լենինկրատի մէջ։ Անխօս ժապաւէն մը ըլլալով՝ անոր ցուցադրութեան ժամանակ նուագած է ամբողջ սիմֆոնիկ նուագախումբ մը եւ «Սազանդար» խումբը:
2005 թուին, Ֆրանսայի մէջ, իրագործուեցան «Նամուս»ի էլեկտրոնային թուայնացման առաջին փորձը եւ ցուցադրութիւնը։ Այդ առիթով, նկատի ունենալով որ անխօս ժապաւէնի մը ցուցադրման համար չափազանց կարեւոր է երաժշտութիւնը, նախաձեռնողները ուզեցին արխիւներէն գտնել սիմֆոնիկ նուագախումբի նախկին կատարումները, բայց չգտնուեցան:

Ն.