Անցեալ տարուայ ամրան ընթացքին Յունաստանի հայկական վարժարաններու ուսուցչուհիներ մասնակցութիւն բերին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած հայակրթական - մանկավարժական ծրագրին, փորձառութիւն եւ հետաքրքրական գիտելիքներ ձեռք բերելով հայրենի հողին վրայ:

Ստորեւ կը հրատարակենք Ֆիքսի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Վիկտորիա Մաղաքեանի գրութիւնը, տուեալ ծրագրի իր մասնակցութեան առիթով:

 

Մեծ ուրախութեամբ ստացայ Հ. Հ. Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ դիմումնագիրիս դրական պատասխանը որ կուտար ինծի հնարաւորութիւնը հետեւելու հայակրթական-մանկավարժական, ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներու։ Միաժամանակ, շատ բախտաւոր ու երջանիկ կը զգայի ինքզինքս, որ առիթը պիտի ունենայի հայրենիքիս մէջ ապրելու լման ամսուայ մը համար եւ վայելելու իր գեղեցկութիւնները։

Յունիս 30-ին սկսաւ այցելութիւնս դէպի մայր հայրենիք։ Այս կրթական եւ հայագիտական ճանապարհին կþընկերակցէր ինծի Աթէնքէն պաշտօնակից օրիորդ Սօսի Գարապաճաքեանը, որու հետ սենեակակից եղանք 2-րդ Մասիսի Գոլէճի մօտ գտնուող հանրակացարաններուն մէջ, ուր հիւրասիրուեցանք Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։ Վերապատրաստման դասընթացքներու պատասխանատուներուն ջերմ ընդունելութենէն ետք մեզի տրուեցաւ դասացուցակը եւ բացայայտ եղաւ թէ որքան օգտաւէտ պիտի ըլլար այս ամիսը։ Մեր ամէնօրեայ 6 ժամուայ կրթական ծրագիրը կը բաղկանար հետեւեալ դասընթացքներէն՝ գրավարժութեան մեթոտներ, կարդալու կարողութեան զարգացում եւ ընթերցողական հմտութիւններու ձեւաւորում, խօսքի զարգացման մեթոտներ, կերպարուեստի դասաւանդման մեթոտներ, երաժշտութեան եւ պարի դասաւանդման մեթոտներ, նախադպրոցական խաղերու եւ հանդէսներու կազմակերպման մեթոտներ, հոգեբանութիւն եւ մանկավարժութիւն, մանկական գրականութիւն։

Նաեւ, Սփիւռքի նախարարութիւնը մեզի մատակարարեց գիրքերով, նօթագրութիւններով եւ զանազան անհրաժեշտ դաստիարակչական առարկաներով։ Հարուստ մթերքով մը, որ մեր ուսուցչական ասպարէզին մէջ օգտակար պիտի դառնայ։

Դասընթացքներուն կողքին ծրագրուած էին դաստիարակչական այցելութիւններ դէպի Հայաստանի զանազան տեսարժան վայրերը, ինչպէս Բիւրական, Ամբերդ, Նորավանք, Գառնիի տաճար, Խոր Վիրապ, Էջմիածին, Ծիծեռնակաբերդ, Յաղարծին, Յովհ. Թումանեանի թանգարան, Ազգային պատկերասրահ, Սեւանայ Լիճ, Օշական եւ Մատենադարան։

Իբրեւ սփիւռքահայ եւ մանաւանդ իբրեւ հայ ուսուցչուհի կան երկու այցելութիւններ որ իսկապէս խոր հետքեր ձգեցին հոգիիս մէջ։ Առաջինը, դէպի Համազգայինի Պետական թատրոնը ուր դիտեցինք յատկանշական բեմադրութիւնը որ կը կոչուէր «44 աստիճանի վրայ»։ Նիւթ ունէր գիւղ մը որ կամաց-կամաց կ'ամայանայ, կը պարպուի իր բնակիչներէն, որոնք կ'առնեն արտագաղթի ճամբան աւելի լաւ ապագայի որոնումով, օտար ափերու վրայ։ Գիւղի վերջին մնացորդ զոյգը, երկմտութեան մէջ գտնուելէ ետք, կ'որոշէ մնալ տալով ուժեղ պատգամը, թէ պէտք չէ լքել մեր հայրենիքը։

Իսկ երկրորդը, դէպի պետական մանկապարտէզ մը որ արժանացած էր լաւագոյն մանկապարտէզի պետական մրցանակին։ Այս այցելութիւնը իբրեւ փորձառութիւն կրնամ համարժէք նկատել մեր օգտաշատ դասընթացքներուն հետ։ Հոն առիթը ունեցայ մօտէն հետեւելու Հայաստանի մանկապարտէզներու որդեգրած կրթական ծրագիրին եւ ուսուցման դասաձեւին։ Մեծ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի շփումը երեխաներուն հետ որ մեր առջեւ հպարտութեամբ ներկայացուցին իրենց աշխատանքները։ Ուրախութեամբ ընդունեցին մեր հիացումի եւ քաջալերանքի ժպիտներն ու ծափահարութիւնները ինչպէս նաեւ մեր մասնակցութիւնը իրենց խաղերուն, պարերուն ու երգերուն։ Երանելի էին այս երեխաները որ բախտը ունէին ծնելու եւ ապրելու իրենց հայրենիքին մէջ եւ հաղորդակցելու իրենց սեփական մայրենի լեզուով։

Վերապատրաստման ծրագիրը շարժառիթը եղաւ որ 45 մասնակիցները որոնք կու գային արտասահմանի զանազան երկիրներէ, ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Պարսկաստան, Վրաստան, Ռուսաստան, Սուրիա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Գերմանիա եւայլն, իրարու մօտ գան հիմնելով սերտ բարեկամական  կապեր։ Բոլորս ալ նոյն ազգի զաւակներն էինք եւ բոլորս ալ նոյն վսեմ դիտումը ունէինք, իբրեւ հայ ուսուցիչ մեր գաղութներու պաշտօնավարած դպրոցներէն ներս, մայրենի լեզուին ու ազգային մշակոյթին պահպանման ու գոյատեւման պայքարը տանիլ։

Նոյնպէս, խումբի պատասխանատուները սրտաբացօրէն մօտեցան մեզի ստեղծելով ջերմ մթնոլորտ մը եւ ցուցաբերեցին մեզի, բոլորիս պարծանք պատճառող հայու վեհ ու հիւրասէր նկարագիրը։ Միասնաբար պատասխանատուներ եւ մասնակիցներ զօրաւոր խումբ մը կազմած էին։ Այս ստեղծուած մտերմութեան պզտիկ մէկ նմոյշը յայտնուեցաւ երբ տարեդարձիս առթիւ, խումբի անդամները կազմակերպեցին շքեղ խնճոյք մը, որ հաճելի անակնկալ մըն էր ինծի համար։

Դասերէն ետք, երբ ազատ էինք, Սօսին եւ ես, առիթը կ’օգտագործէինք եւ կþիջնէինք քաղաքի կեդրոնը որպէսզի ուսումնասիրենք քաղաքը եւ ծանօթանանք մեր հայրենակիցներուն ապրելակերպին։ Պտըտինք իր ճամբաներուն եւ լայն պողոտաներուն մէջ։ Տեսնենք իր սքանչելի հրապարակներն ու ցայտաղբիւրները։ Ի՜նչ աղուոր կը հնչէր հայկական լեզուն ամէն կողմէ։ Ճամբաներուն, խանութներուն, եկեղեցիներուն եւ տուներուն մէջէն։ Ի՜նչ աղուոր էր կարդալ հայկական գիրերով, հայկական խանութներու եւ ճամբաներու անուններ։ Ի՜նչ աղուոր էր գտնուիլ նշանաւոր հրապարակներու մէջ եւ մասնակից դառնալ մեր հայրենակիցներուն հետ զանազան տօներու եւ ձեռնարկներու, ինչպէս՝ Վարդավառ, Սահմանադրութեան օր, համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերու բացում եւ Լիզպոնի տղոց յիշատակին նուիրուած մոմավառութիւն։

Փակելէ առաջ, պիտի ուզէի խոստովանիլ թէ իբրեւ գանձ կը պահեմ մէջս յուզումի խոր զգացումները, երբ մօտէն տեսայ վայրեր որոնց մասին լսած ու կարդացած էի փոքր հասակէս։ Եւ միշտ տենչը ունէի այցելելու։ Հիացմունքս երբ Խոր Վիրապ գտնուեցանք եւ առիթը ունեցանք տեսնելու Արարատի կենդանի պատկերը այդքան մօտէն։ Ինչպէս նաեւ հրապուրիչ եւ հրեշտակային մթնոլորտը, որ ստեղծեց շարականներու քառաձայն երգեցողութիւնը, երբ ներկայ գտնուեցանք Էջմիածնի Սուրբ պատարագին եւ արժանացանք Սուրբ հաղորդութեան։ Նոյնպէս, մեր յուզումը որ հասաւ իր գագաթնակէտին երբ քալեցինք Ծիծեռնակաբերդի հսկայական պատին կողքին եւ հասնելով անշէջ կրակին առջեւ, միասնաբար, դասընթացքներու պատասխանատուներ եւ մասնակիցներ, երգեցինք «Հայր Մեր»ն ու «Տէր Ողորմեա»ն կարծես իբրեւ հոգեհանգիստ մեր անհամար նահատակներու հոգիներուն։ Այս զօրաւոր ապրումներու գանձը պիտի ուզէի նոյնքան ուժեղ՝ փոխանցել իմ աշակերտներուս։

Վերապատրաստման ծրագիրը որ շատ հետաքրքրական ու արդիւնաբեր էր, ամբողջացաւ Յուլիս 30-ին երբ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը։

Վերադարձանք Աթէնք այն զգացումով թէ հայրենիքը մեր տունն է եւ միշտ մեզի կը սպասէ, ինչպէս մայր մը միշտ գրկաբաց պատրաստ է ընդունելու իրմէ հեռացած բայց երբեք չի մոռցած պանդուխտ զաւակները: Նոյն անշահախնդրութեամբ մայր հայրենիքը միշտ կը ջանայ մեզի շնորհել հոգեկան եւ կրթական պաշարը որպէսզի օգտակար դառնայ սփիւռքի դպրոցներուն։

 

Վիքթորիա Մաղաքեան