Ահա հրաժեշտ կու տանք 2015ին, որ ազգային մեր յիշողութեան մէջ պիտի յաւերժանայ իբրեւ Հարիւրամեակի Տարին։
Եւ անմիջապէս կը մաղթենք, որ անցնող տարին յատկորոշած Հայ Դատի պահանջատիրութեան համահայկական աշխոյժ երթը նո՛յն թափով շարունակուի նաեւ ե
կող տարուան ընթացքին։
ժամանակի դատաստանին ահա կը յանձնենք տարի մը, որ համաշխարհային տարողութեամբ ծանրակշիռ վերիվայրումներով ընթացաւ՝ անձկութեան մատնելով համայն մարդկութիւնը, աշխարհի չորս ծագերուն։
Եւ կը մաղթենք, Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան»ին ներշնչումով՝ որ ամէնուրեք «խաղաղութիւն թող ըլլայ»։
Չենք մոռնար յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու յանցագործ թրքական պետութիւնը, որ 2015ի ընթաքին ոչ միայն շարունակեց Ուրացումի եւ պատմական պատասխանատուութենէ փախուստ տալու իր դատապարտելի վարքագիծը, այլ նաեւ նոր թափ տուաւ Օսմանեան Կայսրութեան ոճով մեծապետական բռնակալ ուժ մը դառնալու իր մոլեռանդութեան՝ Մերձաւոր Արեւելքի ամբողջ շրջանի երկիրներն ու ժողովուրդները ահաւոր ողբերգութեանց մատնելով։
Եւ անկասկած կը մաղթենք, որ նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ ծայր առած դժգոհութեան եւ բողոքի ալիքը թափ հաւաքէ եւ ազդու ուժ դառնայ՝ ցեղասպանական վարքագիծը շարունակելու Թուրքիոյ ղեկավարներու կամակորութեան վերջակէտ դնելու համար։
Մեր ետին կը ձգենք ահա Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամը իր բարձրակէտին հասցուցած 2015 թուականը, որ մինչեւ Եւրոպայէն ու աշխարհէն մեկուսացուելու անդոհանքին մատնեց, բայց վերջին պահուն խնայեց եւ ելքի ճեղք մը բաց ձգեց յուսալքութեան մէջ մխրճուած յոյն ժողովուրդին (յունահայութեամբ հանդերձ) առջեւ։
Եւ անպայման կը մաղթենք, որ թէ՛ ժողովուրդով եւ թէ քաղաքական ղեկավարութեամբ՝ յոյն հասարակութիւնը մտահան չընէ անցնող դաժա՛ն տարուան նոյնքան դաժա՜ն դասերը, որպէսզի այսօրուան եւ վաղուան սերունդները այլեւս ոտքի կոխան չերթան առանձնաշնորհեալ ու յղփացած ցեցերու... շահատակութիւններուն։
Յարատեւելու կամք եւ գօտիներու ամրապնդում կը մաղթենք յատկապէս փոքր ածու յունահայութեան, որպէսզի իր ազգային բոլոր կառոյցներով՝ դպրոցներով, մամուլով ու միութիւններով ոչ միայն յաղթահարէ տնտեսական սեղմումի եւ կազմալուծման դժուարութիւնները, այլեւ աւելի պայծառ դիմագիծով ու ծառայական որակով տէր կանգնի հայապահպանման ու հայակերտումի իր առաքելութեան։
Բարո՜վ երթաս 2015։
Գալուստդ թող բարի՜ ըլլայ 2016։