Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը 2012ը յայտարարած է ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ:
2012ը 50ամեակն է Բագինի հրատարակութեան:
Հայոց գիրը եւ հայ գիրքը առաջին օթեակի մէջ:
Եթէ այդ ձեւականութիւն չըլլայ:


Առաջին ակնարկ մը գրքին կողքին՝ ծանր ընթերցումի մը նախապատրաստեց  զիս, մանաւանդ ունիմ կանխակալ կարծիք այն մասին, որ բանասիրական ու գիտական աշխատութիւններ թէեւ կը կրեն տքնանքի ու երկարատեւ պրպտումի-որոնումի կնիքը, բայց եւ այնպէս ընդհանրապէս անոնք զուրկ կ’ըլլան ստեղծագործական ոգիէ, հեղինակային սեփական դրոշմէ: Նախապէս գրուած-ըսուածները կ’ուսումնասիրուին եւ անոնց պատւանդանին վրայ կ’երկնուի «նոր» մը: Պատահած է նոյնիսկ, որ այդ տեսակ «նոր»(եր) մը կարդալէ ետք, զանոնք զուգորդեմ հաւաքածոներու  սիրահար մարդոց ջանքերուն…

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

«… կարելի՞  բան է, որ կուսակցութիւն եւ ազգային
իշխանութիւններ իրարու ընդելուզուած
փոքր  պետութեան մը տարողութեամբ
գաղութներու ղեկավարման դիրքի մէջ գտնուին
երկար տարիներ եւ քննադատութեան արժանի սխալներ չգործեն…»

(Երիտասարդուհիի մը մէկ յօդուածէն )


«Ազդակ»ի տարեվերջի խմբագրականը իր  հաշուետուական եւ մանաւանդ ինքնաքննադատական բովանդակութեամբ  թելադրական է եւ օրինա-կելի՝ յատկապէս ազգային, կուսակցական ու միութենական պատասխանատու  կառոյցներուն համար, որոնք այսպէս թէ այնպէս, ուղղակի թէ ուղեկիցի հանգամանքով կը հովանաւորեն սփիւռքի հայկական մամուլը:

Համայնավարական ճամբարի փլուզումից  յետոյ, հակառակ այն ճշմարտութեան, որ այդ գաղափարախօսութիւնը  շատ հեռու էր իսկական ընկերվարութիւնից, այնուամենայնիւ, միջազգային հանրութեան աչքին մեծապէս վարկաբեկւեց ընկերվարական արժէքային համակարգը։