Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պան իշ­խա­նու­թիւ­նը ձա­խո­ղե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ոչն­չաց­նե­լու իր դի­ւա­յին ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լուն մէջ: Ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­զա­րա­ւոր շուրթ­նե­րէ հնչած այս կար­գա­խօ­սը հա­ւա­սա­րա­զօր է «­Մենք յաղ­թե­ցինք» յայ­տա­րա­րու­թեան, որ ա­մէ­նէն ճիշդ կեր­պով ար­տա­յայ­տեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րէն ճա­ռա­գայ­թող ո­գին:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր յաղ­թա­նա­կը նշա­նա­ւո­րած է Հա­յաս­տան պե­տու­թեամբ, ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցա­խով, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նի­քի յուշն ու հա­տուց­ման պա­հան­ջը ի­րենց սրտին մէջ օ­րէ օր ա­հագ­նա­ցող կրա­կով վա­ռո­ւող Հայ Դա­տի զի­նո­ւո­րեալ­նե­րով:

Յաղ­թա­նա­կը նշա­նա­ւո­րո­ւած է նաեւ ա­ռա­ւել ու­ժեղ հա­ւատ­քով ու հա­մո­զու­մով, որ՝ ար­դա­րու­թեան պա­հը ան­հա­սա­նե­լի ե­րազ չէ այ­լեւս, որ՝ յա­ւե­լեալ վճռա­կա­նու­թիւն, ե­ռանդ ու ո­գի պէտք են միայն, հաս­նե­լու հա­մար մեր վերջ­նա­կան նպա­տա­կին:

Հ­պարտ ենք, որ այս յաղ­թա­կան եր­թին մենք ալ մեր պա­տո­ւա­բեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րինք: Մենք՝ Լոս Ան­ճե­լը­սի հա­յու­թիւ­նը: Ար­դա­րեւ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի բազ­մա­թիւ ու բազ­մաբ­նոյթ ձեռ­նարկ­նե­րուն շար­քին իր ան­նա­խըն­թաց տա­րո­ղու­թեամբ ու հնչե­ղու­թեամբ ա­ռանձ­նա­ցաւ Լոս Ան­ճե­լը­սի հայ հա­մայն­քը, որ իր հա­րիւ­րա­մեա­կի Ար­դա­րու­թեան հզօր եր­թով, պա­հան­ջա­տի­րա­կան նոր ո­րակ ու նոր մա­կար­դակ ակն­կա­լե­լու յայտ ներ­կա­յա­ցուց զինք ղե­կա­վա­րե­լու յա­ւակ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն:

Այս հա­մայն­քը, մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր ո­լորտ­նե­րու մէջ եւս, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը նշա­նա­ւո­րեց յան­դուգն ու հո­գե­ցունց մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով՝ սկսե­լով «Ա­նոյշ Օ­փե­րա»ի բե­մա­կա­նա­ցու­մով, բազ­մա­թիւ յու­շա­հա­մերգ­նե­րով, մին­չեւ իսկ շրջա­նի բո­լոր ազ­դե­ցիկ կրօ­նա­կան ղե­կա­վար­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած հո­գե­հանգս­տեան է­քիւ­մե­նիք ա­րա­րո­ղու­թեամբ:

Հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րա­կան շար­ժու­մին մաս­նա­կից ըլ­լա­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը այս­պէս ցու­ցա­կա­նօ­րէն դրսե­ւո­րե­լով՝ Լոս Ան­ճե­լը­սի հայ հա­մայն­քը հա­մա­հայ­կա­կան չա­փա­նիշ­ներ ջար­դեց ու ցարդ թաք­նո­ւած ու­ժա­կա­նու­թեան զօ­րա­շար­ժի խոս­տու­մը տո­ւաւ՝ հո­յա­կապ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ:

Այս խոս­տու­մը, սա­կայն, եր­կար ժա­մա­նակ ի զօ­րու կրնայ չմնալ: Ի վեր­ջոյ, հա­րիւ­րա­մեա­կի կա­խար­դա­կան ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը օ­րէ օր կրնայ թու­լա­նալ, եւ տաս­նեակ հա­զար­նե­րու շէն­շող ո­գին կրնայ ա­րագ խամ­րիլ: Մեր մի­ջա­վայ­րի կլա­նող ա­ռօ­րեան այդ դա­ւա­դիր մա­շու­մին հա­րուստ փոր­ձը ու­նի: Անհ­րա­ժեշտ է, ու­րեմն, ա­րագ, ճշգրիտ ու նպա­տա­կաս­լաց ծրա­գիր­նե­րով վերս­տին հա­ղոր­դո­ւիլ այդ հրա­շա­լի բազ­մու­թեան հետ:

Ափ­սո՛ս է, հա­զա՜ր ափ­սոս պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ նոր հա­րիւ­րա­մեա­կը թա­փով սկսե­լու այս սրսկու­մը յում­պէտս կոր­չի: Ափ­սո՛ս է, եւ մենք բո­լորս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կը կան­չո­ւինք, ե­թէ չկա­րե­նանք այս կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծել ոչ միայն Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար, այ­լեւ՝ ի նպաստ քա­ռորդ դար կտրած մեր վե­րա­կանգ­նած պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րաց­ման:

Ե­կէք հե­րո­սա­կան մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­ժա­նի ղե­կա­վա­րո՛ւմ ա­պա­հո­վենք: Ե­կէք նախ եւ ա­ռաջ այս հե­րոս ժո­ղո­վուր­դի սիր­տին այն­քա՛ն մօ­տիկ մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ամ­րաց­նենք, առ­նո­ւազն՝ այն­պի­սի նպա­տակ­նե­րու շուրջ, ո­րոնք ան­վի­ճե­լիօ­րէն հա­մա­հայ­կա­կան են:

Ե­կէք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կէն ետք մեր նոր գտած ու­ժը՝ ան­կա­խա­ցած հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման ի խնդիր հա­նենք մէջ­տեղ: Այս հրա­մա­յա­կա­նը ա­ռա­ւել շեշ­տա­կիօ­րէն կը ծա­ռա­նայ մեր առ­ջեւ, մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն, երբ թշնա­մին ա­մէն օր նոր սադ­րանք­ներ կը նիւ­թէ մեր սահ­ման­նե­րուն վրայ:

Եւ հա­ւա­տա­ցէ՛ք, այդ ու­ժը վերս­տին կ­՛ո­ղո­ղէ հրա­պա­րա­կը, վերս­տին կը յայ­տա­րա­րէ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը հոս, այն­տեղ, ա­մէ­նուր՝ հե­րո­սա­բա՛ր:

 «Աս­պա­րէզ»