Անցեալ ամիս Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան մը ընթացքին, փրոֆ. Թաներ Աքչամի յայտարարութիւնը նման էր ռումբի պայթումի, երբ ան բացայայտեց, որ Պոլսոյ մէջ գաղտնի աղբիւր մը իրեն յայտնած է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ կառավարութիւնը կաշառած է ամերիկացի գիտնականներ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար:

Մանկական խաղերն ու ապրումները խանգարուած էին։ Տարօնը հեռացած էր իր հայկական միջավայրէն։ Ան հեռացած էր իր հայահոծ  գաղութէն, ազգականներէն եւ թաղի հայ երէց ընկերներէն, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մօտ պիտի կանգնէր ամէն առաւօտ, հայերէն քաղցրահունչ «բարի լոյս»-ը ըսելու, պաչիկ մը տալու եւ  իր անմեղ շրթներով քանի մը հարցումներու պատասխանելով, շաքար մը, բարենիշ մը կամ հացիկ մը ստանալով առօրեայ պտոյտը շարունակելու։

Արտագաղթը կարծես մեր ազգին բնորոշ յատկանիշներէն մէկն է, բայց երբեմն կը հասնի այնպիսի չափերու, որ եթէ զայն կանխելու միջոցներ չձեռնարկուին, Հայաստանի ժողովրդագրական հեռանկարը

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խըմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր

Անցեալներս պատահմամբ հանդիպեցայ Գուրգէնին: Գուրգէնը «Ազատ Օր»ի ցրուիչներէն է: Մեր երկարամեայ բարեկամութենէն  օգտուելով՝ հարցուցի նախ առողջութեան, ապա թերթի ցրւումի մասին:
- Գործս բաւական դժուարացեր է ընկեր: Ոմանք կը կարծեն, թէ ցրուիչութիւնը դիւրին գործ է, բայց կը սխալին: Ցրուիչ ըլլալը, նա մանաւանդ հայկական օրաթերթի մը ցրուիչ ըլլալը հաւատայ, որ բնաւ դիւրին գործ չէ: