Ազգային զօրաշարժ՝
մեր առջեւ ցցուող մարտահրաւէրները
դիմագրաւելու ճիշդ դեղատոմսը
Տարեփակի պահն է ու, ըստ սովորութեան, ազգային մեր հաշուեյարդարը կը կատարենք տասը օր առաջ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի վաւերացման խանդավառող ազդեցութեան տակ։
Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճանապարհին՝ 2011ը երկու փայլուն ու նշանակալից յաղթանակներով կը հասնի իր աւարտին. մէկը Թուրքիան խուճապի մատնած Ֆրանսայի խոր- հրդարանին վերջին որոշումն է, իսկ երկրորդը՝ Ամերիկեան Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած եւ Թուրքիոյ պետութեան բռնի սեփականացուցած համայնքապատկան կալուածները իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու մասին նորահաստատ բանաձեւն է։
Երկու նշանակալից յաղթանակներ, որ եկան թարմ շունչ տալու հայութեան պահանջատիրական պայքարին, մանաւանդ պահու մը, երբ Թուրքիա կը փորձէ ազդեցիկ դերակատարութիւն վերցնել միջազգային ընտանիքէն ներս, կողքին ունենալով Ատրպէյճանը եւ անկէ հնչող ռազմապաշտ սպառնալիքներն ու առօրեայ զինեալ բախումները Ղարաբաղի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ։
Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց 20ամեակի նշման խորհրդանշական տարին այս ոգեւորիչ ձեռքբերումներով հասաւ իր աւարտին, միջազգային ընտանիքին կողմէ Թուրքիոյ ուղղուած ուսանելի դասերով։ Կը մնայ տեսնել, թէ եկող տարիներուն հայութեան հաւաքական ուժը ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ օգտագործել ստեղծուած դրական մթնոլորտը եւ քայլեր յառաջ նետել, նոր մակարդակներու բարձրացնելով ազգային մեր պահանջատիրութիւնը բոլոր մարզերու մէջ։
Միաժամանակ կարելի չէ անտեսել 20ամեայ մեր հանրապետութեան ստացած ու կիսաւարտ մնացած յանձնարարականները։ Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային մարզերէն ներս կիրարկուող քաղաքականութիւնը հեռու է արդիւնաւէտ ու փափաքելին ըլլալէ.- Ահազանգ հնչեցող արտագաղթի ցուցանիշներ, աղքատութիւն, գործազուրկ զանգուածներ, յամեցող ստուերային ու խաթարուած կառավարման բացասական երեւոյթներ։ Եւ այս բոլորը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստան իր հերթին կը դիմագրաւէ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները՝ այն բոլոր երեսներով, որ համահաւասար են երկրագունդի բոլոր մարդոց եւ երկիրներուն համար։
Ընդհանրականին կողքին ուրոյն դժուարութեանց մատնուած են Սփիւռքի հայ գաղութները, իսկ խօսքը մասնաւորելով որոշապէս մեր պարագային, նշենք, որ հրաժեշտ կու տանք տնտեսական ճգնաժամով յատկանշուած խստագոյն տարուան մը՝ աննախադէպ տնտեսական ճգնաժամի մը հազիւ առաջին հանգրուանը բոլորած ըլլալով։ Յունաստանի պետական համակարգը ընդհանուր փլուզման պատկեր մը կը պարզէ։ Երկրի ներքին համակարգը, արտաքին քաղաքականութիւնը, կրթական ու հասարակական կառոյցները տապալած վիճակի մէջ են։
Որքան ալ Նոր Տարուան գալուստը աւանդաբար լաւատեսութիւն ներշնչող ըլլայ, տարեփակի հաշուեկշռին մէջ իրատեսօրէն պէտք է արձանագրել, որ Յունաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները մեծ մասով կը յամենան, անլուծելի հարցերը բազմացած են եւ յաւելեալ բարդութիւններ դիմագրաւելու մտավախութիւնը կը խառնեն նոր տարին ողջունելու բնական խանդավառութեան։
Financial Times թերթին մէջ վերջերս տուած իր հարցազրոյցին մէջ, հռչակաւոր տնտեսագէտ Ն. Ռուպինի խօսեցաւ եկող տարուան վերաբերեալ իր նախատեսութեանց մասին՝ նկատել տալով, թէ «տնտեսական ճգնաժամի մեծ փոթորիկը պիտի դիմագրաւենք 2012ին»: Անմիջապէս ըսենք, որ... դժբախտաբար, Ռուպինի միշտ հաւաստի տեղեկութիւններ կամ գնահատումներ փոխանցող անձ եղած է, եւ այս անգամ խօսք կÿընէ Ատլանտեան ովկիանոսի երկու ափերուն վրայ ալ սաստկացման միտում ցոյց տուող ճգնաժամի մասին, որ թէ՛ Եւրոպան, թէ՛ Ամերիկան սնանկացման պիտի առաջնորդէ:
Այս ամէնուն հետ՝ յունահայ գաղութը ունի նաեւ իր ինքնուրոյն հոգերն ու դժուարութիւնները, որոնց դէմ յանդիման պիտի գտնուի նոր տարեշրջանի սկիզբէն իսկ։ Մեր կառոյցները պահպանելու, մեր համայնքի ողնասիւնը կազմող կռուանները, յատկապէս հայ դպրոցը ամրացնելու մարտահրաւէրին առջեւ ենք։ Տնտեսական տագնապը իր սուր անդրադարձները զգալի դարձուցած է ազգային մեր կեանքէն ներս, լուրջ դժուարութեան մատնելով նախ եւ առաջ կրթական մեր համակարգը։ Յունաստանի պետութենէն իւրաքանչիւր տարի գանձուող գումարները, որ կþապահովէին հայ ուսուցիչներու վճարումները, այս տարի չփոխանցուեցան։ Կրթական եւ տնտեսական նախարարութիւնները կիսաբերան կը խոստովանին ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահելու իրենց դժուարութեան մասին։ Բայց կառավարական այդ ապիկարութեան հետեւանքով, իբրեւ գաղութ մեր վերապրումի ու գո- յատեւման կարեւորագոյն երաշխիքը՝ հայ դպրոցը լուրջ վտանգի դէմ յան- դիման կը գտնուի։
Տարեփակի մեր հաշուեյարդարին ծանրութեան կեդրոնը ճիշդ ա՛յս ճգնաժամին իր բոլոր ծալքերով եւ մտահոգիչ տարողութեամբ ընկալումն է, որպէսզի համապատասխան ուժեղ եւ ազդու կերպով դիմագրաւենք մարտահրաւէրը եւ լուծումներ բերենք հաւաքական զօրաշարժով։
Տեղի տալ՝ կարելի չէ։
Պարտաւոր ենք գտնելու ճիշդ դեղատոմսը եւ դիմելու ազգային զօրաշարժի, վճռակամութեամբ վերահաստատելով մեր բոլորին յանձնառութիւնը՝ պահպանելու մեր ազգային բոլոր կառոյցները, անխտի՛ր։
Մեր պապերէն մեզի փոխանցուած կուռ գաղութի գործունէութիւնը, իր աշխոյժ միութենական կեանքով, իր կալուածներով, դպրոցներով, եկեղեցիներով, թերթով ու ակմբային կեանքով՝ պէտք է պահպանուի լրջագոյն յանձնառութեան ոգիով։
Ազգային զօրաշարժով ի վիճակի ենք երաշխաւորելու մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնն ու ազգային դիմագիծը։