3 ­Յու­նո­ւար 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի 2016 թո­ւա­կա­նը «­Ծա­ռա­յու­թեան ­Տա­րի» հռչա­կող պատ­գա­մը: Ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Հայ­րա­պե­տա­կան այս պատ­գա­մը ու­ղե­ցոյց պի­տի ծա­ռա­յէ՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ծա­ռա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գի կեան­քէն ներս: ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մերն ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը, ան­սա­լով ­Նո­րին Սր­բու­թեան կո­չին՝ վե­րար­ժե­ւո­րու­մի պի­տի են­թար­կեն եւ յա­տուկ ծրա­գիր­ներ մշա­կեն ա­ռա­ւել եւս ար­դիւ­նա­բեր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին:

Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս «­Ծա­ռա­յու­թեան ­Տա­րի»ի այս պատ­գա­մին մէջ կ’անդ­րա­դառ­նայ ծա­ռա­յու­թեան էա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան՝ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան, ազ­գի բար­գա­ւա­ճու­մին, հայ­րե­նի­քի կեր­տու­մին եւ իւ­րա­քան­չիւր հայ ան­հա­տի բա­րօ­րու­թեան հա­մար:

Ս­տո­րեւ կար­դալ ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Պատ­գա­մը.

­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­գե­ւոր դա­սուն, Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն

Աս­տու­ծոյ Որդ­ւոյն մար­դե­ղու­թեան եւ ­Նոր ­Տարուան խոր­հուր­դով ու պատ­գա­մով օ­ծուն այս օ­րե­րուն, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քէն հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ ու քրիս­տո­նէա­կան ջերմ սի­րով կ’ող­ջու­նենք ձեզ: Կ­’ա­ղօ­թենք առ Ա­մե­նա­բա­րին Աս­տո­ւած, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րուն, մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն ու մեր ­Մեծ Ըն­տա­նի­քին՝ ազ­գին կեան­քը լեց­նէ երկ­նա­յին ա­ռատ բա­րիք­նե­րով ու նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով:

­Տա­րի­ներ ա­ռաջ ­Մեր նա­խա­ձեռ­նած գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լով, 2015 տա­րին ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Կոն­դա­կով հռչա­կե­ցինք ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ: Անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, թէ՛ գա­ղու­թա­յին եւ թէ հա­մա­հայ­կա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, այ­լա­զան ու բազ­մա­զան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ու ձեռ­նարկ­նե­րու ճամ­բով՝ միշտ միաս­նա­կան ո­գիով, ա­մուր վճռա­կա­մու­թեամբ ու յա­ռա­ջա­տե­սիլ մօ­տե­ցու­մով, նշո­ւե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը: Ար­դա­րեւ, ­Մեր որ­դեգ­րած բնա­բա­նը՝ «­Յի­շել, ­Յի­շեց­նել ու ­Պա­հան­ջել» դար­ձաւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ար­ժե­ւոր­ման մղիչ ու­ժը, ա­նոր խորք, ըն­թացք ու նպա­տակ տո­ւող ու­ղե­գի­ծը:

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի նշման ծի­րէն ներս ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը շեշ­տը դրաւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վրայ: ­Մեր կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նարկ­նե­րուն, կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն, մշա­կած ծրա­գիր­նե­րուն, օ­տար ե­կե­ղե­ցա­կան, քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն, հայ թէ օ­տար շրջա­նակ­նե­րէն ներս ­Մեր ու­նե­ցած հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րուն ու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու ճամ­բով յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծե­ցինք մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տը ի­րա­ւա­կան մարզ փո­խադ­րե­լու ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կա­նը: Եւ ա­ւե­լի՛ն, որ­պէս գործ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն ­Մեր կա­տա­րած կո­չին, պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մեր ­Սուրբ Ա­թո­ռը ի­րա­ւա­կան քայ­լի դի­մեց ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ, պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի իր դա­րա­ւոր ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը:

Ար­դա­րեւ, իւ­րա­քան­չիւր հայ պա­հան­ջա­տէր է, մեր ողջ ազ­գը պա­հան­ջա­տէր է այն­քան ա­տեն, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չէ ճանչ­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նին կող­մէ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը չէ վե­րա­տի­րա­ցած իր բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն: ­Մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րով ու շեշ­տա­ւո­րում­նե­րով պէտք է շա­րու­նա­կո­ւի 2015էն ան­դին:

Արդ, պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գիով թրծո­ւած, եւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, ժո­ղո­վուր­դին ու հայ­րե­նի­քին կեան­քը ա­ւե­լի ծաղ­կեց­նե­լու ու հզօ­րաց­նե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ շա­ղա­խո­ւած, 2016 տա­րին կը հռչա­կենք՝

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»

­

Ծա­ռա­յու­թիւ­նը մեր ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թեան մէջ յա­ճա­խա­կիօ­րէն գոր­ծա­ծո­ւող սո­վո­րա­կան բառ դար­ձած է, ինչ­պէս նաեւ՝ մեր կեան­քին մէջ յա­ճախ պար­զո­ւող բնա­կան ե­րե­ւոյթ մը: ­Սա­կայն, խո­րունկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ծա­ռա­յու­թիւ­նը: Ան մարդ­կա­յին կեան­քին ա­մէ­նէն բարձր ար­ժէք­նե­րէն ու ար­ժա­նիք­նե­րէն մէկն է: ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը իր խոր էու­թեամբ հա­ւատ­քի ու նո­ւի­րու­մի շօ­շա­փե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն է, Աս­տու­ծոյ ու մեր նմա­նին հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւա­տար­մու­թեան ու սի­րոյ գործ­նա­կա­նա­ցումն է: ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը ճիշդ ու հա­մա­պար­փակ կեր­պով ըմբռ­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ա­ռա­ջին հեր­թին դառ­նալ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին, որ­պէս աղ­բիւ­րը աս­տո­ւա­ծա­յին յայտ­նու­թեան եւ հիմ­քը՝ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին ու կեան­քին:

Ա.­- Ծա­ռա­յու­թիւ­նը Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին մէջ

Ի՞նչ կ’ը­սէ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը ծա­ռա­յու­թեան մա­սին: ­Նախ ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով ակ­նարկ մը նե­տենք ­Հին Կ­տա­կա­րա­նին վրայ:

Ի­րենց կեան­քը Աս­տու­ծոյ ու ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան նո­ւի­րած մար­գա­րէ­նե­րը ու եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դին ա­ռաջ­նորդ­նե­րը նկա­տո­ւած են Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­նե­րը: Աս­տու­ծոյ ա­ռա­ջին ծա­ռան դար­ձաւ Աբ­րա­համ ­Նա­հա­պե­տը, ո­րուն հա­ւատ­քով լե­ցուն ծա­ռա­յա­կան կեան­քը մղեց եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դը դառ­նա­լու ուխ­տի ժո­ղո­վուրդ (Ծն 15.1-6). ա­պա ­Յով­սէփ, որ իր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յեց զա­նոնք կե­րակ­րե­լով սո­վի եօ­թը տա­րի­նե­րուն (Ծն 50.20-21). ­Մով­սէս մար­գա­րէն, որ ե­ղաւ իր ժո­ղո­վուր­դը Ե­գիպ­տո­սի գե­րու­թե­նէն ա­զա­տո­ղը եւ ա­նոր Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քը տո­ւո­ղը (Ել 14). ­Յե­սուն, ո­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ խոս­տա­ցեալ ­Քա­նա­նու երկ­րին գրա­ւու­մը (­Յես 1-21). ­Դա­ւիթ մար­գա­րէն, որ Աս­տու­ծոյ եւ իր ժո­ղո­վուր­դին մի­ջեւ յա­ւի­տե­նա­կան ուխտ մը կնքեց (Բ.Թգ 7.18-29). ­Սո­ղո­մոն թա­գա­ւո­րը, որ նա­խա­ձեռ­նեց Ե­րու­սա­ղէ­մի տա­ճա­րին կա­ռուց­ման (Գ.Թգ 6): ­Տա­կա­ւին կա­րե­լի է յի­շել ­Գե­դէոն եւ ­Սամփ­սոն դա­տա­ւոր­նե­րը, ­Սա­մո­ւէլ ու Ան­գէա մար­գա­րէ­նե­րը, Ե­զե­կիա եւ ­Յով­սիա թա­գա­ւոր­նե­րը եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք ­Հին Կ­տա­կա­րա­նին վկա­յու­թեան հա­մա­ձայն դար­ձան Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­նե­րը ու պատ­գա­մա­բեր­նե­րը եւ ի­րենց ժո­ղո­վուր­դը հե­ռա­ցու­ցին կռա­պաշ­տու­թե­նէն ու ա­ռաջ­նոր­դե­ցին դէ­պի աս­տուա­ծա­յին ճշմար­տու­թիւն­նե­րով ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով լե­ցուն կեանք (Դտ 7-8,15: Ա.Թգ 3.10, 7.3-17: Դ.Թգ 23.1-27: Բ.Մն 29-31: Անգ 1.12-15):

­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը կազ­մէ ­Նոր Կ­տա­կա­րա­նին հիմ­քը, ո­րով­հե­տեւ ­Նոր Կ­տա­կա­րա­նին ա­ռանց­քը հան­դի­սա­ցող Աս­տու­ծոյ Որ­դին ինք­զինք որ­պէս ծա­ռայ նկա­տեց եւ որ­պէս մար­դու ու Աս­տու­ծոյ ծա­ռայ ապ­րե­ցաւ իր երկ­րա­ւոր կեան­քը ու ի­րա­գոր­ծեց իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Ինչ­պէս Ա­ւե­տա­րա­նը կը վկա­յէ, «­Մար­դու Որ­դին, ինքն ալ, չե­կա՛ւ ու­րիշ­նե­րու կող­մէ սպա­սա­ւո­րու­թիւն ըն­դու­նե­լու, այլ սպա­սա­ւո­րե­լու եւ իր կեան­քը շա­տե­րու հա­մար որ­պէս փրկա­գին տա­լու» (Մր 10.45: Մտ 20. 28): Իր ու­սու­ցում­նե­րուն, հրաշք­նե­րուն ու ա­ռակ­նե­րուն ճամ­բով Ք­րիս­տոս յա­տուկ կեր­պով շեշ­տեց ծա­ռա­յու­թեան կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մար­դու կեան­քէն ներս: Այս­պէս՝

• ­Բա­րի ­Սա­մա­րա­ցիին ա­ռա­կով (Ղկ 10.30-37) ու ա­շա­կերտ­նե­րուն ոտ­քե­րը լո­ւա­լով (Յհ 13.1-12), Ք­րիս­տոս գործ­նա­պէս ցոյց տո­ւաւ ծա­ռա­յու­թեան մե­ծու­թիւ­նը:

• Ճշ­մա­րիտ ծա­ռա­յու­թեան օ­րի­նակ դառ­նա­լով, Ք­րիս­տոս մար­դոց թե­լադ­րեց ծա­ռա­յու­թիւ­նը նկա­տե­լու ի­րենց կեան­քին ու­ղե­գի­ծը, Աս­տու­ծոյ մօ­տե­նա­լու վա­ւե­րա­կան ճամ­բան:

• Իր ծա­ռա­յա­կան կեան­քին օ­րի­նա­կով Աս­տու­ծոյ Որ­դին հրա­ւի­րեց մար­դը ծա­ռա­յե­լու միայն Աս­տու­ծոյ ու աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ ար­ժէք­նե­րուն, ինչ­պէս կը յի­շեց­նէ Ա­ռա­քեա­լը, թէ՝ ծա­ռա­յել կը նշա­նա­կէ «կուռք»ե­րը ձգե­լով Աս­տու­ծոյ դառ­նալ (Ա.Թս 1.9):

• Ք­րիս­տոս նաեւ յի­շե­ցուց մար­դոց, թէ ի­րաւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ յօ­ժա­րա­կամ ու ան­սա­կարկ: Այլ խօս­քով, ծա­ռա­յո­ղը իր ծա­ռա­յու­թեամբ պէտք չէ հպար­տա­նայ. ծա­ռա­յու­թիւ­նը պէտք չէ կա­տա­րէ մար­դոց­մէ գա­լիք վար­ձատ­րու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ծա­ռան իր ծա­ռա­յու­թեան վար­ձատ­րու­թիւ­նը պի­տի ստա­նայ Աս­տուծ­մէ, ինչ­պէս Ա­ւե­տա­րա­նը կը յի­շեց­նէ՝ «ան­պի­տան ծա­ռա­ներ ենք, ինչ որ պար­տա­ւոր էինք ը­նել՝ կա­տա­րե­ցինք» (Ղկ 17.10):

• ­Վեր­ջա­պէս, Ք­րիս­տոս մար­դուն կող­մէ իր նմա­նին կա­տա­րո­ւած ծա­ռա­յու­թիւ­նը կ’ըն­դու­նի որ­պէս ի­րե՛ն կա­տա­րո­ւած ծա­ռա­յու­թիւն՝ «կ’ը­սեմ ձե­զի, ո­րով­հե­տեւ իմ այս փոքր եղ­բայր­նե­րէս մէ­կուն ը­րիք, ին­ծի ը­րած ե­ղաք» (Մտ 25.40):

Արդ, Ք­րիս­տոս ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը նկա­տէ մար­դուն մէջ աս­տո­ւա­ծա­յին պատ­կե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու եւ փրկու­թեան ճամ­բով մար­դը դէ­պի Աս­տո­ւած ա­ռաջ­նոր­դե­լու ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան ճամ­բան: ­Ճամ­բայ մը, որ Ք­րիս­տոս իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ հու­նա­ւո­րեց եւ իր կեան­քով ցոյց տո­ւաւ մար­դուն: Ք­րիս­տոս ը­սաւ՝ «ով որ ու­զէ ին­ծի ծա­ռա­յել՝ պէտք է ին­ծի հե­տե­ւի, եւ ին­ծի ծա­ռա­յո­ղը պի­տի ըլ­լայ հոն՝ ուր ես կը գտնո­ւիմ» (Յհ 12.26):

Բ.­- Ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րուն

ու­սու­ցում­նե­րուն մէջ

Ա­ռա­ջին դա­րու ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ ծա­ռա­յու­թիւ­նը դար­ձաւ ա­ռանց­քա­յին ներ­կա­յու­թիւն: Ք­րիս­տո­սի ան­ձին օ­րի­նա­կէն ներշն­չո­ւած, ա­ռա­քեալ­ներ ու հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ի­րենց ա­ռօ­րեայ կեան­քը լե­ցու­ցին ու ար­ժե­ւո­րե­ցին բազ­մա­տե­սակ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով: ­Գործք Ա­ռա­քե­լո­ցի մէջ կը հան­դի­պինք այն­պի­սի դէպ­քե­րու ու ե­րե­ւոյթ­նե­րու, ո­րոնք պեր­ճա­խօս կեր­պով կը վկա­յեն ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին ու վկա­յու­թեան մէջ ծա­ռա­յու­թեան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեան մա­սին: Ս. Ս­տե­փա­նոս նա­խավկան տի­պար­նե­րէն մէկն է ա­ռա­ջին դա­րու ծա­ռա­նե­րէն (Գրծ 6.1-7): Ե­կե­ղե­ցին որ­քան ա­ճե­ցաւ, տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ու կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ, այն­քան ծա­ռա­յու­թիւ­նը դար­ձաւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին կեն­սա­կան տար­րե­րէն ու ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէ­կը:
Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը ի­րենց քա­րոզ­նե­րուն ու պատ­գամ­նե­րուն ճամ­բով յա­տուկ շեշտ դրին ծա­ռա­յու­թեան վրայ՝ յի­շեց­նե­լով որ ան պէտք է դառ­նայ քրիս­տո­նեայ մար­դու կեան­քին ու­ղե­ցոյ­ցը ու գոր­ծին մղիչ ու­ժը: Այս­պէս՝

Ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րէն ­Յով­հան Ոս­կե­բե­րան կ’ը­սէ՝ «երբ մեր ձեռ­քե­րով կը ծա­ռա­յենք աղ­քատ­նե­րուն՝ կ’օրհ­նո­ւին մեր ձեռ­քե­րը. եւ երբ աղ­քա­տի մը ծա­ռա­յե­լէ ետք մեր ձեռ­քե­րը եր­կինք կը բարձ­րաց­նենք՝ Աս­տո­ւած ան­մի­ջա­պէս կ’ո­ղոր­մի մե­զի եւ կու տայ մեր խնդրան­քը»:
Գ­րի­գոր ­Նիւ­սա­ցին կը գրէ՝ «անն­շան ու ան­պէտք ծա­ռա­յու­թիւն չկայ, այն­քան ա­տեն որ զայն կը կա­տա­րենք մա­քուր սրտով ու եղ­բայ­րա­սի­րու­թե­նէ մղո­ւած»:

Օ­գոս­տի­նոս իր կեան­քի օ­րի­նա­կով կը վկա­յէ՝ «երբ Աս­տու­ծոյ կը ծա­ռա­յես՝ Աս­տո­ւած չէ որ կը մեծ­նայ. դո՛ւն է որ կը մեծ­նաս»:

­Հե­րե­նի­մոս կը յի­շեց­նէ՝ «իր նմա­նին ծա­ռա­յող մար­դը՝ նմա­նա­կից կ’ըլ­լայ Ք­րիս­տո­սի, քա­նի Ք­րիս­տոս ինք եւս ծա­ռա­յեց մար­դոց»:

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րէն յի­շենք մի քա­նին.-

­Յով­հան­նէս ­Ման­դա­կու­նին կը վկա­յէ՝ «ե­թէ կը ծա­ռա­յես տկար­նե­րուն՝ Ք­րիս­տո­սի է որ ծա­ռա­յած կ’ըլ­լաս ինք­զին­քին ծա­ռա­յո­ղը չի կրնար Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­րիմ ծա­ռան ըլ­լալ»:

Ա­նա­նիա ­Նա­րե­կա­ցին կ’ը­սէ՝ «խո­նարհ կը նկատուինք երբ մեր նմա­նը ծա­ռայ չենք դարձ­ներ մե­զի, այլ մենք կը ծա­ռա­յենք ա­նոր»:

­Սար­գիս Շ­նոր­հա­լին Ճշ­մա­րիտ ծա­ռա­յու­թեան ակ­նար­կե­լով, կը գրէ՝ «Աս­տու­ծոյ ծա­ռան չի կրնար ծա­ռա­յել մա­մո­նա­յին. իսկ ան որ մա­մո­նա­յին կը ծա­ռա­յէ՝ Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն կը հե­ռա­ցո­ւի»:

Ս­տե­փա­նոս ­Սիւ­նե­ցին տի­պար ծա­ռան կը բնո­րո­շէ հե­տե­ւեալ ձե­ւով՝ «ան որ կը ծա­ռա­յէ Աս­տու­ծոյ կամ իր նմա­նին վար­ձատ­րու­թիւն ձեռք ձգե­լու ակն­կա­լու­թեամբ եւ ոչ թէ սէ­րէն մղո­ւած, վարձ­կան կը նկա­տո­ւի»:

Գ.­- Ծա­ռա­յու­թիւ­նը Ք­րիս­տո­նէա­կան

հա­ւատ­քին էու­թիւնն է

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով ­Հին ու ­Նոր Կ­տա­կա­րան­նե­րու ու­սու­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քին մէջ ապ­րած եւ ի­րենց փոր­ձա­ռու­թեան լոյ­սին տակ մե­զի փո­խան­ցած ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րուն վկա­յու­թիւն­նե­րը, անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տենք կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծել հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.-

Ա) ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը կեան­քի ո­րակ է: ­Սոսկ կեան­քի իւ­րա­յա­տուկ ձեւ կամ ոճ չէ ծա­ռա­յու­թիւ­նը: Ու­րի­շին նկատ­մամբ մեր ու­նե­ցած սի­րոյն, յար­գան­քին ու նո­ւի­րու­մին շօ­շա­փե­լի ար­տա­յա­յու­թիւնն է ծա­ռա­յու­թիւ­նը: ­Հե­տե­ւա­բար, ծա­ռա­յու­թիւ­նը պէտք է ամ­րօ­րէն շա­ղա­խո­ւի մեր մտա­ծում­նե­րուն ու գոր­ծե­րուն հետ, մեր ողջ կեան­քին հետ: ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը երբ կը դառ­նայ մա­կե­րե­սա­յին, պա­տա­հա­կան ու շա­հա­դի­տա­կան, կը կորսնց­նէ իր ճշմա­րիտ ի­մաս­տը: ­Մար­դու կեան­քը ծա­ռա­յու­թեամբ միայն կ’ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի ու կը հարս­տա­նայ. մար­դը ծա­ռա­յու­թեամբ կը մեծ­նայ ու կը դառ­նայ յար­գան­քի ու գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի: ­Յա­կո­բոս Ա­ռա­քեա­լը կ’ը­սէ, թէ հա­ւատ­քը ա­ռանց գոր­ծի, այլ խօս­քով՝ ծա­ռա­յու­թեան, մե­ռեալ տարր է (Յկ 2.17,26): ­Մեծ մտա­ծող­նե­րէն ­Կէօ­թէ կ’ը­սէ՝ «կ’ապ­րի այն մար­դը, որ ու­րիշ­նե­րուն հա­մար կ’ապ­րի»: ­Նա­յե­ցէ՛ք պատ­մու­թեան, դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը: Ու­րի­շին հա­մար ի­րենց ու­նե­ցա­ծէն բա­ժին հա­նած ու ի­րենց կեանքն իսկ ըն­ծա­յա­բե­րած ան­ձե­րը ապ­րած են գե­րեզ­մա­նէն ան­դին: ­Մեր կեան­քը մե­զի չի պատ­կա­նիր, ան Աս­տու­ծոյ պար­գեւն է: Արդ, Աս­տո­ւա­ծա­տուր մեր կեանքը ծա­ռա­յու­թեան ճամ­բով պէտք է ապ­րիլ՝ Աս­տու­ծոյ, մեր ազ­գին, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու մեր նմա­նին հա­մար:
Ա՛յս է կեան­քը ըմբռ­նե­լու ու ի­րա­գոր­ծե­լու վա­ւե­րա­կան կեր­պը:

Բ) ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը կեան­քի ճա­նա­պարհ է: Երբ ծա­ռա­յու­թիւ­նը դառ­նայ մեր կեան­քին ան­բա­ժան ու ան­բա­ժա­նե­լի բա­ղադ­րիչ մա­սը, ան կը դառ­նայ մեր կեան­քին միակ ճա­նա­պար­հը: ­Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին դի­մաց, յատ­կա­պէս ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ, կան այ­լա­զան ու բազ­մա­զան ճա­նա­պարհ­ներ, ո­րոնք մեզ կ’ա­ռաջ­նոր­դեն նոր ժա­մա­նակ­նե­րու, Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի բա­ցատ­րու­թեամբ՝ «կռա­պաշ­տու­թեան», կեան­քի այն­պի­սի վի­ճակ­նե­րու, ուր մեր ան­ձը կը դառ­նայ գե­րա­գոյն ար­ժէք: Ք­րիս­տո­նեայ մար­դուն հա­մար, ­Բա­րի ­Սա­մա­րա­ցիին օ­րի­նա­կով հի­ւան­դը խնա­մե­լը, կա­րի­քա­ւո­րին օ­ժան­դա­կե­լը պէտք է դառ­նայ իր կեան­քին միակ ճա­նա­պար­հը՝ հե­ռու ա­մէն տե­սակ լու­սար­ձակ­նե­րէ ու սպա­սում­նե­րէ: Ֆ­րան­սա­ցի հռչա­կա­ւոր գրող­նե­րէն ­Վիք­թոր ­Հիւ­կօ կը յի­շեց­նէ թէ՝ «միտ­քը կը հարս­տա­նայ իր ստա­ցա­ծով, իսկ սիր­տը՝ իր տո­ւա­ծով»: Չհ­պար­տա­նանք միայն մեր ստա­ցա­ծով կամ ու­նե­ցա­ծով, այլ ու­րա­խա­նանք մեր տուա­ծով, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր մէջ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը կայ:
Գ) ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը կեան­քի նպա­տակ է: ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը ըլ­լա­լով մեր կեան­քին ա­մուր շա­ղախն ու ճշմա­րիտ ճա­նա­պար­հը, պէտք է նաեւ դառ­նայ մեր կեան­քին նպա­տա­կը: ­Վա՜յ այն կեան­քին, որ ինք­նա­կեդ­րոն ու ինք­նան­պա­տակ է: ­Վա՜յ այն ան­ձին, որ իր ամ­բա­րած հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րը ի­րեն հա­մար կը պա­հէ: ­Վա՜յ այն ու­նե­ւո­րին, որ իր դի­զած գու­մար­նե­րը իր ան­ձին հա­ճոյ­քին ու փառ­քին հա­մար կը վե­րա­պա­հէ: Չ­մոռ­նանք Ք­րիս­տո­սի պատ­մած ա­ռա­կը մե­ծա­հա­րուստ ե­րի­տա­սար­դին մա­սին (Մտ 19.16-24): ­Մեր ու­նե­ցա­ծը, այլ խօս­քով Աս­տու­ծոյ մե­զի տո­ւա­ծը, Աս­տո­ւած ոե­ւէ ժա­մա­նակ կրնայ մեզ­մէ առ­նել, Ա­ւե­տա­րա­նի մե­ծա­հա­րուս­տին նման: ­Հե­տե­ւա­բար, մեր ու­նե­ցա­ծէն ազ­գին, հայ­րե­նի­քին ու ե­կե­ղեց­ւոյ տա­լը պէտք է դառ­նայ մեր կեան­քին յստակ ու­ղե­ցոյ­ցը. եւ՝ այ­սօ՛ր, ո­րով­հե­տեւ վա­ղը կրնայ ո՜ւշ ըլ­լալ: Չ­մոռ­նանք եր­բեք, որ Աս­տու­ծոյ Որ­դին իր ու­նե­ցա­ծէն սոսկ բա­ժին մը չտո­ւաւ մար­դուն, այլ՝ ինք­զի՛նք տո­ւաւ: Ճշ­մա­րիտ քրիս­տո­նեան ան է, որ իր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող ու ա­ռաջ­նոր­դող նպա­տակ կ’ընտ­րէ ու­րի­շին ծա­ռա­յե­լը՝ հե­ռու ա­մէն տե­սակ ցու­ցա­կան ու փա­ռա­սի­րա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէ: ­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կը յոր­դո­րէ ը­սե­լով՝ ծա­ռա­յե­ցէք լուռ ու ան­սա­կարկ կեր­պով, եւ ոչ թէ՝ սոսկ մար­դոց գնա­հա­տան­քը շա­հե­լու հա­մար (Եփ 16.6-8, Կղ 3.22-24), եւ կոչ կ’ը­նէ Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւող­նե­րուն՝ «որ­քան ա­տեն որ ժա­մա­նա­կը մեր ձեռքն է՝ բա­րիք ը­նենք բո­լո­րին…» (Գղ 6.10):

Դ.­- Ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ կո­չումն է

­

Ծա­ռա­յու­թիւ­նը դար­ձաւ Ք­րիս­տո­սի կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան հիմ­քը, ճա­նա­պար­հը ու նպա­տա­կը: Աս­տու­ծոյ Որ­դին ծա­ռա­յու­թեամբ ի­րա­գոր­ծեց իր փրկա­գոր­ծա­կան ծրա­գի­րը: Այս­պէ՛ս պէտք է ըլ­լայ նաեւ Ք­րիս­տո­սի փրկա­գոր­ծա­կան ծրա­գի­րը շա­րու­նա­կե­լու կո­չո­ւած Ք­րիս­տո­սի խորհր­դա­կան մարմ­նոյն՝ ե­կե­ղեց­ւոյ կեանքն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: ­Հե­տե­ւա­բար, իր էու­թեամբ ու կո­չու­մով ծա­ռա­յու­թի՛ւն է ե­կե­ղե­ցին: Ք­րիս­տոս իր երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տին իր ա­շա­կերտ­նե­րը աշ­խարհ ղրկեց, որ­պէս­զի ա­նոնք ծա­ռա­յու­թեան ճամ­բով Ք­րիս­տո­սին աշ­խարհ բե­րած ար­ժէք­ներն ու սկզբունք­նե­րը փո­խան­ցեն մար­դոց եւ, Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թեան պատ­գա­մա­բեր­նե­րը դառ­նան:

Երբ ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը նե­տենք ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան վրայ, պի­տի տես­նենք, թէ կեան­քի ա­մէ­նէն դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն մէջ իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ միակ ճամ­բան ծա­ռա­յու­թիւնն է ե­ղած, ա­նոր հզօ­րա­գոյն զէն­քը ծա­ռա­յու­թիւնն է դար­ձած: ­Հոն, ուր ե­կե­ղե­ցին հե­ռու մնա­ցած է ծա­ռա­յու­թե­նէն, ան փաս­տօ­րէն հա­ւա­տա­րիմ չէ մնա­ցած իր կո­չու­մին: ­Հոն, ուր ե­կե­ղե­ցին ծա­ռա­յու­թիւ­նը դար­ձու­ցած է իր կեան­քին ա­ռանց­քը ու նպա­տա­կը, ան դար­ձած է հզօր ու կեն­սու­նակ: ­Հոն, ուր ե­կե­ղե­ցին իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը տե­սած է այլ տեղ եւ ոչ թէ ծա­ռա­յու­թեան մէջ, ժո­ղո­վուր­դը հե­ռա­ցած է ե­կե­ղե­ցիէն: ­Հոն, ուր ե­կե­ղե­ցին ինք­զինք նոյ­նա­ցու­ցած է ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւին ու տա­ռա­պան­քին հետ՝ դառ­նա­լով ծա­ռա­յա­կան ներ­կա­յու­թիւն ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս, ժո­ղո­վուր­դը ամ­րօ­րէն կառ­չած է ե­կե­ղեց­ւոյ:

­Հայ ե­կե­ղե­ցին միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած է իր քրիս­տո­սա­տուր կո­չու­մին: ­Դի­տե­ցէ՛ք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քի ճա­նա­պար­հը՝ ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ ­Կի­լի­կիա ու ա­պա Ս­փիւռք: ­Մեր կեան­քի խա­ւար ճամ­բա­նե­րուն վրայ, մեր ե­կե­ղե­ցին Ա­ւե­տա­րա­նին լոյսն է սփռած՝ ծա­ռա­յե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին. մեր պատ­մու­թեան դժնդակ ժա­մա­նակ­նե­րուն, մեր ե­կե­ղե­ցին իր ժո­ղո­վուր­դի կող­քին է ե­ղած, դար­ձեալ ծա­ռա­յե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին:

Այ­սօր եւս, հայ ե­կե­ղե­ցին պէտք է ծա­ռա­յու­թիւ­նը դարձ­նէ իր կեան­քի միակ ճա­նա­պար­հը, իր ա­ռա­քե­լու­թեան միակ նպա­տա­կը: Ք­րիս­տոս իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը կեր­տեց ծա­ռա­յե­լով: ­Մեր ե­կե­ղե­ցին, ինչ­պէս ան­ցեա­լին այ­սօ՛ր եւս, ինք­զինք պի­տի ար­ժե­ւո­րէ իր կո­չու­մին հա­ւա­տար­մու­թեամբ՝ միայն ծա­ռա­յե­լով: Այ­սօր մեր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը այն­պի­սի սուր կա­րիք­նե­րով, ա­հա­ւոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով, խոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով ու լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով է լե­ցուն, ո­րոնց դի­մաց մեր ե­կե­ղե­ցին չի կրնար ան­տար­բեր մնալ, դի­տո­ղի կամ լսո­ղի կրա­ւո­րա­կան վի­ճա­կի մէջ ըլ­լալ: ­Հե­ռու ա­մէն տե­սակ մա­կե­րե­սա­յին, պա­տա­հա­կան ու ցու­ցա­կան ձե­ւե­րէն, մեր ե­կե­ղե­ցին կո­չո­ւած է ծա­ռա­յա­կան այն­պի­սի մօ­տե­ցում­ներ որ­դեգ­րել, այն­պի­սի ձե­ւեր մշա­կել, ո­րոնք ըլ­լան ազ­դու ու հա­մա­հունչ՝ տո­ւեալ պայ­ման­նե­րու մեր ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն ու սպա­սում­նե­րուն:

Ե.­- Ծա­ռա­յու­թիւ­նը հա­մայն­քա­յին ու պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն պար­տա­ւո­րու­թիւնն է

­

Ծա­ռա­յու­թիւ­նը սոսկ կրօ­նա­կան կամ բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն չէ. ան հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք է ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն: ­Հին դա­րե­րէն սկսեալ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ ու մշա­կոյթ­ներ, մտա­ծող­ներ ու ա­րուես­տա­գէտ­ներ յա­տուկ կեր­պով ընդգ­ծած են ծա­ռա­յու­թեան կա­րե­ւորու­թիւ­նը ըն­կե­րու­թեան կեան­քին մէջ: Իսկ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին հռչա­կա­գիր­ներ եւ ըն­կե­րու­թեան կեան­քին մէջ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ու միու­թիւններ ի­րենց կա­նո­նագ­րու­թիւն­նե­րու ճամ­բով կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը շեշ­տեն ծա­ռա­յու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը: Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը փո­խա­դարձ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ի­րա­րու առն­չո­ւած ան­հատ­նե­րու, խմբա­ւո­րում­նե­րու ու կա­ռոյց­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մըն է, եւ զայն դէ­պի բա­րե­լա­ւում ու յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դող հզօր գոր­ծօ­նը ծա­ռա­յու­թիւնն է:

­Նո՛յնն է պա­րա­գան մեր ազ­գին: ­Մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս կը գոր­ծեն զա­նա­զան նպա­տակ­նե­րու կեն­սա­գործ­ման լծո­ւած բազ­մա­թիւ կա­ռոյց­ներ: Իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյ­ցին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յել է: Ա՛յս հա­յե­ցա­կէ­տով հարկ է ար­ժե­ւո­րել մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ու միու­թիւն­նե­րուն աշ­խա­տան­քը: Ոե­ւէ կա­ռոյց, երբ մեր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լը չի նկա­տեր որ­պէս իր գո­յու­թեան պատ­ճա­ռը, իր գոր­ծու­նէու­թեան միակ ու­ղե­ցոյ­ցը ու նպա­տա­կը, փաս­տօ­րէն ի­րա­ւունք չու­նի գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լու մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս:

­Նո՛յ­նը հարկ է ը­սել պե­տու­թեան պա­րա­գա­յին: ­Մեր պե­տու­թեան նպա­տա­կը, ինչ­պէս ոե­ւէ պե­տու­թեան, ծա­ռա­յել է իր ժո­ղո­վուր­դին: ­Պե­տու­թիւն մը ո՛չ ինք­նա­գոյ է եւ ո՛չ ալ ինք­նան­պա­տակ: ­Պե­տու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը կ’ընտ­րո­ւին ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու հա­մար՝ հա­մա­րա­տո­ւու­թեամբ ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ: Ոե­ւէ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն, որ իր օ­րէնսդ­րա­կան, գոր­ծա­դիր եւ ի­րա­ւա­կան կա­ռոյց­նե­րու ճամ­բով կը թե­րա­նայ ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու իր պար­տա­ւո­րու­թեան մէջ, ընդվ­զում եւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ ժո­ղո­վուր­դին մօտ: ­Մեր սպա­սումն է, որ հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով ծա­ռա­յե­լը միշտ մնայ հայ­րե­նի պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը:

Արդ, նո­ւի­րեալ ու ան­շա­հախն­դիր ծա­ռա­յու­թեամբ է որ ե­կե­ղե­ցին կը պայ­ծա­ռա­նայ, կա­ռոյց մը կը հզօ­րա­նայ, հա­մայնք մը կը կազ­մա­կեր­պո­ւի, հայ­րե­նի­քը կը յա­ռաջ­դի­մէ ու ազգ մը քա­ջու­թեամբ կը դի­մագ­րա­ւէ պատ­մու­թեան բո­լոր տե­սա­կի փո­թո­րիկ­նե­րը:

Զ.- ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չիւր

հա­յուն պարտքն է ու պա­տի­ւը

Որե­ւէ կրօ­նի կամ ազ­գի պա­րա­գա­յին, իր նմա­նին, ըն­տա­նի­քին, դրա­ցիին, հա­մայն­քին, կրօ­նին, ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին ծա­ռա­յե­լը բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն է, հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է, ան­սա­կար­կե­լի պարտք է: Աշ­խար­հի վրայ ապ­րող իւ­րա­քան­չիւր մարդ իր ինք­նու­թիւ­նը ու­նի: Ինք­նու­թիւն կ’են­թադ­րէ պատ­կա­նե­լիու­թիւն. պատ­կա­նե­լիու­թիւն կը նշա­նա­կէ հա­ւա­տար­մու­թիւն. իսկ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ ծա­ռա­յու­թիւն: Բ­նա­կա­նա­բար, ծա­ռա­յու­թեան կեր­պե­րը, մօ­տե­ցում­նե­րը, տա­րո­ղու­թիւ­նը, բնոյթն ու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը կրնան փո­խո­ւիլ: Ո­մանք ի­րենց մտա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ի սպաս կը դնեն ի­րենց պատ­կա­նած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ա­ռա­ւել ծաղկ­ման, ու­րիշ­ներ՝ հո­գե­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, եւ տա­կա­ւին ու­րիշ­ներ՝ ի­րենց նիւ­թա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Աս­տո­ւած մար­դը զա­նա­զան շնորհ­նե­րով ու բա­րիք­նե­րով օժ­տած է: Աս­տու­ծոյ սպա­սումն է, որ մար­դը իր շնորհ­ներն ու բա­րիք­նե­րը օգ­տա­գոր­ծէ իր ան­ձին նեղ պա­րու­նա­կէն ան­դին, ու­րիշ­նե­րո՛ւն հա­մար: Ա՛յս­պէս կը պա­տո­ւի­րէ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը: Ար­դա­րեւ, ու­րի­շին ծա­ռա­յե­լը Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­յել է, ինչ­պէս կը յի­շեց­նէ մե­զի Ք­րիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նը: Ա՛յս գի­տակ­ցու­թեամբ պէտք է մօ­տե­նանք ծա­ռա­յու­թեան:

Աս­տու­ծոյ ու մար­դուն ծա­ռայ դար­ձած Ք­րիս­տոս միշտ կը յի­շեց­նէ թէ՝ «ով որ ին­ծի կը հա­ւա­տայ թող խա­չը առ­նէ եւ ե­տե­ւէս գայ» (Մտ 16.24): Ք­րիս­տո­սի հա­ւա­տալ կը նշա­նա­կէ դառ­նալ ­Բա­րի ­Սա­մա­րա­ցի: Ք­րիս­տո­սի հա­ւա­տալ կը նշա­նա­կէ՝ Աս­տու­ծոյ մե­զի տո­ւա­ծէն բա­ժին մը հա­նել մեր նմա­նին, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին: ­Պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն դա­ժան պայ­ման­նե­րուն մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­ւա­տա­րիմ մնաց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի սկզբունք­նե­րուն ու ար­ժէք­նե­րուն, նո՛յ­նիսկ՝ իր ա­րեան գնով: ­Մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ ե­ղան ան­ձեր, ո­րոնք բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի նուի­րու­մով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ ծա­ռա­յե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին, հայ­րե­նի­քին ու ե­կե­ղեց­ւոյ՝ ո­մանք ի­րենց հո­գեմ­տա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, ու­րիշ­ներ նիւ­թա­կան բա­րե­րա­րու­թեամբ, իսկ ու­րիշ­ներ ի­րենց ա­րիւ­նը թա­փե­լով ու դար­ձան սուր­բեր, հե­րոս­ներ, ա­նանձ­նա­կան ծա­ռա­յու­թեամբ ի­րենց մե­ծու­թիւ­նը կեր­տած բա­րե­րար­ներ ու ան­մահ­ներ:

Այ­սօր մեր ազ­գը, հայ­րե­նի­քը, ե­կե­ղե­ցին ու գա­ղութ­նե­րը ծով կա­րիք­նե­րու դի­մաց կը գտնո­ւին: Ո՞վ պի­տի հո­գայ մեր կա­րիք­նե­րը. ո՞վ պի­տի ա­մո­քէ մեր ցա­ւե­րը. ո՞վ լու­ծում պի­տի գտնէ մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, ե­թէ ոչ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը, յատ­կա­պէս ա­նոնք, ո­րոնք կը վա­յե­լեն Աս­տու­ծոյ ի­րենց պար­գե­ւած հո­գե­կան, մտա­ւոր թէ նիւ­թա­կան բա­րիք­նե­րը: ­Մեր ու­նե­ցած բա­րիք­նե­րէն գէթ մաս մը ազ­գին տրա­մադ­րու­թեան տակ դնե­լը իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն պարտքն է ու միա­ժա­մա­նակ՝ պա­տի­ւը: Ազ­գին, հայ­րե­նի­քին ու ե­կե­ղեց­ւոյ յա­ւեր­ժու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րող այս գե­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան գան­ձա­նա­կին մէջ, Ա­ւե­տա­րա­նի բա­ռե­րով՝ մեր «այ­րիի լու­ման» դնե­լը իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն սրբա­զան կո­չումն է: Ե­կէ՛ք, սի­րե­լի հա­յոր­դի­ներ, տէ՛ր կանգ­նինք մեր նո­ւի­րա­կան պարտ­քին, որ­պէս­զի ար­ժա­նի դառ­նանք աս­տո­ւա­ծա­յին օրհ­նու­թեան:

* * *

Արդ, ներ­կայ տա­րին «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» հռչա­կե­լով, ա­ռա­ջին հեր­թին կ’ա­ղօ­թենք այն բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ան­ցեա­լին զա­նա­զան ձե­ւե­րով ու հան­գա­մանք­նե­րով ծա­ռա­յե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին: Ինչ­պէս ան­մա­հա­նուն բա­նաս­տեղծ­նե­րէն ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան կ’ը­սէ՝ «մա­հը մերն է մենք մա­հի­նը, մար­դու գո՛րծն է միշտ ան­մահ»: Ար­դա­րեւ, մեր ազ­գին, հայ­րե­նի­քին ու ե­կե­ղեց­ւոյ ծաղկ­ման ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րող հա­յոր­դի­նե­րը՝ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ կը դառ­նան յի­շա­տա­կու­թեան ու գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի ան­ձեր:

­Ներ­կայ տա­րին «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» հռչա­կե­լով, կ’ու­զենք յի­շեց­նել մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, թէ անհ­րա­ժեշտ է ա­ռա­ւել նո­ւի­րու­մով գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել մեր ազ­գին ծա­ռա­յե­լու վսեմ գոր­ծին, այն քաջ գի­տակ­ցու­թեամբ, որ Աս­տո­ւած պի­տի օրհ­նէ մեր ծա­ռա­յու­թիւ­նը, եւ պատ­մու­թիւ­նը միշտ յար­գան­քով պի­տի յի­շէ ո՛չ թէ մեր ու­նե­ցա­ծը՝ այլ մեր տո­ւա­ծը, ո՛չ թէ մեր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րը՝ այլ բա­րի գոր­ծե­րը: ­Պատ­մու­թեան փո­շի­նե­րուն մէջ կը կոր­սո­ւին ա­նոնք, ո­րոնք միա՛յն ու­նե­նա­լու հա­մար պայ­քա­րած են: ­Պատ­մու­թեան մայր է­ջին վրայ կը մնան միա՛յն ա­նոնք, ո­րոնք տո­ւած են ի խնդիր գե­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րու կեն­սա­գործ­ման ու յա­ւեր­ժաց­ման եւ սրբա­զան նպա­տակ­նե­րու ու վեհ ի­տէալ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման: Ա՛յս կը վկա­յէ պատ­մու­թիւ­նը:
2016 տա­րին ներ­կայ ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Գի­րով «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» հռչա­կե­լով, կոչ կ’ուղ­ղենք մեր ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, Ազգ. իշ­խա­նու­թեանց, հա­մայն­քա­յին, կու­սակ­ցա­կան, ազ­գա­յին, բա­րե­սի­րա­կան, կրթա­կան, մար­զա­կան ու մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րուն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լու ծա­ռա­յու­թեան կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր կեան­քէն ներս եւ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու ճամ­բով՝

– Գ­նա­հա­տե­լու գա­ղու­թին ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած ազ­գա­յին­նե­րը:

– ­Յի­շեց­նե­լու, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ազ­գին ծա­ռա­յե­լու հրա­մա­յա­կա­նը՝ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին ի­րենց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ:

– ­Կոչ ուղ­ղե­լու զա­նա­զան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած մեր ազ­գա­յին­նե­րուն, որ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նան գա­ղու­թի ծաղկ­ման, ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռաց­ման, հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման ու ազ­գի յա­ռաջ­դի­մու­թեան նպաս­տող ծրա­գիր­նե­րուն ու աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Այս մտա­ծում­նե­րով ու սպա­սում­նե­րով ան­գամ մը եւս կ’օրհ­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րը ու կ’ա­ղօ­թենք առ ­Բարձ­րեալն Աս­տո­ւած, որ ա­ռող­ջու­թեան, յա­ջո­ղու­թեան ու եր­ջան­կու­թեան բա­րիք­նե­րով հարստացնէ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կեան­քը:

­Հայ­րա­կան ջերմ սի­րով,

Ա­ղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 ­Յու­նո­ւար 2016
Ան­թի­լիաս, ­Լի­բա­նան