- Details
- Category: Յունական լուրեր
600 հոգի վիրաւոր
Աննախադէպ բռնութեան դէպքեր տեղի ունեցան երէկ ալ Աթէնքի կեդրոնէն ներս, Սինտաղմայի հրապարակի շրջակայքին, երբ ոստիկանական ջոկատները «թոներով» կազեր արձակեցին համախմբուած ժողովուրդին դէմ:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Երէկ կէսօրէ ետք սկսած բողոքի խաղաղ ցոյցերը՝ շուտով տարբեր բնոյթ ստացան, երբ խանգարիչ տարրեր բռնութեան դէպքերու դիմելով հրահրեցին կացութիւնը, Մոլոթոֆ ռումբեր արձակելով եւ ռազմական ճակատի վերածելով Աթէնքի կեդրոնը:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
48 ժամուան զանգուածային գործադուլով երկիրը կÿանդամալուծուի այսօր եւ վաղը, աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաներու կողմէ կազմակերպուած հաւաքներով եւ բողոքի ցոյցերով:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
...ըլլալով դարձեալ համախմբուեցան Սինտաղմայի հրապարակին վրայ «Վրդովածներու» շարժումին մասնակից քաղաքացիները: Խորհրդարանի շէնքին առջեւ հաւաքուելով՝ անոնք բողոքեցին պետական քաղաքականութեան դէմ, խոստանալով ներկայ ըլլալ 48 ժամուայ համահելլէնական գործադուլին:
Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն ընթացքին նախատեսուած գործադուլին պիտի մասնակցին աշխատաւորական բոլոր սենտիքաները:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
«Ուժը ժողովուրդի ձեռքին մէջ է» յունարէն-անգլերէն երկլեզու լոզունգով պաստառներ բարձրացուցին Աքրոփոլիսի ժայռին վրայ, համայնավար կուսակցութեան աշխատաւորական սենտիքայի անդամներ, առանց խանգարելու զբօսաշրջիկներու մուտքը հնադարեայ վայրէն ներս: Մամուլին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ ՓԱՄԷի անդամները դիտել կուտան, թէ խորհրդանշական այս քայլին դիմած են՝ հակառակութիւն յայտնելով տնտեսական ու հարկային նոր ծրագիրներուն: