Յոյն ժողովուրդին հետ յունահայութիւնը եւս իր վրայ կը զգայ ծանր հետեւանքները Յունաստանը ցնցող տնտեսական ու ընկերային ճգնաժամին։ Բոլոր յոյն քաղաքացիներուն պէս, մեր կարգին կը դիմագրաւենք գօտիները սեղմելու, շռայլութեանց ու մսխումներու առաջքը առնելու եւ մեծ տագնապը յաղթահարելու մարտահրաւէրը։


Իբրեւ յոյն քաղաքացիներ մեր դիմագրաւած ընդհանուր դժուարութեանց վրայ գումարուած են նաեւ իբրեւ հայ համայնք մեր գոյատեւումին սպառնացող վտանգները։ Հարուածի տակ ինկած են մեր ազգային¬միութենական կառոյցները, որոնց շարքին յատկապէս ու առաջին հերթին նորահաս մեր սերունդներուն հայեցի կազմաւորման անփոխարինելի կռուանը՝ Հայ Դպրոցը։
Բայց միայն ընդհանուր տագնապին հետեւանք չէ Հայ Դպրոցին բաժին հանուած նիւթական ճգնաժամը։ Նաեւ իրերայաջորդ կառավարութեանց ու պետական պաշտօնատարներու անփութութեան, երբեմն նաեւ ապիկարութեան հետեւանքով է, որ չի յարգուիր հայ ուսուցիչներու ամսականներուն վճարումը ստանձնելու յունական պետութեան երկարամեայ յանձնառութիւնը։
Փաստօրէն միայն Յունուար 2011ին կարելի եղաւ ստանալ 2009¬2010 կրթական տարեշրջանին համար նախատեսուած հայ ուսուցիչներու յատկացումները։ 2010¬2011 կրթական տարեշրջանին համար խոստացուած յատկացումները տակաւին դիւանակալական քաշքշուքի առարկայ են համապատասխան նախարարութեանց միջեւ։ Իսկ 2011¬2012 տարեշրջանի յատկացումներուն մասին խօսք անգամ չկայ։
Յունահայոց թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան հետ միասին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէս երեք տարիէ ի վեր անհրաժեշտ քայլերուն կը դիմէ եւ ոչ մէկ արգելքի առջեւ կանգ կþառնէ, որպէսզի ապահովուի հայ ուսուցիչներու պետական յատկացումը եւ երաշխաւորուի Հայ Դպրոցին անխափան գործունէութիւնը։ Յունահայութեան հաւաքական կամքն է ու միասնական յանձնառութիւնը՝ ամէն գնով կանգուն պահել մեր գաղութի հայապահպանման միջնաբերդը։
Չենք ընդունիր, որ հայեցի կրթութեան սրբազան գործը տուժէ եւ ի վերջոյ զոհ երթայ պետական¬նախարարական անփոյթ վարչարարութեանց։ Չենք ընդունիր, հետեւաբար, որ միայն կառավարական պաշտօնատարներու մակարդակին մնան յունահայութեան համար կենաց¬մահու նշանակութիւն ունեցող տնտեսական այս ճգնաժամին լուծում գտնելու դիմումներն ու հետապնդումները։ Ժամանակն է նաեւ քաղաքական մակարդակով յառաջ մղելու Հայ Դպրոցի պետական հոգատարութեան ապահովումը։
Այս մեկնակէտով, Կ. Կոմիտէս ձեռնարկած է հանդիպումներու շարքի մը՝ Յունաստանի պետական¬քաղաքական կեանքը ղեկավարող գլխաւոր կուսակցութեանց ու անոնց կառավարական ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումներուն նպատակն է անոնց ուշադրութեան յանձնել, թէ Հայ Դպրոցի պետական հոգատարութեան հարցով իւրաքանչիւրի դրսեւորած կեցուածքով ու գործնական քայլերով պայմանա-ւորուած պիտի ըլլայ յունահայութեան վերաբերումը յունական կուսակցութեանց ու պետական գործիչներուն նկատմամբ։ Յունահայութիւնը իրեն իսկապէս բարեկամ եւ բոլոր ընտրութեանց ընթացքին մեր համայնքի վստահութեան քուէին արժանի պիտի նկատէ յունական այն ուժերն ու գործիչները, որոնք գործնապէս կը զօրակցին մեր գաղութին համար այնքան կենսական հայապահպանման կռուանին՝ Հայ Դպրոցին անխափան գործունէութեան եւ առաւել պայծառացման։
Կոչ կþուղղենք մեր ժողովուրդին, որ ազգային¬քաղաքական միեւնոյն նախանձախնդրութիւնն ու համապատասխան վերաբերումը հիմք դարձնեն իրենց քաղաքացիական դիրքորոշումներուն՝ յոյն քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու նկատմամբ կողմնորոշուելու ժամանակ։
Հաւաքական մեր կեցուածքով եւ վճռականութեամբ ի վիճակի ենք առաջքը առնելու Հայ Դպրոցը վտանգող կառավարական¬վարչարարական անփութութեանց։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ

Աթէնք, 4  Յունուար 2012