- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Յունիս 26, 2011-ին, Հոլանտայի Ալմելոյի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի հերոսական աքթի 90-ամեակի նուիրուած ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հոլանտայի ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական միութեան։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Թերեւս, վաղուց արդէն ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացը չի ուղեկցուել այնպիսի ուժգին տեղեկատուական ֆոնով, ինչպէս Յունիսի 24ին Հայաստանի, Ադրբեջանի եւ Ռուսաստանի նախագահների՝ Կազանում տեղի ունեցած հանդիպման դէպքում:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Երկար երկունքէ ետք, որուն ընթացքին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի հանրապետականներն ու դեմոկրատները, ի շարս այլ բաներու՝ իրենց դերասանական շնորհները ցուցադրեցին, Հինգշաբթի, 30 Յունիսին, նահանգի պիւտճէն քուէարկութեան դրուեցաւ եւ դեմոկրատներու քուէով հաստատուեցաւ. նահանգապետ Ճերի Պրաունն ալ փութաց ստորագրելու պիւտճէի օրինագիծը, որովհետեւ այդ օրը պիւտճէի որդեգրման վերջին օրն էր ըստ օրինի։ (Եթէ չքուէարկուէր ու չորդեգրուէր, հաւանաբար երկինքը փուլ չէր գար, թէեւ այդ ընտրանքին մասին ալ բաւական դերասանութիւն տեղի ունեցաւ)։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Շարունակելով երէկուան մեր թիւով հաղորդած լրատուութիւնը, Հայաստանէն արտագաղթի տագնապալի երեւոյթին մասին, այսու կը հրատարակենք երկրի մտաւորական խաւի երեք այլ ներկայացուցիչներու կարծիքները:
Մատենադարանի գիտաշխատող Վարդան Դեւրիկեան, հոգեբան Լաուրա Պետրոսեանը եւ ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը, խորապէս մտահոգուած արտագաղթի երեւոյթով, ահազանգ կը հնչեցին, դիտել տալով թէ «Երկիրը դատարկւում է, ժողովուրդը ճամպրուկային տրամադրութեան մէջ է, արտագաղթի ալիքը ժամ առ ժամ լայն թափ է ստանում»:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի Խորհըրդարանական վեհաժողովէն ներս (ԵԽԽՎ): Իր 30 վայրկեան տեւողութեամբ համապարփակ ճառին մէջ, նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին խնդիրներուն՝ օտարերկրեայ բարձրաստիճան լսարանին առջեւ երկիրը ներկայացնելով լաւագոյն լոյսի տակ: