16 Յուլիսին սկսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական 18րդ մշակութային համաժողովը (ֆորում):

Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի Գալաթա շըրջանի մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր մարդոց ներկայութեան՝ յարգուեցաւ Պուլկարիոյ, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ազգային հերոս, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի յիշատակը:

Պոլսոյ մէջ հրատարակուող յունական «Ափօեւմաթինի» թերթի հրատարակումը վտանգուած է: 86-ամեայ կարեւոր այս թերթը Պոլսոյ յունական համայնքին հետ շաղկապուած թերթ է, որու ապագային կը սպառնան միջազգային
եւ հայկական մամուլին դիմագրաւած վտանգները:
Ստորեւ կը հրատարակենք Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետաքրքրական գրութիւնը

Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011  թուականը՝ «Հայ մանուկի տարի» հռչակումէն ասդին, հայկական տարբեր գաղութներու մէջ կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, ըլլան անոնք դասախօսական շարքեր, հանդիսութիւններ, խրախճանքներ, մրցոյթներ, տօնախմբումներ...եւայլն, հանդիսաւորապէս անդրադառնալու տարուան խորհուրդին ու անգամ մը եւս շեշտելու հայ մանուկին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։

Սուրիոյ գրողներու միութեան անդամ, ցեղասպանագէտ դոկտոր Նորա Արիսեանի ուսումնասիրութիւնը Սուրիոյ Տէր Զօր Քաղաքի մասին արժանի է մեր ուշադրութեան։ Հեղինակի «Տէր Զօր Պատմական  Ակնարկ» խորագրով յօդուածի առաջին բաժինը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

Տէր Զօրը հայերուն համար պատմական եւ յուզական տեսանկիւնէ մեծ նշանակութիւն ունեցող քաղաք մը կը համարուի, սակայն արդեօք որքանո՞վ ծանօթ ենք այդ քաղաքին: