Ամէն գրող պատասխանատու է ո՛չ թէ միայն իր արտայայտած գաղափարէն ու խօսած նիւթէն, այլ նաեւ իր գործածած լեզուէն։ Ա՛յս է գրականութեան ոգին։ Բան մը ըսել, բայց այդ բանը ըսել ամենագեղեցիկ ձեւով։ Այդ բանը ըսել իր լեզուին հարստութիւնն ու շքեղութիւնը զօրաշարժի ենթարկելով։

Այո՛, ամէն գրող պատասխանատու է իր գործածած լեզուէն։ Եւ ես հիմա, վերադառնալով հայոց լեզուի բառարանի իմ պտոյտիս, պահ մը խորին պատասխանատուութեամբ պիտի բռնեմ այս «պատասխանատու» բառին օձիքէն։ Քիչ մը երկար, բայց բարոյական բարձր իմաստով գեղեցիկ բառ է «պատասխանատու»ն։ Ես լեզուագէտ չեմ, բայց բոլոր ընթերցողներուս նման ես ալ գիտեմ որ այս բառը շինուած է «պատասխան» բառով եւ «տու» յետադաս մասնիկով։
«Պատասխան»ը գիտենք, իսկ այդ «տու» յետասդաս մասնիկը ի՞նչ է։ Դժուար չէ ենթադրել որ այդ «տու» մասնիկը արմատն է «տալ» կամ «տուող» բառին։ Պատասխանատու կը նշանակէ պատասխան տուող, պատասխան տալու պարտաւոր։ Այսպէս անմիջապէս կրնանք շարել բազմաթիւ բառեր՝ գործածական ու հրաշագործ։
Ահա «Նուիրատու» բառը։ Նուէր տուող։ Նուիրատուութիւն ընող։ Մեր ազգը լեցուն է «նուիրատու» մարդոցմով։ Բայց համրենք ուրիշ «տու»եր ալ։ «Կենսատու» (կեանք տուող), «Լուսատու» (լոյս տուող)։ «Յուսատու» (յոյս տուող, յոյս ներշնչող)։ «Հաշուետու» (հաշիւ տուող)։ «Խորհրդատու» (խորհուրդ տուող)։ «Խրատատու» (խրատ տուող)։
Շատ ալ մեր միտքը յոգնեցնելու պէտք չունինք որպէսզի գտնենք «տու» մասնիկով կեանքի կոչուած ուրիշ բառեր։ Եթէ մեր պարտէզները խնամուած են, այդ պարտէզներուն մէջ ունինք «Պտղատու» ծառեր։ Եթէ գանձապահ ենք կամ որեւէ հաշիւէ պատասխանատու մարդ ենք, ուրեմն նաեւ «համարատու» ենք, պարտաւոր ենք հաշիւ տալու։ Անկէ անդին, նաեւ «հարկատու» ենք, այսինքն պարտաւոր ենք մեր ապրած երկրի օրէնքներուն համաձայն եւ մեր շահած գումարներուն վրայէն տուրք վճարել։ Ի՛նչ ընենք, երբեմն մեզի ծանօթ բարեկամ մը դրամական նեղ կացութեան կը մատնուի ու մեզմէ փոխ դրամ կը խնդրէ։ Ան մեզ կը ստիպէ որ «փոխատու» դառնանք, փոխ տանք։ Երբեմն ալ մեր սիրածներէն մէկուն համար կ'ունենանք լաւ լուր մը աւետելու առիթը, երջանիկօրէն կը դառնանք «Աւետա-տու»։
Բնաւ կասկած չունենանք որ բոլոր այս բառերը կան բառարաններուն մէջ։ Եւ արդէն բառարանները «Ձեռնտու» են որպէսզի փարատեն մեր կասկածները կամ մեզի սորվեցնեն նոր բան ու գիտելիք։ Իսկ այն թերթերը զորս մեզի նման խմբագիրները կը հրատարակեն ու ընթերցողները կը կարդան, անխտիր «լրատու» են, լուրեր տալու պարտականութիւնը ստանձնած են։ Եւ մենք ալ, շատերու նման, շատ կ'ուրախանանք երբ յանկարծ կը յայտնուի «Պարգեւատու» մը, որ պարգեւով մը մեզ պիտի վարձատրէ մեր ծառայութեան փոխարէն։
Թերեւս «տու» յետադաս մասնիկով վերջացող բառերը այսքան են պայմանաւ որ իորպէս վերջին բառ յիշենք «մուրատատու» բառը։ Այս բառը աւելի շատ գաղափարական գեղեցկութիւն ունի, քան թէ բառական։ Մենք, այն օրէն ասդին երբ ժամադրուեցանք մեր ազգային ինքնութեան հետ, շատ յաճախ իմացանք Մշոյ «Մուրատատու» Ս. Կարապետ եկեղեցիին մասին։ «Մուրատատու»։ Մուրատ բառը անշուշտ զուտ հայկական չէ, բայց մենք հարիւր տոկոս հայկական հայկական կը նկատենք այս «Մուրատատու» բառը, որ մեր ուխտը կþիրականացնէ, մեր փափաքներուն համար բարեխօս կ'ըլլայ, մեզի երջանկութիւն կը պարգեւէ։ Մալխասեան բառարանը չունի այս «Մուրատատու» բառը, բայց ունի «Մուրազատու» բառը։ Անոր աչքին, ուրեմն, բառը «Մուրատ» չէ, այլ «Մուրազ» է։ Սխալ չէ։ Մեր բարի գրականութիւնը յաճախ խօսած է «Մուրազ»ի մասին, ոչ թէ «Մուրատ»ի։
Իսկ ես, ամէն անգամ որ կþարտասանուի «Մուրատ» բառը, կը տարուիմ անձնական յիշատակէ մը։ Երիտասարդ տարիքէս սկսեալ, երբ ինկայ գիրի ու մանաւանդ գիրքի պաշտամունքին մէջ, ամէնէն ուժեղ երազս եղաւ օր մը տիրանալ տպարանի մը։ Ա՜խ, եթէ տպարան մը ունենայի, պիտի կարենայի տպել ինչ գիրք որ պիտի ուզէի։ Ասիկա կեանքիս «մուրատ»ն էր։ Եւ երբ օր մը հրաշքը պատահեցաւ ու առիթը ունեցայ տպարան մը հիմնելու, անվարան զայն կոչեցի «Մուրատ» տպարան։
Եթէ հայերէն լեզուի ուսուցիչ մը ըլլայի...
Օ՜, յանկարծ կարծես հրաշքով կը յիշեմ ուրիշ բառ մըն ալ զոր մոռցած էի։ Ուսուցիչ բառին հոմանիշն է ան՝ «Դասատու»։ Դաս տուող։
Է՜հ, այո՛, եթէ հայերէն լեզուի «Դասատու» մը ըլլայի, աշակերտներուս սիրով ու համբերութեամբ պիտի պատմէի այս «տու» յետադաս մասնիկով շինուած բառերուն մասին եւ սակայն պիտի զգուշացնէի.
-Տղաք, չըլլա՛յ որ ասոնց հետ շփոթէք «Հատու», «Կատու», «Առտու», «Ուրարտու» բառերուն հետ, որոնց մէջի «տու»ն մեր վերեւ յիշածներուն հետ կապ չունի։ Այս «տու»ն ուրիշ «տու» է։
Թերեւս ուշիմ աշակերտ մը պիտի հարցնէր.
-Պարոն, եթէ «տու»ն տալ բառով շինուած է. «Առնել» բառով շինուած բառեր չունի՞նք։
-Ապրիս, պիտի պատասխանէի։ Հարկաւ ունինք։ Բայց շատ չեն։ «Հոգէ«առ»։ Գր«առ»ում։ Փոխ«առ»ութիւն։ Պաղ«առ»ութիւն։ Ուրիշներ կա՞ն։ Կը դժուարանանք գտնելու։ «Տու»երը աւելի շատ են քան «առ»երը։ Արդեօք «տալը» «առնել»էն աւելի՞ շատ կը սիրենք։

Ռ. Հ.
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.