«Ինչպէ՞ս կարելի է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդրագիր ներկայացնել, երբ բիրտ ու կոպիտ ոճրագործի վարուելակերպով հանդէս կուգայ այս երկիրը» հարցադրումը յարուցեց երէկ, Պրիւքսելի մէջ, Քոմիսիոնի նիստին ընթացքին, յոյն եւրոերեսփոխան մը, թրքական սպառնալիքներու իրական չափանիշի պատկերը տալով։

Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը իր դրացի երկիրներուն հետ միշտ նոյնը կը մնայ տարիներու ընթացքին։ Յոյն եւ հայ հասարակութեան շատ ծանօթ դաժան վարուելակերպ, դարերու ընթացքին իր դառն համը ցոյց տուած քաղաքականութիւն, որ սպառնալիքներու լեզուին կը դիմէ ամէն անգամ երբ կը ստիպուի դէմ յանդիման գալ իր իսկ ձեռքով ստեղծած կացութիւններու։
Թուրքիա իր քաղաքականութիւնը կը վարէ միջազգային խափանարարի տիտղոսին արժանանալով։ Նոր չէ այս պատկերը, միշտ ու միշտ կրկնուած է թրքական կեցուածքը, որ իր դեսպանները ետ կը քաշէ, ամէն անգամ որ վտանգուած կը զգայ, կամ տնտեսական շանթաժով կը սպառնայ իրեն «գործընկեր» պետութիւնները։
Անցեալ օրերուն Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք դարձնող օրէնքի քննարկման ժամանակ, Թուրքիոյ ճնշումները այնքան կոպիտ ու բացայայտ էին, որ ֆրանսացի երեսփոխանները ազգային արժանապատուութեան հարց դարձուցին օտար այս երկրի ուղղակի միջամտութիւնը Ֆրանսայի ներքին գործերուն։ Անշուշտ գաղտնիք չէր որ Ֆրանսայի նախագահը անձնապէս կը փափաքէր որ օրինագիծը վաւերացուի, հակառակ որ կառավարութիւնը, իր արտաքին գործոց նախարարի՝ Ա. Ժիւփէի կեցուածքով, կը փորձէր հաւասարակշռել թրքական հակազդեցութիւնները։ Քիչ չէին ձայները որ կը փորձէին համոզել Թուրքիան, թէ իր դէմ առնուած քայլ չէ այս մէկը, այլ մարդոց իրաւունքներու յարգումին նպատակաուղղուած կարեւոր սկզբունք մը։ Բայց երբ օրէնքի վաւերացումին յաջորդեցին թրքական ծայրայեղ հակադարձութիւնները, լաւագոյն պատասխանը տուաւ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց միութիւնը, որ եկաւ շեշտելու թէ Ֆրանսայի խորհրդարանի օրինագիծի վաւերացումի իրակա՛ն նպաստը՝ թրքական ընկերութեան մէջ է որ կþարձագանգէ, երկրէն ներս խօսքի ազատութեան եւ եւրոպական յանձնառութիւններու սկզբունքները յառաջ քշելով։
Համայն աշխարհի մէջ 2011ը յեղափոխական տարի մըն էր, որ իր յեղաշրջումները բերաւ տարբեր երկիրներու մէջ։ Նոյնիսկ եթէ ¥արաբական, յունական, ամերիկեան ցուցարարներու բողոքներով¤ «գարուն»ները իրենց կատարեալ աւարտին չհասան, այսուհանդերձ աւելի արդար եւ ուղղամիտ ընկերութիւններու յոյսը ներշնչեցին մարդոց մէջ։ Թրքական ընկերութիւնը ծարաւը ունի այս յոյսին, որու առաջին քայլը պիտի ըլլայ իր սեփական պատմութեան ընդունումը։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ