ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինը հաստատած է ամենամեայ «Ընկեր Մհեր Ջուլհաճեանի» Յիշատակի մրցանակը, որ կը շնորհուի Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգ. վարժարանի եւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աւարտական կարգի դասարանէն պատանիի մը՝ որ ապահոված է հայերէնի եւ հայոց պատմութեան բարձրագոյն նիշը:


Մրցանակը կը կրէ արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անունը, որովհետեւ Մհեր փոքր տարիքէն եղած է ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամ ու ապա Պատանեկան միութեան վարիչ կազմի անդամ, ինչպէս նաեւ անխոնջ հաւատացող մը ուսման կարեւորութեան ու  մայրենիի անաղարտ պահպանման։
Զոյգ վարժարաններու աւարտական հանդէսներուն մրցանակը ստացան ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան անդամներ՝ ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի 12-րդ դասարանէն ընկերներ Սեպուհ Եագուպեան, Արմէն Շիրինեան եւ Նանոր Գունտաքճեան, իսկ Ս. Յա-կոբ ազգային վարժարանի 6-րդ դասարանէն՝ ընկեր Կարօտ Թաշճեանը: