
Երէկ կէսօրէ ետք սկսած բողոքի խաղաղ ցոյցերը՝ շուտով տարբեր բնոյթ ստացան, երբ խանգարիչ տարրեր բռնութեան դէպքերու դիմելով հրահրեցին կացութիւնը, Մոլոթոֆ ռումբեր արձակելով եւ ռազմական ճակատի վերածելով Աթէնքի կեդրոնը:
Ցոյցերուն մասնակից քաղաքացիները փորձեցին ետ մղել դիմակներ կրող մարդոց խումբերը, մինչ ոստիկանութիւնը քիմիական նիւթեր արձակելով փորձեց ցրուել ժողովուրդը: Բախումները շարունակուեցան մինչեւ այսօր առաւօտեան ժամերուն:
Հակառակ սակայն խանգարուած մթնոլորտին, ժողովուրդը չհեռացաւ Սինտաղմայի հրապարակէն, ուր 35րդ օրն ըլլալով կը շարունակուի խաղաղ համախմբումը: Մոլոթոֆներուն եւ քիմիական կազերուն դէմ կանգնեցան երիտասարդ քաղաքացիները, որոնք մարդկային շղթայ մը կազմելով փորձեցին ուժով դիմադրել խանգարիչ երեւոյթներուն:
Այսօր կը շարունակուի համահելլէնական գործադուլը, նոյնպէս՝ ժողովրդային ցոյցերն ու հաւաքները, ի տես հելլէն խորհրդարանէն ներս տնտեսական ծանր հետեւանքներ բերող օրինագիծի քուէարկութեան: