- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Յոյն ժողովուրդին հետ յունահայութիւնը եւս իր վրայ կը զգայ ծանր հետեւանքները Յունաստանը ցնցող տնտեսական ու ընկերային ճգնաժամին։ Բոլոր յոյն քաղաքացիներուն պէս, մեր կարգին կը դիմագրաւենք գօտիները սեղմելու, շռայլութեանց ու մսխումներու առաջքը առնելու եւ մեծ տագնապը յաղթահարելու մարտահրաւէրը։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ձմռան գիշեր է՝ Նոր Տարվա գիշեր,
Ամպերն են դիզվում փխրուն թանձրությամբ,
Թափվում է ձույնը՝ բյուրեղափաթիլ,
Հստակ ու անբիծ՝ անարատությամբ:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
...Ու երբ »Հայրենիք« անունը տըւինք
հողին այս քարոտ,
»Մայրենի« դրինք անունը քո սուրբ։
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
ՏԱԳՆԱՊ. ԽՈՐՔ ՈՒ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ընդունուած փաստ է, որ Թուրքիոյ ծրագրած ու իրագործած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տուած ենք շուրջ 1.5 միլիոն զոհ։ Այս թիւին վրայ կրնանք դիւրութեամբ աւելցնել կարճ ատեն առաջ կատարուած Համիտեան Ջարդերու հարիւր հազարաւոր զոհերուն թիւերը։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Մանկացած ենք կրկին տարուան վերջին օրերուն հետ ու անմեղութիւն մը կը ժպտի կարծէք մեր դէմքերուն վրայ ու անկեղծութիւն մը կը փորձէ ծաղկիլ մեր հոգիներուն խորը։ Գիտենք, որ Նոր Տարուայ սեմին ոչ ոք կայ այնտեղ, բայց մեզի այնպէս կը թուի, որ անծանօթ մը կեցած է հոն, որ կուգայ մոռցնել տալու մեզի մեր դառնութիւններն ու հիասթափութիւնները ու իր աղօթական քաղցրութեամբ տաքցնելու ցրտահար մեր հոգիները։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ազգային զօրաշարժ՝
մեր առջեւ ցցուող մարտահրաւէրները
դիմագրաւելու ճիշդ դեղատոմսը
Տարեփակի պահն է ու, ըստ սովորութեան, ազգային մեր հաշուեյարդարը կը կատարենք տասը օր առաջ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի վաւերացման խանդավառող ազդեցութեան տակ։