1866ին հայր Արսէն Այտընեան նկատել կու տար, թէ արեւմըտահայը չի յաջողիր ճիշդ կիրարկել կարենալ բայը, երբ այս վերջինին վրայ կու գայ աւելնալու երկրորդ բայ մը, այսինքն սապիսիները՝ կարենալ գրել, կարենալ յաղթել, կարենալ լուծել եւ այլն: Այսպիսի երկբաղադրիչ բայերը հայերէնի մէջ կը կոչուին «յարադրական բայեր», որոնց մէջ գլխաւոր կամ գերադաս բային վրայ աւելցող բաղադրիչը կը կոչուի յարադրեալ. գրել, յաղթել, լուծել յարադրեալներ են:

Միացեալ Նահանգներու «Քոլկէյթ» համալսարանի բանասիրական գիտութիւններու փրոֆեսէօր Փիթըր Պալաքեան վերջերս գրած էր վերլուծական յօդուած մը՝ հետեւեալ վերնագիրով. «Խզուած կապ. հայկական գործարար համայնքը եւ մշակոյթի   կերտումը»:
Պալաքեան իր յօդուածին մէջ ափսոսանք կը յայտնէ, որ ամերիկահայ համայնքը չյաջողեցաւ աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան  վերաբերող

Հայրենիքի պաշտպա- նութեան համար պետու-թիւններ կը մշակեն ազգային ռազմավարութիւն եւ կը կազմեն բանակ՝ ատոնց ի սպաս դնելով սեփական երկրի կարելիութեանց կարեւորագոյն տոկոսը, մարդկային թէ տնտեսական:

28 Յունուար 2014: Հայաստան աշխարհ տօնեց հայոց բանակին հիմնադրութեան 22-րդ տարեդարձը՝ ամենայն շքեղութեամբ: Սփիւռքահայերս հետեւեցանք հայրենի պատկերասփիւռէն այս փառահեղ իրագործման ի պատիւ ներկայացուած տօնահանդէսին:

Այս տարի Արժանթինը կը նշէ զինուորական բռնատիրութեան աւարտի եւ ժողովրդավար կարգերու հաստատման երեսունամեակը: