«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Կարճ տաբատի խնդիր
Աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր նստած եմ հայերէն թերթի խմբագրի աթոռին վրայ եւ ոչինչ կորսնցուցած եմ այն խանդավառութենէն, զոր այդ աթոռը միշտ տուած է ինծի: Բայց քառասուն տարին քիչ ժամանակ չէ, եթէ այդ երկար ժամանակամիջոցին միշտ մարդ նստած է այդ նոյն աթոռին վրայ: Քառասուն տարուան մէջ ինչեր ու ինչեր կը պատահին, ինչեր ու ինչեր կը փոխուին: Երբեմն ուրախ, երբեմն տխուր:
Յաճախ պահ մը կÿընդհատեմ գործս ու կը թաղուիմ երազանքի մէջ: Միջոց մը իմ բոլոր երազանքները ուղղուած էին դէպի ապագայ: Հիմա ուղղուած են դէպի անցեալ: Առաջ՝ աւելի շատ բան ունէի ապագայի մասին մտածելու համար: Իսկ հիմա աւելի շատ բան ունիմ անցեալի մասին մտածելու համար: Անցեալ ու ապագայ կոչուածները կշիռքի մը երկու նժարներն են: Կեանքի առաջին շրջաններուն ապագայի նժարն է որ ծանր կը քաշէ, միշտ վարն է: Բայց ամէն օր բան մը կը փոխանցէ ան անցեալի նժարին: Օր կուգայ որ երկու նժարները գրեթէ կը հաւասարին իրարու: Բայց աւա՜ղ, շատ կարճ ժամանակի մը համար է այդ հաւասարութիւնը: Յետոյ այս անգամ անցեալի նժարն է որ ծանր քաշել կը սկսի, եւ ամէն օր քիչ մը աւելի կը ծանրանայ, քիչ մը աւելի շատ օդին ու պարապութեան մէջ կը թողու դիմացի նժարը:
Կը թաղուիմ անցեալի վրայ պտրտկող երազանքներու մէջ եւ ես յաճախ կը մտածեմ բոլոր այն բաներուն մասին, որոնք փոխուեցան սա քառասուն տարիներու ընթացքին: Ահաւոր է: Ինչ որ կը վերցնեմ սեղանիս վրայ կամ մտքին մէջ, կը զգամ որ փոխուած է քառասուն տարիներու ընթացքին: Ո՞ր մէկը:
Մինչդեռ այն ամէնէն գլխաւոր փոփոխութիւնը, որուն մասին պէտք է մտածեմ ամէնէն առաջ ու ամէնէն վերջը, ամէնէն բախտորոշն է ինծի համար: Տարիքի փոփոխութիւնն է այդ: Քառասուն տարիներու ընթացքին քառասուն տարի եւս մեծցայ: Ահաւասիկ ամէնէն բախտորոշ փոփոխութիւնը: Երբ առաջին անգամ նստայ խմբագրի աթոռին վրայ, մօտաւորապէս քառասուն տարեկան էի: Քառասուն տարուան մէջ դարձայ աւելի քան ութսուն տարեկան մարդ: Ի՞նչ բան աւելի կարեւոր փոփոխութիւն է իմ տեսանկիւնէս, եթէ ոչ այս մէկը:
Օ՜ այդ անզսպելի ու անհակակշռելի փոփոխութիւնը, որ ամէն մարդու կեանքին մէջ ամէն օր կը կատարուի աննշմարելի կերպով: Ո՛չ մէկը կրնայ տեսնել թէ մէկ օրուան մէջ որքան մեծցաւ: Որքան մեծցաւ երկու օրուան մէջ: Մէկ ամսուան մէջ: Աշխարհի վրայ չկայ հայելի մը որ ցոյց տայ այդ տարբերութիւնը:
Խմբագրատան սեղանիս ետին, գրադարանիս մէկ աստիճանին վրայ քով քովի շարուած են անցեալի ճամբորդութիւններէս իւրաքանչիւրին լուսանկարի ալպոմը: Վերջին երեսուն, քսան տարուան ընթացքին իմ կատարած ուղեւորութիւններուն ու այցելութիւններուն լուսանկարները թուականի կարգով շարուած են հոս: Ահաւասիկ այն հայելիները, որոնց մէջ մէկ անգամէն մենք կը տեսնենք բոլոր այն փոփոխութիւնները, որոնք իրականացեր են մեր երեւոյթին ու մեր տարիքին մէջ:
Խմբագրի պաշտօն ստանձնելու առաջին տարիներուս ընդհանրապէս ես շարունակ գործ ունէի մարդոց հետ, որոնք ինձմէ աւելի մեծ էին: Երէց ու յարգելի գրողներ, ինձմէ քանի մը տարեկան վերէն մինչեւ ալեհեր մարդ, ծերունազարդ վարպետ: Ամէն անգամ որ դուռը կը բացուէր ու այցելու մը ներս կը մտնէր, բաժկոնիս կոճակները կը կոճկէի, որովհետեւ գիտէի որ այցելուն ինձմէ մեծ է ու արդէն այդքանին համար յարգանքի արժանի է: Կը զգայի որ անոնք ինծի կը նայէին որպէս անփորձ ու նորելուկ մէկը, որ կեանքի մէջ շատ բան պէտք է սորվի տակաւին որպէսզի արժանի դառնայ իր գրաւած աթոռին: Անոնք շարունակ իրենց փորձառութիւններուն մասին կը խօսէին ինծի, կարծես «Տես թէ մենք ինչպիսի կեանք մը ապրեցանք, երբ դուն տակաւին կարճ տաբատ կը հագնէիր», կÿըսէին:
Հիմա ամէն անգամ որ դուռը կը բացուի ու մէկը ներս կը մտնէ, ան է որ իր բաճկոնին կոճակները կը կոճկէ, որովհետեւ կը մտածէ թէ կը մօտենայ մէկու մը որ իրմէ քսան, քսանըհինգ տարու մեծ է: Կը զգամ որ այցելուներս հիմա ինծի կը նային որպէս փորձառու ու կեանքի մէջ շատ բան տեսած, շատ բան սորված մարդ: Ես ալ արդէն, առանց որ մասնաւոր ճիգ մը վատնեմ, կամ նոյնիսկ առանց որ նշմարեմ, մտած եմ փորձառու մարդու կաղապարին մէջ: Յաւակնութիւններ սնուցանելուս համար չէ, կամ հպարտութեան բաժին հանելու համար չէ, սնափառութեան համար բնաւ չէ, պարզապէս ներքին մղումով մըն է, դիմացիններուս օգտակար բան մը փոխանցելու նպատակաւ է որ մտած եմ փորձառու մարդու այդ կաղապարին մէջ: Հիմա իմ այցելուներուս շարունակ պիտի խօսիմ իմ անցեալի ապրումներուս ու սորվածներուս մասին, յանձնարարութիւններ պիտի ընեմ անոնց, պիտի պատմեմ անցեալի դէմքերու ու պատահարներու մասին այնպիսի բաներ, որոնք իրենց համար նորութիւն են: Յետոյ պահ մը պիտի կռթնիմ աթոռիս յենարանին ու կարծես պիտի ըսեմ անոնց.
-Տեսա՞ք թէ մենք ինչեր ըրած ու տեսած ենք երբ դուք տակաւին կարճ տաբատ կը հագնէիք:
Ա՜խ, բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ միջոց մը կարճ տաբատ հագած ենք եւ եթէ մեր հոգիին խորքը քննուի, պիտի տեսնուի որ բոլորս ալ մեր կարճ տաբատի օրերուն կարօտն ունինք: Բայց այդ կարօտը մարելու ու զայն կորսնցուցած ըլլալու ցաւին մէջ մխիթարուելու համար մէկ բան միայն կրնանք ընել: Հպարտանալ այն երկար տաբատով զոր հիմա հագած ենք ստիպողաբար:
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)