Երկար երկունքէ ետք, որուն ընթացքին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի հանրապետականներն ու դեմոկրատները, ի շարս այլ բաներու՝ իրենց դերասանական շնորհները ցուցադրեցին, Հինգշաբթի, 30 Յունիսին, նահանգի պիւտճէն քուէարկութեան դրուեցաւ եւ դեմոկրատներու քուէով հաստատուեցաւ. նահանգապետ Ճերի Պրաունն ալ փութաց ստորագրելու պիւտճէի օրինագիծը, որովհետեւ այդ օրը պիւտճէի որդեգրման վերջին օրն էր ըստ օրինի։ (Եթէ չքուէարկուէր ու չորդեգրուէր, հաւանաբար երկինքը փուլ չէր գար, թէեւ այդ ընտրանքին մասին ալ բաւական դերասանութիւն տեղի ունեցաւ)։
Քուէարկուած պիւտճէն ներկայացուեցաւ իբրեւ յաղթանակ մը՝ նահանգապետին ու իր կուսակցութեան համար։ Պարտուողը՝ հանրապետականներէն աւելի, սահմանափակ եկամուտով դասակարգն է ու կրթական համակարգը։ Փաստօրէն, նահանգին աւելի քան 25 միլիառի հասնող բացը՝ պարտքերու բաժինը կրճատելու համար, իշխանութիւնները որոշած են հսկայական կրճատումներ կատարել ծախսերու սիւնակին մէջ, բացը 10 միլիառի իջեցնելու մտասեւեռումով։ Եթէ կրճատելի ծախսերը ըլլային մսխումի սիւնակին տակ, մարդիկ վստահաբար պիտի ցնծային։ Սակայն այդպէս չէ. կրճատումները պիտի հարուածեն պետական նպաստ ստացողները՝ տարեցներու առողջապահական հոգածութեան կալուածը, նաեւ կրթական մարզը։ Կրթական հաստատութեանց տրամադրելի գումարներ պիտի սահմանափակուին, հետեւաբար, ծանրութեան մէկ բաժինը պիտի իյնայ ուսուցիչներու-դասախօսներու, իսկ միւսը՝ աշակերտներու եւ անոնց ծնողներու ուսերուն-գրպաններուն վրայ։
…Քալիֆորնիայէն բազմահազար մղոններ հեռու, Անգլիոյ մէջ, նոյն օրը ուսուցիչներ եւ հանրային կարգ մը մարզերու աշխատաւորներ (երթեւեկի ու սահմաններու վրայ հսկողներ, եզերապահներ եւ այլն) միօրեայ գործադուլի դիմած էին, որովհետեւ իշխանութիւնները որոշած են կրճատել տարեցներու կարգ մը յատկացումները։ Կարճ ասած՝ իշխանութիւնները պիւտճէական ծանրութիւն կը նկատեն հանգստեան կոչուածներու տրամադրուած յատկացումները, որովհետեւ նկատուած է որ, ի միջի այլոց, մարդիկ հիմա աւելի երկար կ՛ապրին ու հանգստեան թոշակի անցնելէ ետք, պետութեան սպասածէն աւելի երկար ժամանակ թոշակ ու յարակից խնամքներ կը ստանան (արդեօք մօ՞տ են այն օրերը, երբ իշխանութիւններ պիտի սկսին օրէնքներ մշակել՝ որոշելու համար որ պետական նպաստ ստացողներ ե՛րբ պէտք է մեռնին…)։ Գործադուլի դիմողները կը պահանջեն, որ պետութիւնը յիշէ, թէ տարեցները մարդ են, պետութիւնն ալ պէտք է մարդկային ըլլայ։
Նոյն օրը, Լեհաստանի մէջ ալ ազդու գործադուլ տեղի ունեցաւ պետութեան տնտեսական ձախաւեր քայլերուն դէմ. Յունաստան արդէն ամիսներէ ի վեր եռքի մէջ է. պետութեան կողմէ պարտքերու կրճատման նպատակով ծրագրուած քայլերուն դէմ վերջին շաբաթներուն գործադուլներ ու բողոքի արտայայտութիւններ «ողողեցին» երկիրը։ Պետական պարտքերը հասած են 350 միլիառ եւրոյի, երկիրը կը գտնուի սնանկացումի անդունդին եզրին։ Վարչապետ Փափանտրէուի կառավարութեան որդեգրած խնայողական միջոցառումները կը խոստանան ապահովել եւրոպական եւ միջազգային դրամական հաստատութիւններէ փրկարար գումարներ, որոնք յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն կրնան հասնիլ 130 միլիառի (մարդ պէտք չունի հարցնելու, թէ Յունաստանի պէս երկիր մը ինչո՞ւ պէտք է այսքան հսկայական պարտքի տակ իյնայ, այլ կը բաւէ ըսել՝ ականջը խօսի Արժանթինին…)։
Քանի մը ամիս առաջ, եւրոպական այլ երկիրներու մէջ եւս (ինչպէս՝ Սպանիոյ, Փորթուգալի, Իրլանտայի), ժողովրդային բողոքի բուռն արտայայտութիւններ տեղի ունեցան իշխանութիւններու ձախորդութեանց դէմ։ Նման բողոքներ թէեւ մեծ արդիւնքներ չապահովեցին, սակայն յստակ պատգամներ հասցուցին իշխանաւորներուն, կրնան վաղը-միւս օր շօշափելի գործօնի վերածուիլ ընտրական հանգրուաններու…
Վերադառնանք «մեր ածու»ին. յստակ է, որ ծանրութեան բաժինը կրող զանգուածներ նման կրճատումներու մասին կը լսեն կրաւորական հանդիսատեսի աթոռներու վրայ նստած։ Բողոքի ձայներ կամ գործնական արտայայտութիւններ կը մնան հեռաւոր երազ. կարծէք թէ մարդիկ գոհ են աստիճան առ աստիճան կողոպտուելէ, անսակարկելի, երկարաշունչ պայքարներու արդիւնք եղող արդար իրաւուքներէ զրկուելէ։ Արդար դժգոհութիւնները դէպի օրինական բողոքի հասցնող առաջնորդներ չկան, մամուլն ալ մոռցած է իր դերը …։
Օ՜… ներողութի՜ւն, սխալ բաներ չըսենք. բողոքողներ կան, իրաւունք պաշտպանելու համար մինչեւ իսկ հացադուլի դիմողներ կան. գիտէ՞ք ուր. Քալիֆորնիոյ ծայրագոյն հիւսիսը գտնուող… բանտի մը մէջ։ Օրեկընի սահմանին մօտ, Փելիքըն Պէյ կոչուած շրջանին մէջ կայ մեծ բանտ մը, ուր շուրջ 100 բանտարկեալներ հացադուլի դիմած են, որովհետեւ բանտային պայմանները ծանր են, բանտապահները դաժան են, իրենց բաւարար ճաշ չի տրուիր…։
Հաւանաբար բողոքի ելած բանտարկեալները կորսնցնելիք չունին։ Մինչդեռ, եթէ տարրական իրաւուքներէ զրկուող զանգուածները եթէ բողոքի ելլեն, հաւանաբար կրնան ունեցած գործերնին ալ կորսնցնել… մարդկային իրաւունքներու դրօշակիր այս երկրին մէջ։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ