- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
(Ուսուցչիս՝ Հայկազ Թրթռեանին)
Մարմրող արեւը իր ճառագայթէ փէշը հաւաքելով կը պատրաստուի մտնելու ծիրանի գոյն հագած հորիզոնին գիրկը: Համատարած խաղաղութիւն մը կը պարուրէ շրջապատը: Պահը այնպիսին է, որ մարդ ինքնաբերաբար իր վրայէն կը թօթափէ առօրեայ մտմտուքները եւ կ’ամփոփուի ինքզինքին մէջ, կը յանձնուի ներկային:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Չսկսուած օրուայ ծոյլ լռութիւնը ճաքում է շէնքի մուտքից տունս ներխուժած աղմուկ-բղաւոցից: Լարում եմ լսողութիւնս ու երկրորդ վայրկեանին հասկանում, որ վերի յարկի միջանցքում կռիւ, հրմշտոց է: «Ես կազը չեմ վառել, չգիտեմ… ազնիւ խօսք, շորերով եմ քնել, չգիտեմ… ամօթ ա, խայտառակ եղանք… ինչ տուել էք, էն եմ կերել… սառնարանը չեմ բացել… պապ, սուս…, խայտառակ եղանք… ձենդ, սուս…»:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Յունահայ ազգային մեր վարժարաններէն ներս երկու տարի առաջ սկսած տնտեսական լուրջ տագնապը իր տխուր երեսը դարձեալ ցոյց կուտայ մեզի: Երկրի տնտեսական ճնշուած վիճակը, ինչպէս նաեւ յունական պետութեան կողմէ ուսուցիչներու ամսական վճարումներու մեծ մասի մը դադրեցումը, իրենց անմիջական հետեւանքները կ'ունենան մեր դպրոցներու մատակարարման մէջ:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ամէն գրող պատասխանատու է ո՛չ թէ միայն իր արտայայտած գաղափարէն ու խօսած նիւթէն, այլ նաեւ իր գործածած լեզուէն։ Ա՛յս է գրականութեան ոգին։ Բան մը ըսել, բայց այդ բանը ըսել ամենագեղեցիկ ձեւով։ Այդ բանը ըսել իր լեզուին հարստութիւնն ու շքեղութիւնը զօրաշարժի ենթարկելով։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Գրական-գրականագիտական մարզերէն ներս՝ ամէնէն մեծ նահանջը կը ճանչնայ բանագիտութեան ուսումնասիրութեան՝ երկարամեայ տոկունութիւն եւ յամառութիւն պահանջող ազգագրական գիտահետազօտութեան աշխատանքը։ Իսկ անոր մասնագիտական ստուգաբանութիւնն ու բնութագրումը դժուարին, անբարենպաստ ու ապերախտ գործ է։