Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» թերթի խմբագրութիւնը, վերջերս առիթը ունեցած է իր գրասենեակէն ներս ընդունելու հայրենի երգիչ Անտրէի այցելութիւնը: Այս առիթով թերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը եւ փոխ խմբագիր Մաքրուհի Յակոբեանը (լուսանկար) տեսակցութիւն մը ունեցած են այցելուներուն հետ:

Ազգային անկախութեան - եւ ոչ միայն պետական - նուաճման պատասխանատուութիւնը չենք ստանձներ, բազմագոյն տեղատուութիւններու հետեւանքով: Միթէ՞ բացատրութեան կը կարօտի, որ ազգային անկախութեան համար կան խորքային խնդիրներ, որպէսզի ազգը ըլլայ շարունակութիւն, եւ չշփոթուի հողամասի մը վրայ ստեղծուած պետութեան տնտեսական ինքնավարութեան հետ, ինչ որ արդէն անկարելի է ներկայ ժամանակաշրջանին:

Գիւմրիի «Վերածնունդ» փառատօնին նուիրուած գրութիւն մը «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան ուղարկեց Մարսէյլի մշակութային կեդրոնի տնօրէն
պրն. Խաչիկ Եըլմազեանը: Այսօր կը հրատարակենք գրութեան երկրորդ մասը.-


Ինչպէս նախանցեալ փառատօներու առիթով, նոյնպէս ալ այս երրորդին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հայրական սիրով իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքներն ուղղարկած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին երկրորդը: Սոյն գիրը կարդաց Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի տեքան, Տ. Անուշավան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը:

Յունիս 19ին, Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիգրանակերտ (այժմ՝ Տիարպեքիր) քաղաքին մէջ, խումբ մը հայ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան Սուրբ Պատարագ մատուցեց վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ:

Անձեր կան, որոնց մասին պատմութեան բազմահազար հատորներուն մէջ անջնջելի էջեր  գոյութիւն ունին։ Դէպքեր կան, որոնք իւրայատուկ էջեր կը գրաւեն այդ հատորներուն մէջ։ Կան նաեւ կառոյցներ, շէնքեր, յուշակոթողներ, որոնք ոչ միայն յիշատակուած են այդ հատորներուն մէջ, այլ, հոգ չէ թէ կիսաւեր, տակաւին կանգուն են, որպէս կենդանի վկաները փառաւոր անցեալի մը։
Տիարպաքըրի  Սուրբ Կիրակոս  եկեղեցին՝ Հայաստանեայց  առաքելական եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի ամենամեծ շէնքը, նման կառոյց մըն է։

Տիարպաքըր Աքքադական սեպաձեւ արձանագրութիւններու մէջ, Ք. Ա. 2¬րդ հազարամեակի վերջաւորութեան, կը յիշուի Ամեդու անունով։