Փետրուար 23ի այս օրը, 37 տարի առաջ, առյաւէտ փակուեցան խուզարկու եւ խորախորհուրդ հայեացքով աշխարհին բացուած աչքերը անզուգական Մինասի, որ իրաւամբ վերջին բոցավառումը եղաւ հայ նկարչական հանճարին։


Մինաս բնական մահով չհեռացաւ մեր աշխարհէն։ Ոչ ալ ինքնակամ հրաժեշտ տուաւ կեանքին։ Ո՛չ. Մինասը պարզապէս եւ նենգ ու տմարդի եղանակով խլեցին մեր կեանքէն ու առյաւէտ... աքսորեցին։
16 Փետրուար 1975ին, քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնին մէջ, օր ցերեկով, Աբովեան¬Սայաթ Նովա փողոցներու խաչմերուկին վրայ, իբր թէ պատահական արկածով մը, ինքնաշարժ մը լայն մայթը ելաւ եւ մահացու վնասուածքով տապալեց դիւրաբեկ մարմինը մայթեզրին հանդարտօրէն քալող Մինաս Աւետիսեանի։
Ամբողջ շաբաթ մը, հայ գեղանկարչութեան 47ամեայ վարպետը մաքառեցաւ մահուան դէմ։ Մահացու ծանր էր մարմնին հասցուած հարուածը, բայց Մինաս մարտունակ էակ էր եւ լի էր ապրելու, վերականգնելու կամքով։ Դեռ չէր աւարտած իր առաքելութիւնը, ստեղծագործական իր հասունացման երկունքի տարերքին մէջ էր եւ այնքան բան ունէր տալու. ինչպէ՜ս հեռանար իր պաշտած հողէն ու ժողովուրդէն...
Եւ հայութիւնը, ի Հայաստան թէ սփիոռս աշխարհի, չհաւատաց օրին աշխարհով մէկ սփռուած խորհրդային պաշտօնական այն լրատուութեան, թէ ինքնաշարժի դժբախտ արկածի մը զոհ գնաց հայաստանեան գեղանկարչութեան հանճարեղ վերջին ներկայացուցիչը։
Եւ ինչպէ^ս կարելի էր հաւատալ պաշտօնական աղբիւրներուն այն չարիքի կայսրութեան, որ ոչ միայն միլիոնաւորներու ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր «մաքրագործման» ծանրագոյն յանցագործութիւնը կապած էր իր անունին, այլեւ՝ խորհրդանիշը դարձած էր «պետութեան մէջ ստուերային պետութեան»՝ այսինքն գաղտնի ու յատուկ ծառայութեանց քմահաճոյքին լքուած խաթարուած կառավարման համակարգի...
Մանաւանդ որ Մինաս դեռ հաշտուած չէր իր արուեստանոցը հրկիզելու առաջին՝ իբր թէ «նախազգուշական ազդարարութեան» եւ այսպէս կոչուած «արկած»ին հետ, երբ մութ պայմաններու տակ հրկիզումի զոհ գնաց իր արուեստանոցը՝ Մինասի բազում գործեր հրոյ ճարակ դարձնելով։
Այդպիսին էին ժամանակները եւ Մինաս Աւետիսեան միակը չէր խորհրդային խորշակին հայ ժողովուրդին տուած արեան... յաւելեալ հարկին։ Իրեն ժամանակակից հայկեան հանճարի միւս ճառագայթումները եւս՝ Պարոյր
Սեւակն ու Մուշեղ Գալշոյեանը, նոյնպէս մութ պայմաններու մէջ, խլուեցան մեր կեանքէն ու ժողովուրդէն՝ պարզապէս իրենց այն «մեղք»ին համար, որ խորհրդային պաշտօնական «ճշմարտութենէն» էապէս տարբեր եւ ներհակ ազգային ճշմարտութեան՝ արժէքներու եւ իրաւութեան նուիրաբերեցին ի վերուստ իրենց շնորհուած տաղանդը։
Ազատախոհ եւ ազատաշունչ Մինաս Աւետիսեան Մարդուն եւ Հայուն, անոր մեծարժէք արուեստին եւ հոգեհարազատ գոյներու աշխարհին մասին վկայելու համար շատ նեղ են յուշատետրի սիւնակները։ Այսօրուան սիւնակը կը կեդրոնանայ մեծն Մինասի մահուան տարելիցի ոգեկոչման վրայ՝ կենսագրական հակիրճ, հանրագիտական տեղեկանք փոխանցելով ընթերցողին։
Մինաս Կարապետի Ավետիսեան ծնած էր Յուլիս 20ին, 1928ին, Շիրակի Ջաջուռ գիւղը։ Համեմատաբար ուշ մուտք գործած էր գեղանկարչութեան անդաստանէն ներս։ Պատանի տարիքէն տարուած էր մեծն Մարտիրոս Սարեանի արուեստով, որուն հետ մօտէն ծանօթացած էր 18 տարեկանին եւ մտերմացած։
Մինասի գեղարուեստական եւ գեղագիտական կազմաւորման ու կատարելագործման վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած են հայկական մանրանկարչութիւնը եւ իտալական վերածնունդի նկարչութիւնը, որուն հետ Մինաս ծանօթացած էր Լենինկրատի մէջ իր ուսանողական տարիներուն։
Մինասը ստեղծեց հայկական գիւղաշխարհը արտացոլող եւ շնչաւորող պատկերացումներ, բնանկարներ։ Ստեղծեց մարդու եւ հայու իր յուզաշխարհը լոյսի եւ գոյնի վերածող դիմանկարներ։ Ստեղծեց երանգներու անզուգական խաղերով խօսուն նաթիւրմորթեր եւ որմնանկարներ։
Մինասի ստեղծագործութիւնները իւրայատուկ են իրենց գունային ուժեղ հակադրութիւններով, որոնք կþարտայայտեն լուսաւոր, քնարական տրամադրութիւններ, երբեմն՝ ողբերգական շեշտերով։ Մինասի վրձինը տարածուեցաւ նկարչության բոլոր ոլորտներուն վրայ՝ գեղանկարչութիւն, գծանկար, որմնանկարչութիւն, բեմանկարչութիւն եւայլն։
Մինաս մեծարժէք գործեր նուիրած է ուղղակի հայ ժողովուրդի անցեալին՝ յատկապէս 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան, որմէ մազապուրծ փրկուած էին նաեւ իր ծնողները։ Այդպիսի՛ն են 1965-67ին ստեղծուած «Ճանապարհ. ծնողներիս յիշողութիւնները» եւ «Դեր-Զորի ճանապարհին» (1964 թ) կտաւները։
Մինասի հասուն ստեղծագործական կեանքը տեւեց միայն 15 տարի՝ 1960էն 1975։ Բայց այդքանն իսկ բաւական եղաւ, որպէսզի հայ նկարչական հանճարին վերջին ներկայացուցիչը ստեղծէ մօտ հինգ հարիւր մեծ ու փոքր կտաւ, մօտաւորապէս նոյնքան գծանկար եւ քսան մեծածաւալ որմնանկարներ, ինչպէս նաեւ՝ մէկ տասնեակէ աւելի պալէի ու թատերական ձեւաւորումներ։


Ն.