- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
(Պետրոս Ալահայտոյեանի «Բալուի եւ Տարածաշրջանի Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ» երկին առթիւ, Դրազարկ հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, 2009)
Տարեփակի օրերուն մօտ էր որ, ընտանեկան հարազատի մը ձեռքէն, ստացայ շքեղ այս հատորը: Ստացայ եւ ընդունեցի՝ ամանորեան պերճ նուէրի մը պէս, անմիջապէս մտովի արձանագրելով նաեւ՝ աններելի յապաղումի մը փաստը:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն

Կարօ Քեշիշեանի լուսանկարներու ալպոմը
Երկար տարիներու փորձառու լուսանկարիչ Կարօ Քեշիշեանի լուսանկարներու հաւաքածոն հրատարակուած է գեղատիպ ալպոմի մը մէջ: Տուեալ հրատարակութիւնը կատարուած է Իտալիոյ մէջ իր գործերու առաջին ցուցադրութեան առիթով:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ո՞ւր է յաջողութիւնը
Համակրելի ծանօթ մը ունիմ, որ կէս կատակ, կէս լուրջ անցեալ օր ըսաւ ինծի.
- Ես յաջողած մարդ մըն եմ։
Մարդուն դէմքին վրայ եւ բառերուն մէջ գոհունակութեան ժպիտ մը կը փայլէր։ Իսկապէս ալ զինք կարելի էր «յաջողած» համարել, եթէ յաջողութիւն ըսելով պիտի հասկնանք գործի բարգաւաճ վիճակ եւ նիւթական հարստութիւն։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ծ.Խ.- Բառարանագէտ եւ շինարար Սեւան Նշանեան, Հինգշաբթի, Յունուար 2-էն ի վեր բանտարկուած է: Նշանեանի դէմ քաղաքական բնոյթի անհամար դատեր բացուած էին, բայց այս դատապարտումը եկած է Շիրինճէի մէջ առանց արտօնութեան կառուցուած տուներուն համար:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Կեդրոնականցին կը խօսի, բայց չի գրեր: Կարծէք՝ ես իր գրիչը ըլլայի: Տխմարներ կը ստորագրեն կամ կը կարդան ուրիշներու գրածները: